Երկուշաբթի, 6 Ապրիլ 2021-ին Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պենզինի բաշխումի նոր միջոց պիտի որդեգրուի Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021-էն սկսեալ։ Իւրաքանչիւր անձ կրնայ «Way-in» ծրագիրին միջոցաւ պենզինի իր պահանջը ներկայացնել՝ տեղադրելով «smart card»-ին յատուկ թիւը, բջիջային հեռաձայնի թիւը, ինքնաշարժին թիւը եւ պենզինի կայանին անունը։ Այս գործողութեան հիման վրայ տեղադրուած բջիջային հեռաձայնի թիւին նամակ կը ստանայ, եւ առաւելագոյնը 24 ժամուան միջոցին պէտք է ուղղուի կայան եւ պենզին ստանայ։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ կարելի է պենզինի կայանը փոխել առաջին գնումէն ետք։ Նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ճշդուած ժամանակամիջոցը անցած ըլլալու եւ չօգտուելու պարագային, կարելի է անգամ մը եւս պահանջ ներկայացնել վերոյիշեալ ծրագիրին միջոցաւ։