Սուրիոյ մէջ ծայր առաջ աւելի քան մէկ շաբթուան վառելանիւթի սուր տագնապէն ետք, Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլին, Սուրիոյ Քարիւղի Նախարարութիւնը յայտնեց, որ մէկ միլիոն տակառ քարիւղ տեղափոխող բեռնատար մը հասած է Պանիասի նաւահանգիստ:
Նախարարութեան թեքնիք պատասխանատուները սկսած են բեռները տեղափոխել Պանիասի քարիւղամշակման գործարան՝ քարիւղի վերամշակման եւ արդիւնահանման գործընթացը սկսելու համար: Գործարանը պիտի սկսի բանիլ եւ հնարաւորինս շուտ ամբողջացնել զտման եւ պենզինի, մազութի ու այլ վառելանիւթերու բաշխման աշխատանքը: