Կիրակի, 11 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 8։ 00֊ին, սկիզբ առաւ մաքրութեան արշաւի եկրորդ փուլը, նախաձեռնութեամբ Հալէպի նահանգային խորհուրդի հայ համայնքի ներկայացուցիչին։ Արշաւին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-Ի «Հալէպ» Մասնաճիւղի արի արենուշները, երէց- պարմանները, ինչպէս նաեւ Ս. Պ. Միութիւնը եւ Ս. Ե. Միութիւնը։ Արշաւը սկիզբ առաւ Ազիզիէ շրջանին մէջ, ՀՄԸՄ պարտէզէն։ Մասնակիցները, հակառակ կլիմայի փոփոխութեան, բարձր տրամադրութեամբ եւ ընկերական ոգիով, միասնաբար Ազիզիէ շրջանի մայթերը աւլեցին եւ ներկապատեցին։ Աշխատանքը ընթացաւ մասնակցութեամբ աւելի քան 100 պատանիներու եւ երիտասարդներու։
Ժիրայր Կարապետեան