«Երկիր».-ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններուն նախաձեռնած հերթական ճամբարը 5 Ապրիլին մեկնարկած է Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ գիւղին մէջ:

2009 թուականէն սկսեալ պատանեկան ճամբարներ կազմակերպելու նպատակով ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան ափի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւներէն տասնեակ երիտասարդներ կ’այցելեն Արցախ եւ տարբեր համայնքներու երեխաներու համար երկշաբաթեայ անվճար հանգիստ կը կազմակերպեն:

Պատանեկան ճամբարներուն 9-16 տարեկան մասնակիցները երկշաբաթեայ ճամբարի ընթացքին շփում կ’ունենան սփիւռքէն ժամանած երիտասարդներուն հետ, որոնք տարբեր խմբակներու միջոցով իրենց գիտելիքները կը փոխանցեն արցախցի պատանիներուն:

Ճամբարներու նպատակը նոյնն է  Դաշնակցութեան Ուսանողական, Երիրտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններուն նպատակը, որ  մատաղ սերունդի մէջ սերմանել սէր դէպի հայրենիք, ազգասիրութիւն, արժէքներու դաւանանք, ազգային երգի, պարի ուսուցում, տարբեր խմբակներ, անգլերէնի դասընթացքներ, անվտանգութեան դասընթացքներ, առաջին բուժօգնութիւն եւ այլն: Կազմակերպուող ճամբարներուն կը կազմակերպուին մարզական եւ ներառական խաղեր: