6 Ապրիլին «Փաստարկ» ակումբին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսաւ.«Պատերազմի առաջին օրերէն մինչեւ վերջ, ինչպէս նաեւ` 9 Նոյեմբերի յայտարարութենէն վերջ, Հայաստանի այս իշխանութիւններուն լուրջ վերաբերող պետութիւն չկայ, որովհետեւ, երբ իշխանութիւնը կ’ըսէ` տարածաշրջանի մէջ որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, եւ մենք պէտք է մեր արտաքին քաղաքական ուղղութիւններուն մէջ սրբագրումներ մտցնենք, պարզ է, որ ուրիշները պէտք է ըսեն` սրբագրեցէք, ձեզի հետ վերջը կը խօսինք: Այնպէս չէ, որ տարածաշրջանի մէջ որոշողը Հայաստանն է, բայց արդէն տեսանելի է, որ տարածաշրջանի մէջ փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան ի հաշիւ Հայաստանի շահերուն»: Ըստ բանախօսին, այսօրուան իշխանութիւնները, որոնք պատերազմը տանուլ տուած են, պէտք չէ թշնամիին հետ խօսելու յաւակնութիւն ունենան, բայց շատ մեծ յաւակնութիւններ ունին: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին խօսքով` մեզի պէտք է այնպիսի իշխանութիւն, որ կարենայ երկիրը ներկայացնել եւ՛ դրացիներուն, եւ՛ միջազգային հանրութեան: «Ներկայ պայմաններուն այս իշխանութեամբ մեր երկիրը այլեւս դերակատար չէ տարածաշրջանի մէջ, նոյնիսկ որեւէ իմաստով իր հարցերուն մէջ դերակատար չէ: Եւ անհրաժեշտ է, որ այնպիսի իշխանութիւն ըլլայ, որ կարենայ շփուիլ թէ՛ դրացիներուն հետ`ըլլայ թշնամի, բարեկամ, թէ՛ միջազգային հանրութեան արժանապատիւ ձեւով ներկայացնէ երկիրը», ըսաւ ան: Երբ հարց տրուեցաւ, որ այլեւս անցեա՞լ են բանակցութիւնները Մինսքի խումբի, Մատրիտեան սկզբունքներու ձեւաչափով, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց` եթէ նայինք` Թուրքիան ու Ատրպէյճանը ինչ կ’ըսեն, այլեւս անցեալ են: «Բայց, եթէ նայինք` թէ երեք պետութիւնները` Ռուսիան, Ֆրանսան եւ ԱՄՆ-ն ինչ կ’ըսեն, ո՛չ, անցեալ չէ: Հիմա Մատրիտեան սկզբունքներ կոչուածը կրնայ որոշ չափով անցեալ ըլլալ, որովհետեւ որոշ փոփոխութիւններ արդէն տեղի ունեցած են` ոտնահարուած են որոշ սկզբունքներ, այսինքն` հարցը կարգաւորել խաղաղութեամբ, առանց ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման: Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան ուժ կիրառած են: Բայց երեքը ըսած են, որ սա հարցի կարգաւորում չէ, եւ հարցի կարգաւորումը բանակցութիւններով է: Այստեղ տարբերութիւնը քիչ մը Ռուսիոյ կեցուածքին մէջ է: Արցախի հարցը, մեր տեսանկիւնէն, Արցախի կարգավիճակի հարցն է, բայց այսօր ստեղծուած են այնպիսի պայմաններ, որ, բացի կարգավիճակէն, կայ նաեւ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու հարց, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանի հարց եւ մնացած` գերիներու վերադարձէն մինչեւ տեղահանուածներու իրաւունքներու վերականգնման, կեանքի կարելիութիւններ տալու հարցերը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամներուն հետ եւս լուրջ աշխատանք կայ: «Անվտանգութեան խորհուրդը պատերազմի ընթացքին երկու անգամ դռնփակ քննարկեց Արցախի հարցը, եւ երկրորդ անգամ կ’ակնկալուէր, որ որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս գար, առնուազն` նախագահութեան անունով, բայց տեղի չունեցաւ: Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ վեթոյին պատճառով: Այսինքն` անհրաժեշտ է, որ այդ պետութիւններուն հետ աշխատանք տարուի: Որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, որ ԵԱՀԿ-ը այս հարցի կարգաւորման լիազօրութիւնը տուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին` Ատրպէյճանի կողմէն շատ սիրելի 1993 թուականի բանաձեւով: Բանակցութիւններու առիթ կայ, այնպէս չէ, որ ամէն ինչ վերջացած է: Բայց այս իշխանութիւնները չեն կրնար բանակցութիւններ վարել: Ամենաարժանապատիւ եւ հայրենասիրական քայլը պիտի ըլլար հեռանալը եւ երկիրը ձգելը այլ քաղաքական ուժերու, որոնք կրնան երկիրը դուրս բերել այս վիճակէն», ըսաւ ան: Կիրօ Մանոյեանի խօսքին համաձայն, ինք կը ներկայացնէ քաղաքական ուժ մը, որ պատմութեան ընթացքին նման փորձառութենէ անցած է: «Խօսքը կը վերաբերի 1920 թուականի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն, երբ օրուան իշխանութիւնը լաւագոյն լուծում համարեց իշխանութենէն իր հեռանալը` առիթ տալով այլ ուժերու», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: