«Արմէնփրէս».-Մոսկուայի մէջ  7 Ապրիլին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի քննարկեն երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան առնչուող հարցեր:

«Նախատեսուած է քննարկել ռուս-հայկական ռազմավարական գործընկերութեան եւ համագործակցութեան առնչուող գործնական հարցեր, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ ներգրաւուած միաւորումներուն միջեւ փոխգործակցութեան հեռանկարները», ըսուած է Քրէմլի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ Փութին-Փաշինեան հանդիպումին մասին յայտարարած էր նաեւ ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փէսքովը` յայտնելով, որ պիտի քննարկուի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ու եռակողմ փաստաթուղթի կեանքի կոչման ընթացքը, ինչպէս նաեւ հարցեր`  Անդրկովկասի երթեւեկային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի մէջ սկսած ընտրական գործընթացին, ռուս-հայկական գործակցութեան  հարցերուն հետ առնչուած: