«Ազատ Օր».-  Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ ջերմ եւ գործակցական յարաբերութիւնը յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քոնսթանտինոս Վլասիսի եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի միջեւ հանդիպումի ընթացքին:

Երկու կողմերը համաձայն գտնուեցան, որ երկկողմանի ներկայ բարձր կապերը կարելիութիւն ունին աւելի խորանալու զանազան մարզերու մէջ:

Հանդիպումին յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական եւ յունական սփիւռքներուն` մասնաւոր նշում կատարելով Յունաստանի մէջ գործող հայ համայնքին եւ Հայաստանի յունական համայնքին մասին, իբրեւ կարեւոր կամուրջ երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդումին համար:

Խօսակցութեան աւարտին մատնանշուեցաւ, որ պսակաձեւ  ժահրի ստեղծած համաշխարհային արգելքներու վերացումէն ետք, երկու կողմերը պէտք է աւելի գործուն կերպով ամրապնդեն սփիւռքներուն հետ կապ ունեցող գործակցութեան խորացումը:

Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը թուիթըր-ի իր էջին վրայ գրեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի թուականին ընդառաջ եւ շեշտեց. «Հայերու եւ յոյներու միջեւ կապերը սերտ եւ բազմակողմանի են, երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութիւնը` յատկապէս սփիւռքներու առնչութեամբ, կը շարունակէ մնալ շարունակական եւ շինիչ»: