Սեւան քաղաքի Սուրէն Զաքարեանի անուան մշակութային պալատի յարակից հրապարակին մէջ 6 Ապրիլին տեղի ունեցած է Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները պահանջած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը: Ընդդիմադիրները նախապէս յայտարարած էին, որ մինչեւ 22 Ապրիլ հանրապետութեան մարզերուն մէջ հանդիպումներ տեղի ունեցած են իրենց կողմնակիցներուն հետ, որմէ ետք ցոյցերը վերսկսած են մայրաքաղաքին մէջ: Առաջինը Սեւանի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքն է: Հանրահաւաքի ընթացքին ՀՅԴ կամաւորական շարժում կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, ազատամարտիկ Իկոր Սարգսեան ըսաւ, որ այսօր մեզի այստեղ բերած է հայրենիքի, մեր երկրի, մեր պետականութեան կորուստի վտանգը, եկած ենք այստեղ` խօսելու ճշմարտութեան մասին, եւ ցոյց տալու այն բանալին, որով կրնանք մեր երկիրը փրկել: «30 տարի առաջ ինծի համակած էր հայրենիքի պաշտպանութեան մղումը, պայքարեցանք յանուն հայրենիքի, Արցախէն մեզմէ խլուած որոշ չափը ետ բերինք, մեր մէջքը ուղղեցինք, հայու արժանապատուութիւնը պահեցինք, յաղթեցինք եւ փորձեցինք պետականութիւն ստեղծել: Սակայն 2018 թուականին եկաւ իշխանութիւն, որ քայլ առ քայլ ծրագրաւորուած կը փորձէ յանձնել մեր երկիրը թշնամիին, որ պատմութեան ընթացքին ձգտած է ոչնչացնել մեր տեսակը, մեր հող ու ջուրէն կտրած է մեր ժողովուրդը»,ընդգծեց ան: Իկոր Սարգսեան դիտել տուաւ, որ 2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ այսօրուան իշխանութիւնները կոչ կ’ուղղէին մերժելու փտածութիւնը, սակայն իրենք բերին փտածութիւն ու կաշառակերութիւն. «Անոնք եկան` քանդելու կրթութիւնը, դպրոցը, բանակը, հաւատքը եւ այսօր կը վերացնեն այն արժէքները, որ մեզի համար բարձրագոյնն է ընտանիքը, սեռային հաւասարութիւնը բերին, անորոշ սեռի գաղափարախօսութիւնը, եկած են թուրքին ծրագիրով: Հաւատացէք, իշխանութեան կռիւ չէ, հայրենիք կորսնցնելու խնդիր է, վտանգի մէջ ենք: Հայրենիքը կորսնցուցինք, մեր այս տեսակը պիտի կորսնցնենք»: Իր ելոյթով նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեան յայտարարեց, որ ինք կ'ուզէ պատմել, թէ ինչու կը խորշի Նիկոլ Փաշինեանէն. «Ինչո՞ւ բացայայտ կ'ըսեմ սատկի պրծինք: Ի վերջոյ կողքս նստած էր խորհրդարանին մէջ եւ 5 տարի հետը չէի խօսած: Ինչու կ’ըսենք` ինքը դաւաճան է: Մենք չենք ըսեր` անյաջող պատերազմ ունեցած է, կ’ըսենք` դաւաճան է: Որովհետեւ մենք բախտ ունէինք այդ պատերազմին չպարտուելու: Որովհետեւ առաջին օրը իրեն ըսուեցաւ` պայթեցուր Սարսանգը, վերցուր Մարտակերտի ռազմաճակատը: Հոն հեղեղ կ’ըլլար, եւ դուն զօրքերը տեղափոխէ հարաւային ճակատ, որովհետեւ հարաւէն թշնամին կու գայ: Սկիզբէն թշնամին զրահաճարտարագիտութեամբ կ’ուզէր գալ, 10-րդ օրը փոխեց, ներգրաւեց ԱԹՍ-ներով զարնելը: Մենք կ’ըսէինք Իսգանտերով զարնէ նաւթամուղ, կազամուղ պայթեցնէ, ինքը չես գիտեր ինչու կը զարնէր Գանձակի 5-յարկանի շէնքերը: Մենք կ’ըսէինք` աթոմակայանի թափօններ կան, իրենք չունին, լեցուր, կրակէ, ստեղծէ միջուկային զոնա, որ չկարենայ զօրքը գալ: Ոչինչ ըրաւ: «Ես այսօր պարտութեան բերումով չեմ խօսիր: Մենք ունեցած ենք հզօր բանակ, ու այսօր պարտաւոր ենք վերականգնելու հայկական հզօր բանակի համբաւը», յայտարարեց Սէյրան Օհանեան: Ան հաւաքուածներուն կոչ ուղղեց ծափահարելու ու ողջունելու բանակին մէջ ծառայութիւն կատարող իւրաքանչիւր զինուորի, հրամանատարի, սպայի: «Երբ բանակն ու ժողովուրդը միասին են, անոնք անպարտելի են», յայտարարեց Օհանեան` աւելցնելով, որ վերջին պատերազմին պարտութեան պատճառներէն մէկն էր, որ չկրցանք բանակին համար ամուր թիկունք ապահովել: Պաշտպանութեան նախկին նախարարին խօսքով, դժուար պահերուն միշտ բանակն ու ժողովուրդը միասնական եղած են, իսկ այս իշխանութիւններու օրօք այդ միասնականութեան գաղափարը ոչնչացուեցաւ, ջախջախուեցաւ: «Այս իշխանութիւններուն ոչ գրագէտ գործողութիւններուն հետեւանքով մենք չկցանք զօրաշարժի ենթարկել ողջ հայ ժողովուրդը, մեր բոլոր ուժերը Հայաստանի, Արցախի, մարզերուն մէջ, որպէսզի թիկունք կանգնինք մեր բանակին ու կարենանք յաղթական ելք ապահովել», ըսաւ ան: Հանրահաւաքին ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ իշխան Սաղաթէլեան եւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման ղեկավար Վազգէն Մանուկեան: Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքէն ետք` Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: