Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Համայի արեւելեան արուարձանի Սալամիէ քաղաքին Զուէնա շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները յարձակում գործած են բնակչութեան վրայ, որուն հետեւանքով երկու զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ արձանագրուած են։ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ յարձակումի ընթացքին ՏԱՀԵՇ տասնեակէ աւելի բնակիչներ առեւանգած է։ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ յարձակում մը եւս գործած է Համայի արուարձանի Սաան քաղաքին բնակչութեան վրայ, որուն հետեւանքով քաղաքացի մը զոհուած, իսկ ուրիշներ առեւանգուած են։