Համագումարի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտ. 1989-ի առաւօտուն, պանդոկի մէկ սրահակին մէջ: Ներկաներուն թիւը,  սփիւռքահայ պատգամաւորներն ու Կապի Կոմիտէութեան մէկ քանի անդամները համատեղ հաշուած, կը  մօտենար քառասունի:
Այստեղ վերահասու դարձանք, որ համագումարին կը մասնակցէին Արեւելեան Եւրոպայէն  հիւրեր  եւս, որոնց մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէր  պուլկարահայ գաղութի համակրելի պատգամաւորուհին՝ գրագիտուհի ու հանրային գործիչ, վաղամեռիկ  Սեւտա  Սեւանը, որ այդ օրերուն  մեծ ժողովրդականութիւն շահած էր  իր  «Ռոդոսթո…Ռոտոսթո» վէպով: Ան կ’արտայայտուէր շատ վարժ հայերէնով մը, հակառակ որ անոր ծնողներէն միայն մէկը հայ էր:
Բացումը կատարեց Կապի Կոմիտէութեան   նախագահը՝ Կարլէն Դալլաքեանը, որուն մեզմէ շատեր առաջին անգամն է կը հանդիպէին: Հանրային-կուսակցական  բեղուն անցեալի տէր՝ ան  միաժամանակ պերճախօս ու աչքաբաց անձնաւորութիւն մըն էր, որ մեծ ձեռնհասութեամբ կը նախագահէր կապի կոմիտէութեան աշխատանքներուն:
Համագումարի հիմնական նպատակներէն մէկը, ինչպէս ինք բանաձեւեց, սփիւռքահայ մշակութային միութիւններու համագործակցութիւնն էր՝ ընդհուպ մինչեւ մէկ ու միասնական  վարչութիւն մը կազմելը, որուն հետ կապուէր Կապի Կոմիտէութիւնը՝ իր սփիւռքեան գործունէութիւնը յառաջ տանելու համար, առաջարկ մը, որ քիչ մը զարմացուց մասնակիցները, քանի որ այնքան ալ գործնական  ու մանաւանդ կարելի չէր միացեալ վարչութիւն մը կազմելու, իսկ աւելի ուշ մէկ ու միասնական միութիւն ստեղծելու գաղափարը, քանի այնպէս ինչպէս կը գործէին այդ միութիւնները լայնօրէն գոհացուցիչ էր՝ իւրաքանչիւրը «իւր ովսանն» յառաջ տանելու համար իր գործունէութիւնը:
Յստակ ու կուռ օրակարգի մը բացակայութեան վրայ կու գար աւելնալու Հայաստանի ներքին կացութիւնը եւս, որ կը յատկանշուէր ամէն օր հետզհետէ  աւելի թուլացող կեդրոնական իշխանութեամբ մը ու յառաջացած թուլութեան հետեւանքով կազմուող շարժումները, խմբակցութիւնները, ընդհուպ կուսակցութիւնները, որոնք զիրար կը հրմշտկէին: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնար մօտիկ անցեալին Արցախեան հանրաքուէի որոշումը՝ միութիւն Հայաստանի հետ,  ինչ որ իր կարգին կը շիկացնէր ազգային կեանքը: Ասոնք բոլորը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէին փողոցը, քան ժողովասրահը՝ անոր քիչ մը անտեղի ու քիչ մըն ալ ժամանակավրէպ օրակարգերը:
Հայաստան այդ օրերուն կը նմանէր եռեւեփող կաթսայի մը, եւ ըմբըռնելի էր, որ ժողովականները շատ աւելի տարուած ըլլային այդ կաթսայէն դուրս գալիքով, քան թէ համագումարի տժգոյն օրակարգով:  Չհաշուած տակաւին առօրեայ կենցաղային դժուարութիւնները, որոնց ակնարկուեցաւ վերը եւ որոնք այլապէս կը շեղէին մեր կեդրոնացումը ժողովին վրայէն:
Փաստօրէն հայրենի իշխանութիւնները անյարմար ժամանակ մը ընտրած էին հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան նոր մեկնարկ ու նոր դիմագիծ մը տալու  այլապէս  ազնիւ գաղափարին, որ հիմա այնքան ալ այժմէական չէր թուեր:
* * *
Այդ օրը,  ընթրիքէն ետք, մասնաւոր ընելիք մը չունենալուս բերումով, ուղղուեցայ դէպի Օփերայի հրապարակ, որ ամէն օր քիչ մը աւելի հետաքրքըրական կը դառնար: Ան շուտով կոչուեցաւ «Ազատութեան հրապարակ», ուր  կը դիմէին քիչ մը ամէն տարիքի ու  կացութեան պատկանող ազգայիններ, մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը, որուն ձգողութեան կեդրոնն էր ան:
Այստեղ ամէն ոք ունէր ըսելիք մը՝ պաշտպանելիք տեսակէտ մը կամ դատապարտելիք գործիչ մը՝ հայ թէ օտար, այլեւ  բերելիք առաջարկ մը, որ միակ լուծումն էր  այն տագնապներուն, որոնց մատնուած էր հայրենիքը:
Գրեթէ բոլորովին մութ էր հրապարակը, երբ հասայ. Օփերայի գագաթի կամարներուն տակ պլպլացող մէկ-երկու գրեթէ տժգոյն  լամբերը ոչինչ կը լուսաւորէին: Այստեղ կը տիրէր բաւական մեծ խճողում մը: Խումբեր կազմուած էին քիչ մը ամէն կէտի վրայ ու կը վիճէին:
Կը շրջէի  այդ խումբերուն միջեւ՝ փնտռելով զիս հետաքրքրող նիւթ մը, երբ ականջիս հասաւ երկրաշարժին քննարկումը կատարող երիտասարդներու մէկ  զրոյցը, մանաւանդ որ  քանի մը օր ետք տեղի պիտի ունենային զոհերու  առաջին տարելիցի հոգեհանգստեան  արարողութիւնները՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքին:
Ուրեմն զրուցավարը ոգի ի բռին կը պաշտպանէր այն տեսակէտը, թէ երկրաշարժը հետեւանքն էր Շիրակի  մէջ տեղի ունեցած ընդերկրեայ  պայթումի մը, որուն հեղինակները ռուսերն էին:
Ուրեմն՝ ո՛չ ազերիները, ո՛չ վրացիները, ո՛չ այլամոլորակայիններ, այլ… ռուսերը:
-Աղէկ, սակայն ի՞նչ շահ կրնար ունենալ ռուսը, որ բոլորովին գաղտագողի, միութենական այլ զինուորականներէն ծածուկ, ծրագրէր ու պայթեցնէր Հայաստանը՝ առանց որեւէ արգելքի հանդիպելու: Չէ՞ որ ռուսերը առանձին չեն գործեր այստեղ եւ բոլորովին առանձին  որոշումներ չեն կրնար ալ կայացնել,- հարց տուի:
-Սփիւռքահայերիդ խելքը հազիւ էդքանին կը հերիքի…եղաւ պատասխանը:
Մինչ ես լուսաբանուելու այնքան անկեղծ փափաք ունէի,  ինք ընդմիշտ փակեց հարցը՝ յամառօրէն կառչած մնալով իր «անվիճելի» համոզումին:
* * *
Ամէն արեւելահայ կը պտուտկի երկու բեւեռներու միջեւ, որուն մէկը ռուսամոլութիւնն է, միւսը՝ ռուսատեացութիւնը: Սա՛ տարբերութեամբ, որ ամէն ռուսատեացի մէջ լռելեայն թուխս նստած է ապագայ զօրութենական  այլախոհ մը, որ պիտի փորձէ անպայման գաղթել  դէպի Արեւմուտք, ուր իբրեւ այցագիր կը ծառայէ անոր ռուսատեացութիւնը:  Իսկ անգամ մը, որ ոտքը դրաւ  արտասահման, ա՛լ ամէն պատրուակ պիտի շահագործէ վարկաբեկելու համար  Հայաստանն ու  հայրենի իշխանութիւնները՝ չուզելով ոչ մէկ դրական բան տեսնել այնտեղ՝ արդարացուցած ըլլալու համար իր ենթագիտակիցը  հալածող  հայրենաթողութիւնը:
Այս ընթացակարգի տիպար ներկայացուցիչն էր Կարէն Սիմոնեանը, որուն ծանօթացած եմ 60-ականներու կէսերուն: Ան ամբողջ կեանքը ռուսամոլ մըն էր, այլեւ թունդ համայնավար՝ համայնավար կուսակցականի ու պաշտօնեայի  ամբողջական գարշելի տիպարը,  սակայն այն օրը ուր իր շահը տեսաւ Արեւմուտքի մէջ, դարձաւ թունդ հակահամայնավար ու ռուսատեաց, այլեւ «հալածական այլախոհ» մը իր երկրին մէջ: Այս կարգավիճակով ալ  ապաստանի հայց ներկայացուց ֆրանսական կառավարութեան  եւ…յաջողեցաւ  ստանալ ամէն բան:
Նոյն զրուցավարը, շարունակելով իր տեսակէտներու պաշտպանութիւնը, չես գիտեր ուրկէ-ուր,  ակնարկեց  սփիւռքի զանազան ոստաններու մէջ գործող հայագիտական ամպիոններուն, որոնք «լայնօրէն բաւարար են  ապահովելու ապագայ հայ սերունդների հայեցի դաստիարակութեան բոլոր կարիքները»:
Պարզ է, արդէն սկսած էր դիմակը վար առնել՝ իբրեւ թեկնածու գաղթի:
-Այդ բոլոր  ամպիոնները միասին հաշուած հայրենի գաւառական մէկ յետին  մանկապարտէզի չափ ալ արժէք չունին հայապահպանման տեսակէտէ,- դիմադարձեցի  անդիմադրելի  արհամարհանքով   մը:
Իսկ ան հակադարձեց՝ ի կիր արկանելով վերջին՝ այնքան ծանօթ զէնքը.
-Թէ որ էդքան հաւանում ես, արի մի քիչ էլ դու էստեղ ապրիր մեր փոխարէն:
Ա՛լ ընելիք ու ըսելիք չունէի եւ հեռացայ՝ չհասկնալով, թէ ճիշդ ի՛նչ կը փնտռէր այդ զրուցավարը Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր, ենթադրաբար, հաւաքուած պիտի ըլլային Հայաստանի ապագայով  ու ճակատագիրով մտահոգ քաղաքացիներ,  որոնք իրենց բախտը կապած էին  հայրենիքին, մինչ ինք հոգեպէս արդէն խզուած էր այդ Հայաստանէն, շուտով մարմնապէս եւս խզուելու համար  անկէ:
Արմենակ Եղիայեան