ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի մարզային հանդիպումներու շարքին 8 Ապրիլին ՀՅԴ ՀԳՄ նախագահ Սիմոն Սիմոնեան եւ ՀԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան հանդիպած են Արտաշատի ՀՅԴ կառոյցի ներկայացուցիչներուն եւ համակիր քաղաքացիներուն հետ:

Քննարկումի առանցքը եղած է Արցախեան վերջին գոյապայքարին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը: Հանդիպումին շեշտուած է իշխանութիւններուն որդեգրած կրաւորական, թրքամէտ եւ դաւաճանական քաղաքական ուղեգիծի ծանրագոյն հետեւանքները երկրի անվտանգութեան վրայ: Փաստուած է, որ իրավիճակէն ելքը օտար, թշնամական պետութիւններու շահերը սպասարկող իշխանութիւններու շուտափոյթ հեռացումն է եւ երկրի ընթացքը ազգային ուղեգիծ տեղափոխելը:

Արծուիկ Մինասեան պատասխանած է նաեւ քաղաքացիները յուզող ազգային-քաղաքական բնոյթի  շարք մը հարցերուն: