Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2021-ի /114/ թուակիր հրամանագիրը, ըստ որուն Հալէպի ազատ առեւտուրի  շրջաններու ընդհանուր հաստատութեան ներդրողները 31 Դեկտեմբեր 2011-էն ի վեր իրենց կուտակուած տուրքերէն զերծ պիտի պահուին, ինչպէս նաեւ 2012-էն ի վեր հաստատութեան մասնաճիւղերուն մէջ դրամադիրները աւանդի տուրքէն զերծ պիտի պահուին։