Շաբաթ, 10 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հում քարիւղի ապահովումէն ետք Պանիասի զտարանը բանիլ սկսաւ, հետեւաբար յառաջիկայ օրերուն ժողովուրդին բաշխուած քարիւղային արտադրութիւններուն քանակը պիտի աւելնայ։