28 Մարտին «Արապ Նիւզ» թերթը յօդուած մը հրապարակեց՝ «Սէուտցի հեղինակին գիրքը կը  բացայայտէ օսմանեան վայրագութիւնները Մետինէի մէջ» վերնագիրով։ Գիրքը գրած է պատմաբան Մուհամմէտ ալ Սէիտ, որ բացայայտած է օսմանեան վայրագութիւնները՝ իրագործուած 1918-ին, Սէուտական Արաբիոյ Մետինէ սուրբ քաղաքի մահմետական բնակչութեան դէմ, այն օրերուն, երբ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր:
Ալ Սէիտ իր «Սեֆերպերլիք. Մետինէի մէջ օսմանեան ոճրագործութենէն մէկ դար անց» գիրքին մէջ կը պատմէ օսմանեան հրամանատար Ֆախրի փաշայի կողմէ Մետինէի բնակչութեան տեղահանութեան եւ սպանութիւններուն քիչ  ծանօթ  պատմութիւնը: Քաղաքը կողոպտուած էր, իսկ սուրբ մասունքները՝ թալանուած, օսմանեան բանակի կողմէ:
«Արապ Նիւզ»ի յօդուածի հեղինակ, լրագրող Մուհամմէտ ալ Սուլամի իր գրութեան մէջ կը բացատրէ նաեւ, որ թէեւ որոշ պատմաբաններ կ’օգտագործեն թրքերէն եւ արաբերէն «Սեֆերպերլիք» բառը, որ կը նշանակէ զօրահաւաք կամ հաւաքական տեղահանութիւն, երբ խօսքը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, սակայն ինք այս եզրոյթը նաեւ կ’օգտագործէ Մետինէէն բնակչութեան զանգուածային տեղահանման անդրադառնալու համար եւ կը շարունակէ՝ ըսելով, որ Ֆախրի փաշան պաշարեց Մետինէն, երբ քաղաքը յարձակման ենթարկուեցաւ բրիտանական աջակացութիւն վայելող արաբ մարտիկներու կողմէ՝ Մեքքէի Շերիֆ Հիւսէյն պըն Ալիի գլխաւորութեամբ: Ֆախրի փաշա գնացքներու մէջ լեցուած 40 հազար մարդ արտաքսեց Մետինէէն դէպի այսօրուան Սուրիա, Թուրքիա եւ Իրաք՝ աքսորեալները յանձնելով բախտի քմահաճոյքին։ Մետինէի մէջ մնացին 140 բնակիչներ, որոնք կը տառապէին սովէ։
Աւելին, Օսմանեան բանակը Մուհամմէտ մարգարէի անձնական արժէքաւոր իրերը դուրս հանեց անոր սրբազան պալատէն եւ զանոնք Կոստանդնուպոլիս (Իսթանպուլ) տեղափոխեց: Ֆախրի փաշա Մարգարէին մզկիթը վերածեց զէնքի պահեստանոցի, այդպիսով նաեւ վտանգելով Մարգարէին գերեզմանը: Ֆախրի փաշա նաեւ քանդեց շատ շէնքեր, սովամահ ըրաւ Մետինէի մնացած բնակչութիւնը եւ գրաւեց անոնց ունեցուածքը, ինչպէս՝ ագարակներն ու բերքը՝ իր զինուորներուն համար սննդամթերք ապահովելով:
«Թալանուած գանձերը հասան Կոստանդնուպոլիս՝ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք եւ տարիներով կը ցուցադրուէին Թոփքափի թանգարանին մէջ», կ’ըսէ հեղինակ ալ Սէիտ։ «Արապ Նիւզ»ի յօդուածին մէջ կը բացատրուէր, որ գողցուած սուրբ մասունքները կը ներառէին «Գուրանի հին օրինակներ, զարդեր, ոսկեայ մոմակալներ եւ սուրեր: Բացի 390 նմուշներէ, (Թոփքափի) թանգարանի այցելուները կրնային տեսնել Մուհամէտ մարգարէի հետեւեալ ունեցուածքը՝ Օրհնեալ թիկնոցը, Սուրբ դրօշը, անոր սուրն ու աղեղը, սափորը, անոր ակռային մէկ կտորը եւ մօրուքէն մազեր»։
Ալ Սէիտ նաեւ կը յայտնէ, որ «Ֆախրի փաշա նոյնիսկ փորձած է գերեզմանէն դուրս բերել  Մուհամմէտ մարգարէի աճիւնը եւ զայն Կոստանդնուպոլիս ղրկել: Եգիպտացի ճարտարագէտ մը, որուն Մետինէ կանչած էին Մարգարէին մզկիթին մինարէները ձեւափոխելու համար, որպէսզի անոնք դիմանային օսմանեան հրետանիի ծանրութեան, պընդած է, որ իրեն  հրամայած են գերեզմանը բանալ, բայց ինք մերժած է։ Ֆախրի փաշա խնդրած է անոր օգնութիւնը՝ Մարգարէին աճիւնները կարենալ Կոստանդնուպոլիս տեղափոխելու համար՝ համաձայն Գահիրէի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչին գրած եւ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն յղած պատմական փաստաթուղթերու: Ֆրանսայի ներկայացուցիչը երաշխաւորած է քաղաքէն փախած եգիպտացի ճարտարագէտին ի նպաստ, ըսելով որ ան յանցանք չէ գործած՝ ասով իսկ հաստատելով, որ Մարգարէին աճիւնը իսկապէս կը գտնուէր քննարկուող գերեզմանին մէջ եւ թէ նպատակ կար անոր աճիւնը Կոստանդնուպոլիս տեղափոխել»:
Շարունակելով, ալ Սէիտ նոյն աղբիւրին կ’ըսէ, որ «Մետինէն սովի մատնած էին՝ անոր քաղաքացիները եւ որբ մանուկները ստիպելով, որ  ուտեն կատուներ, շուներ եւ այն, ինչ որ  մնացած էր ագարակներու եւ փողոցներու մէջ»:
Կարեւոր է նշել ալ Սէիտի այն ըսածը, թէ ինք գրած է Մետինէի մէջ իրագործուած Օսմանեան կայսրութեան վայրագութիւններուն մասին, «քանի որ կը  հաւատայ, որ ժամանակակից Թուրքիան կը փորձէ արդարացնել իր կայսերական անցեալը: Ան կը նախատեսէ իր գիրքը թարգմանել քանի մը լեզուներու՝ օսմանեան պատմութեան այս քիչ յայտնի երեսին մասին հանրային ծանօթութիւնը բարձրացնելու նպատակով»:
Ալ Սէիտ կ’աւելցնէ. «2015-ին ես յօդուած մը գրեցի այս ոճրագործութեան վրայէն 100 տարի անցած ըլլալուն մասին եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցի, որոնց մասին շատ քիչերը գիտէին: Յօդուածիս վերաբերեալ արձագանգները կը տատանէին տեղեկատուութենէն ցնցուած մարդոց եւ բնաւ չհաւատացողներու միջեւ՝ հաշուի առնելով հրատարակուած յօդուածիս դէմ թրքական գովազդը, որ կը փորձէր արդարացնել Օսմանեան կայսրութեան հրէշութիւնն ու արաբներու դէմ կատարած սարսափելի յանցագործութիւնները: Հանրութիւնը մոռացութեան մատնած է օսմանեան ոճրագործութիւնները։ Յօդուածէն ետք իրադարձութիւնը փաստագրելու գաղափար յառաջացաւ, որպէսզի պատմութիւնը չմոռնայ այս իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական պատմութեան միւս իրադարձութիւնները, մանաւանդ որ Սեֆերպերլիքը փաստող քանի մը պատմական աղբիւրներ կան օսմանեան, անգլիական եւ ֆրանսական արխիւներու մէջ։ Աւելին, տեղեկատուութեան աղբիւրները շատ սահմանափակ են, եւ անոնց թոռները, որոնք այդ օրերուն կը գտնուէին Մետինէ, շատ փաստաթուղթեր չունին: Քաղաքէն մեծ թիւով բնակիչներ տեղահանուած էին, իսկ անոնցմէ շատեր չէին վերադարձած»։
Երկրորդ հրապարակման մէջ, Սէուտական Արաբիոյ «Օքազ» թերթի սէուտցի լրագրող Խալէտ Ապպաս Թաշքանտի 2017-ին գրած իր յօդուածին մէջ նշած էր, որ «իր պապը Մետինէի ժողովուրդին եւ զաւակներու զանգուածային ու բռնի տեղահանման յանցագործութիւններու զոհերէն մէկն էր Սեֆերպերլիքին, որ իրականացուած էր ռազմական նահանգապետ Ֆախրի փաշայի հրամանով, եւ այն մասին, թէ ինչպէս թուրք զինուորները ներխուժած են իր ընտանիքին տունը եւ մօր ձեռքէն խլած են զինք եւ արտաքսած՝ Ասթանա»: Սէուտցի լրագրողը հաստատեց Ֆախրի փաշայի կողմէ Մետինէի բնակիչներու հետապնդման եւ Մուհամմէտ մարգարէի անձնական իրերու թալանման մանրամասնութիւնները:
Երրորդ հրատարակութեան մէջ, «Նիւ Արապ» 11 Մարտին հրապարակեց Քեմալ Աֆզալիի մէկ յօդուածը՝ «Սէուտցիները կը պնդեն, որ վերջին օսմանցի նահանգապետը ծրագրած էր «գողնալ Մուհամմէտ մարգարէի մարմինը» վերնագրով։ Այս յօդուածը «մեծ աղմուկ բարձրացուց սէուտական ընկերային ցանցերու օգտատէրերու շրջանակէն ներս. անոնցմէ շատեր  կը հաւատային, որ այդ մէկը բնորոշ վկայութիւն է Թագաւորութեան սուրբ քաղաքներու նկատմամբ թրքական ենթադրեալ թշնամանքի»:  «#Մարգարէի_գերեզմանի_սրբապղծումը» արաբական հեշթեկը Մարտի սկիզբը յայտնուեցաւ թուիթըրի եւ ֆէյսպուքի աւելի քան 7500 հաղորդագրութիւններու մէջ։ Բազմաթիւ սէուտցիներ դատապարտեցին «թըրքական անարգանք»ի պատմական արարքը։ Ոմանք զուգահեռներ գծեցին Ֆախրի փաշայի բարբարոսութիւններուն եւ նախագահ Էրտողանի՝ «արաբական պետութիւններու դէմ ապստամբներու ներկայ աջակցութեան միջեւ»։ Ընկերային ցանցերու գրառումներէն մէկուն մէջ ըսուած էր. «Թուրքերը գողերու ժողովուրդ են։ Անոնք աւազակներ եւ յանցագործներ են»։
Ինծի համար անհասկնալի է, որ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը, աւելի քան մէկ դար անց, Թուրքիոյ կառավարութենէն տակաւին չէ պահանջած վերադարձնել Մուհամմէտ մարգարէի թալանուած սրբազան  իրերը: Մինչ Թուրքիա լկտիաբար կը պահանջէ այլ երկիրներու թանգարաններէ վերադարձնել Թուրքիայէն դուրս բերուած հնարժէք իրերը, թէեւ անոնցմէ շատեր յունական կամ հայկական ծագում ունին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը սակայն չէ վերադարձուցած սէուտական գողօնը։ Եթէ Թուրքիա մերժէ գողօնը վերադարձնել, Սէուտական Արաբիա պէտք է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի մէջ (Համաշխարհային դատարան)  հայց ներկայացնէ Թուրքիոյ դէմ եւ ամբողջ աշխարհին յայտնէ  թրքական գողութեան մասին:
Նախապէս Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա բնական կամ բարեկամական յարաբերութիւններ ունէին, սակայն այժմ այդպէս չէ։ Աշխարհի որոշ վայրերու մէջ Էրտողանի բռնապետական եւ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա զանազան վէճերու մէջ հակադիր կողմեր են: Ասոր իբրեւ հետեւանք, Սէուտական Արաբիա արգելակած է թրքական հաղորդումներու հեռարձակումը հեռատեսիլային իր կայաններէն եւ արգիլած՝ թըրքական ապրանքներու ներմուծումը: Ճիշդ ժամանակն է, որ Սէուտական Արաբիա աւելի վճռականօրէն հանդէս գայ Թուրքիոյ դէմ եւ անկէ պահանջէ վերադարձնել Թագաւորութեան պատկանող կրօնական բնոյթի սրբազան առարկաները: Մուհամմէտ մարգարէի անձնական իրերու ցուցադրումը թրքական թանգարանի մէջ նախատինք  է աշխարհի բոլոր արաբներուն եւ մահմետականներուն համար: Այս սրբազան առարկաները կը պատկանին Սէուտական Արաբիոյ:
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան