ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Լաթաքիոյ Թշրինը, շարունակելով իր յաղթական երթը, Հալէպի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իթթիհատը: Աղիւսակին երկրորդ դիրքը գրաւող Ճէյշը 4-0 արդիւնքով յաղթեց Հուրիէին, իսկ Քարամէն 2-0 արդիւնքով Ուահտէին: 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեցան Հթթին-Ֆըթուէ, ինչպէս նաեւ Ճապլէ-Շըրթա հանդիպումները:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին, Մահարտէի եւ Պարատայի աղջկանց խումբերը աւարտական քառեակի մրցումները յաջողութեամբ անցնելէ ետք Ա. դասակարգ բարձրացան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՍԱՄՈՒԷԼ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ,
ԱՐՍԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Ռուսիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի  ծանրամարտի առաջնութեան մրցումներուն հայ մարզիկները ներկայացան փայլուն արդիւնքներով: 102 քկ. ծանրութեան կարգի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը նուաճեց  Սամուէլ Գասպարեանը, որ երկամարտին ընթացքին արձանագրեց 390 քկ. ծանրութիւն բարձրացնելու արդիւնք։ Նոյն ծանրութեան կարգի արծաթէ մետալակիր դարձաւ Արսէն Մարտիրոսեանը՝ երկամարտի աւարտին 380 քկ. ծանրութիւն  բարձրացնելով: Գերծանր  կշիռք ունեցող երկաթներու բարձրացման կարգին ընթացքին,  Գոռ Մինասեան երկամարտի աւարտին 464 քկ. արդիւնքով գրաւեց 2-րդ դիրքը, իսկ Վարազդատ Լալայեան 445 քկ.-ով զբաղեցուց 3-րդ հորիզոնականը: Կանանց գերծանր կշիռք ունեցող երկաթներու բարձրացման կարգին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արփինէ Դալալեան երկամարտի աւարտին 221 քկ. արդիւնքով գրաւեց  մրցումի 4-րդ դիրքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՔԼԱՍԻՔՈՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ թագաւորական խումբ՝ Ռէալ Մատրիտը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակից Պարսելոնան: Առաջին կիսախաղին Մատրիտի մարզիկները կրցան ներկայանալ աւելի լաւ խաղարկութեամբ եւ յաջողեցան երկու առիթներով ցնցել մրցակիցին դարպասը: 13-րդ վայրկեանին, Ռէալի  ֆրանսացի խաղացող Քարիմ Պենզեմա կատարեց կոլերու բացումը, որմէ ետք քաթալոնէացիները տիրապետեցին խաղարկութեան՝ արդիւնքը հաւասարեցնելու նպատակով: Մեսսիի ընկերներու առաջնագիծ ըլլալը օգտագործելով, Ռէալի գերմանացի խաղացող Թոնի Քրոս կրկնապատկեց արդիւնքը: Դադարէն ետք, Պարսելոնայի մարզիչ Քուման յարձակողական դիրքը աշխուժացնելու համար դաշտ ուղղեց Քրիզմանը: 60-րդ վայրկեանին Օսքար Մինքիասան արձանագրեց խումբին միակ կոլը: Հանդիպումի վերջին վայրկեանները ընթացան շատ աշխոյժ, եւ զոյգ խումբերը այլ առիթներով վտանգի ենթարկեցին դարպասները: Յիշենք, որ այս տարի Պարսելոնան պարտութեան մատնուեցաւ Քլասիքոյի հետ երկու մրցումներուն աւարտին: Ան երթի հանդիպումին պարտուեցաւ 3-0 արդիւնքով:
ՍԱԼԱՀ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Ֆրանսական թերթերը Կիրակի օր յիշեցին, որ Լիվըրփուլի եգիպտացի խաղացող Մուհամմէտ Սալահ պահանջուած է Ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերմանի կողմէ: Սալահ,  որուն պայմանագրութիւնը կ’աւարտի 2023-ին, այլ առիթներով արտայայտուեցաւ, թէ կը փափաքի տեղափոխուիլ այլ ակումբ: Ըստ տեղեկութիւններու, ֆրանսական ակումբը կ’ուզէ գտնել Քիլիան Իմպապէի փոխարինողը, որ մերժած է երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը: Փարիզեան խումբի պահանջներուն մէջ է նաեւ Պարսելոնայի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսին եւ Թոթենհամի մարզիկ Հէրրի Քէյնը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ