Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 24 Ապրիլին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին տեղեկացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հայր Յովակիմ Վարդապետ Փանճարճեան` ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները:

«Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ  պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Այնուհետեւ պատարագէն ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պիտի կատարուի Բարեխօսական կարգ:  Վեհափառ Հայրապետի Հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցուի», ըսաւ Հայր Յովակիմ Վարդապետ Փանճարճեան:

Նախաձեռնութեան նախատեսուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ելոյթները:

Աւարտին ծաղկեպսակներու զետեղում պիտի ըլլայ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին մօտ: