Հակառակ անոր որ քաղաքականութիւնը մարդու պատմութեան  զուգահեռ ընթացած է, առաջին իսկ օրերէն, սակայն անոր գիտական սահմանումը սկսած է յունական փիլիսոփայութեան ոսկեայ օրերէն, մասնաւորապէս Պղատոնի ու Արիստոտելի ստեղծագործութիւններուն միջոցով: Այդ օրերէն (մօտաւոր 550 Քա.) մինչեւ այսօր, քաղաքագիտութիւնը կը զարգանայ ու կը բարդանայ, կ’ընդլայնէ իր ուսումնասիրութեան դիտանկիւնը քաղաքական աշխարհի դէպքերու ու երեւոյթներու նկատմամբ, կը յառաջացնէ բացատրական տեսութիւններ, նոր ըմբռնումներով կը հոլովէ դէպքերը եւ կը պատահի որ կատարէ փորձեր, որոնք հաւանաբար իսկական փորձանքներու կ’առաջնորդեն:
Բոլոր յիշուածները կը կատարուին երկու նպատակ իրականացնելու համար.-
Առաջինը՝ որպէս սկզբնական քայլ բացատրութիւններ տալու պատահած դէպքերուն եւ ընդհանրացած երեւոյթներուն մասին, որոնց կը յաջորդեն գուշակութիւններ ապագայի իմաստով: Այս նպատակը կը ծառայէ մարդը հասկնալու ու ըմբռնելու ծարաւին, անոր ապագայ պահուածքները գիտնալու տենչին:
Երկրորդը՝ ստեղծելու աւելի առողջ ու պատշաճ քաղաքական մթնոլորտ մը, որ կը համապատասխանէ մարդոց քաղաքակրթութեան ու յառաջդիմութեան մակարդակին: Այս մէկն ալ կը ծառայէ կեանքը բարելաւելու ու բարգաւաճելու մարդուն մնայուն ցանկութեան:
Վստահութեամբ կրնամ ըսել, որ երկու նպատակներն ալ տակաւին անհասանելի են, փաստն ալ այն է, որ քաղաքագիտութիւնը իր բոլոր տեսութիւններով, վաստակաշատ մշակներով ու փորձառու վերլուծաբաններով կը տատամսի ստոյգ գնահատականներ տալ եւ կը դանդաղի ճշգրիտ ակնկալութիւններ ընել տարբեր նիւթերու շուրջ: Հետաքրքրական է քաղաքականութեան մէջ չնախատեսուած ու չըսպասուած դէպքերուն քանակը, իրականութեան մէջ, շատ ալ ընդհանրացած են նման դէպքեր, հակառակ ցարդ արձանագրուած գիտական զարգացումներուն, ինչ որ կը վկայէ քաղաքագիտութեան ու քաղաքագէտներու սահմանափակ կարողութիւններուն մասին:
Զարմանալի է նաեւ որ այսքան մարդկային յառաջխաղացքէ ետք, տակաւին ժողովուրդներ իրարու դէմ կը պատերազմին, կը մրցակցին ուժի, իշխանութեան եւ հանգամանքի համար, եւ որպէս հետեւանք, մարդիկ սովէ կը մահանան, արհաւիրքներէ կը տառապին, աներեւակայելի զրկանք կը կրեն ու մնայուն վտանգուած պայմաններու մէջ կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը, յար եւ նման նախաքաղաքակրթութեան օրերուն:
Յիշուածները ցուցանիշներ են, որ քաղաքագիտութիւնը տակաւին հեռու է իր փնտռտուքի ճանապարհը  հատած ըլլալէ։ Միեւնոյն ատեն անոնք բանաւոր պատճառներ են գիտութեան այս մարզին յաւելեալ հոգատարութիւն եւ ուշադրութիւն ցուցաբերելու, մանաւանդ մեզի համար, որպէս ազգ, որ ոչ կրցած է գիտութեան զարգացման գործընթացին որեւէ ներդրում ունենալ, ոչ ալ քաղաքականութեան արուեստին տիրապետել, որուն հետեւանքով ալ ապրած է եւ տակաւին կ’ապրի հերթական ձախողութիւններ ու պարտութիւններ:
Հայկ Պաթթալեան