Եկէք մտածենք չորս տարբեր շրջաններու մասին՝ Գամիշլի, Հասիչէ, Տէրիք Եւ Ռաս ուլ Այն,  ուր գոյատեւելով ու մաքառելով ճեզիրեհայութիւնը թեւակոխեց իր 95-ամեակը։

1925-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Ճեզիրէի մէջ հաստատուած հայ գաղթականներուն նոր շունչ ու յոյս ներշնչեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին, որ հայութիւնը համախմբող կարեւոր ազդակներէն մէկը կը հանդիսանար։ Հետագային, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութի կազմակերպման մէջ երեք կարեւոր բաղադրիչներ իրենց անհրաժեշտ դերը պիտի գտնէին գաղութներու հաւաքական կեանքին ու յիշողութեան մէջ՝ Եկեղեցին, դպրոցը եւ միութիւնները։

Արդարեւ, եթէ երբեք պահ մը ուրուագծենք Սուրիական Հայրենիքի տասը տարիներու անհաւասար պատերազմին Բերիոյ Հայոց Թեմի գաղութներուն դիմագրաւած քաղաքական, կենցաղային, արտագաղթի եւ այլ  դժուարութիւնները, կրնանք ըսել, որ ճեզիրեհայութիւնը ճակատաբաց եւ ինքնավստահ քայլերով հաստատեց թէ․ «Այո՛, մենք տակաւին կը դիմանանք, մենք տակաւին հոս ենք, մենք տակաւին կը պահենք մեր նախնեաց այն կտակը, որ մեզ վստահեցան ճեզիրահայ գաղութները կազմակերպող ազգայինները եւ առաջնորդական փոխանորդները, սկսեալ Խորէն Վրդ.Բարոյեանէն, հետագային Մեծի Տանն կիլիկիոյ  կաթողիկոս, հասնելով Լեւոն Վարդապետ Եղիայեանին։ Դժուարութիւններ կային ու կան, սակայն զանոնք յաղթահարելու համար զօրաշարժի դրած են մեծ ներուժ։ Այսօր, ի տես Ս․ Յարութեան տօնին, ինչպէս նաեւ անմիջական եւ հայրական հոգատարութեան Բերիոյ Հայոց պատմական  թեմին եւ երջանկայիշատակ  Սահակ  Խապայեան կաթողիկոսին  «եղէ՛ք ժողովուրդին մէջ, անոր բոլոր բնագաւառներուն մէջ» պատգամը իւրացնող Մեծի տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի հունձքին կը գոյատեւենք։ Յանձինս  Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս.Զոպուեանի,  որուն անմիջական թելադութեամբ ճեզիրեհայութիւնը՝ Գամիշլի, Հասիչէ եւ Տերիք ամրագրեց նախ իր հաւատարմութիւնը պատմական թեմին, երկրորդ  որպէս պատգամ համայն հայութեան յայտնեց, որ Սուրիահայութեան բաբախուն սրտանոթային երակը կ՛անցնի նաեւ ճեզիրեհայութեան մարմինէն։

Մեր ծրագիրները անաւարտ են, սակայն անոնց գլխաւորը եւ մեզ առ աւելի գաղութի ոսկեայ հարիւրամեակին հասնելու առաջադրանքին մղողը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն յաղթահարման նպաստումը եւ նորակառոյց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ պատերազմին հետեւանքով կիսատ մնացած շինարարութեան ամբողջացումը եւ գաղութը արժանի պիտի ըլլայ տեսնելու Հայոց Հայրապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին իսկ ձեռամբ  աղաւնակերպ սրբալոյս միւռոնի այն կաթիլները, որոնք պիտի զօրացնեն մեզ, օծելով հայոց եկեղեցին եւ  Ամենակալի բիւրաւոր օրհնութիւններով գօտեպնդեն ճեզիրեհայութիւնը։

Յակոբայ Աւագ Սարկաւագ