Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ը իր դիմատետրի էջով գրած է, որ թուրքը թուրք է, ի՛նչ ալ ընէ, խօսի կամ գրէ, պէտք չէ վստահիլ թուրքին։ Ան գրած է. ««ԹՈՒՐՔԸ ԹՈՒՐՔ Է» Շուրջ տասը տարիներ առաջ Անթիլիաս այցելեց թուրք հանրածանօթ պատմաբան մը, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի շուրջ ինծի հետ հանդիպում ունենալու եւ ապա դասախօութիւն մը տալու ցեղասպանութեան մասին: Այցելութեան մասին հայրս իմացած էր Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն: Այցելու պատմաբանին հետ հանդիպման մէջ էինք, երբ հեռաձայնը հնչեց եւ հայրս բարկացոտ շեշտով ըսաւ.- «թուրքը ի՞նչ գործ ունի Անթիլիասի մէջ…»։ Պատասխանեցի՝ ըսելով, որ այս թուրքը միւս թուրքերուն չի նմանիր, ան քաջութիւնը ունեցած է հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեան մասին գիրք գրելու եւ մեր դատը պաշտպանելու: Հայրս պատասխանեց՝ ըսելով. «տղա՛ս, թուրքը թուրք է, ի՛նչ ալ ընէ, խօսի կամ գրէ, պէտք չէ վստահիլ թուրքին…»: Հեռաձայնը փակելէ յետոյ պատմաբանին պատմեցի իր այցելութեան գծով հօրս ունեցած խիստ հակազդեցութեան մասին: Ան ըսաւ.- «կը հասկնամ Ձեր հօր պոռթկումը, հին սերունդը այսպէս կը մտածէ»: Անմիջապէս աւելցուցի.- «նաե՛ւ նոր սերունդը, այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր ուրացման եւ հակահայ քաղաքականութիւնը»: