Մենք առանց  գիտնալու աղբ կը  թափենք խնձորի, պանանի, գետնախնձորի, սխտորի՝ քիուիի կեղեւները:
Չենք գիտեր կեղեւին օգտակարութեան չափը, որուն մէջ շատ աւելի կենսանիւթեր կան քան պտուղին մէջ:
Պանանի Կեղեւը
Պանանի կեղեւը կրնայ դրականօրէն ազդել ստամոքսի խանգարումներու եւ արիւնահոսութիւններու պարագաներուն:Զայն կարելի է դնել նաեւ կապուքներու եւ վնասուածքներու վրայ եւ օգտագործել խայթուածքներու պարագային:
Պանանին կեղեւը կրնանք օգտագործել մեր ակռաները ճերմկցնելու համար:
Քիուիի  Կեղեւը
Քիուիի կեղեւին մէջ 3 անգամ աւելի շատ հակաօքսիտանդներ կան քան պտուղին մէջ:
Անիկա կ’արտադրէ նիւթեր քաղցկեղէն, բորբոքումներէն եւ զգայնոտութենէն (ալերժի «Գ.») պաշտպանուելու համար: Ան նաեւ մեր մարմինէն դուրս կը շպրտէ, վնասակար քիմիական միացութիւնները:
Դդումի Կեղեւը
Այս մէկը շատ հրաշալի պաշտպանողական յատկութիւն ունի:
Կ’օգտագործուի առողջութեան ամրապնդման՝ կը պարունակէ Carotene (քարոթին), զոր մարմինը ուռուցքային հիւանդութիւններէն կը պաշտպանէ:
Գետնախնձորի Կեղեւը (թարմ գետնախնձորի կեղեւ)
Հարուստ է նիւթերով, որոնք բարենպաստ ազդեցութիւն ունին մարմնի բջիջներուն վրայ:
Մէկ գետնախնձորի կեղեւը կը պարունակէ երկաթ, փոթասիում,  ֆոսֆոր, զինք, C կենսանիւթ նոյն առաւելութիւնները ունին ստեպղինն ու բազուկի կեղեւը:
Նարինջի Կեղեւը
Նարինջի կեղեւը կրնաք սառնարանին մէջ պահել մինչեւ 6 ամիս:
Անոր համը շատ զօրաւոր է, եւ կը պարունակէ C կենսանիւթ աւելի մեծ քանակով քան պտուղը, ան մարսողութեան եւ տեսողութեան համար շատ օգտակար է: Ան նաեւ կը բարելաւէ մաշկը եւ կը նուազեցնէ մարմինի իւղերը:
Սխտորի Կեղեւը
Սխտորը հին Հռոմի մէջ կ’օգտագործէին հոգնածութեան, ուժերը վերականգնելու համար: Սխտորին ստորին կեղեւը կ’օգտագործուի ծերութեան դէմ պայքարելու եւ սրտի առողջութիւնը պահպանելու համար:
Կարելի է սխտորի կեղեւները աւելցնել թէյի կամ տաք ջուրի մէջ խմելու համար նաեւ կարելի է միսին հետ խառնել, եփել եւ ուտել զայն:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան