Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու աւարտին պահ մը խորհինք ցեղասպանութեան հետեւանքներուն ու անոնց վերացման կարելիութիւններուն մասին:
Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր հետեւորդները միշտ ալ գործած են բռնի ուժի բանեցումով տարածքներ գրաւելու, ազգեր կոտորելու, անոնց հարստութեան տիրանալու տրամաբանութեամբ: Այս իրողութիւնը կը հաստատեն թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան, եւ թէ ներկայ Թուրքիոյ վարած ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնն ու դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու  դարաւոր արիւնալի պատմութիւնը:
Անոնք, օրինակ, չեն փորձած բնաւ գիտութեամբ զարգանալ ու այդ ճամբով լծակներու տիրանալ, կամ իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել, այնպէս ինչպէս փորձած են Ճափոնը, Չինաստանը կամ Իրանը: Այս վայրագութեան կիրարկումը ցեղային յատկանիշ մըն է վստահաբար, որ բոյն կը դնէ ցեղի մը մէջ եւ ուղղութիւն կու տայ անոր դարեր շարունակ, այդ ցեղին պատմութիւնը դարձնելով արիւնահեղութեան ու պատերազմներու պատմութիւն, առանց մշակութային, գիտական կամ ճարտարագիտական ծաղկումներու առաջնորդելու տուեալ ցեղը կամ ցեղերը:
Այսպիսի ցեղեր կը հաւատան միայն բռնի ուժին, զէնքին ու դրամին, կը մաքառին բռնի ուժով տիրանալու իրենց չունեցածին, քանդելու այլ ազգերու ծաղկած մշակոյթը, քաղաքակրթութեան հետքերը եւ այսպիսով զիրենք հաւասարեցնելու անմշակոյթ իրենց մակարդակին, որպէսզի զարտուղի չմնան:
Ու որքան մեծնան իրենց գրաւած տարածքները, այնքան արիւնարբու կը դառնան անոնք:
Ուրեմն ինչպէ՞ս գոյատեւել այսպիսի դրացիներու ներկայութեան: Ինչպէ՞ս զարգանալ ու ինչպէ՞ս ապրիլ ապահով տարածքի մը մէջ, ուր գերպետութիւններու շահերու բախումին հետեւանքով կրնան թռիչք առնել արիւնարբու այս ցեղերը եւ կաշառելով այս թէ այն պետութիւնը ազատօրէն կոտորել, տիրանալ այլոց հողերուն եւ նսեմացնել համեմատաբար աւելի փոքր պետութիւնները:
Եթէ պահ մը խորհինք, թէ ինչպիսի՛ հետեւանքներ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ որպէս ազգ, ապրելով հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, ի՞նչ կրնանք ընել վերացնելու ցեղասպանութեան հետեւանքները, գէթ մասամբ կը յաջողինք շրջել ցեղասպանին նենգ ու շարունակուող ծրագիրները:
Ցեղասպանութեամբ Թուրքիան փորձեց ջնջել հայութիւնը: Ու թէեւ սփիւռքի մէջ տարուէ տարի աճ արձանագրեց մեր ազգին թիւը, սակայն այդ թիւը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել մէկուկէս միլիոնի գոյութեան պարագային մեր ժողովուրդի թուային աճը: Այս առումով, նախ մեր ազգին թիւը կրկնապատկելու հրամայականին առջեւ ենք յառաջիկայ տարիներուն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք արցախեան վերջին պատերազմին սերունդ մը ամբողջ ոչնչացնելու թուրք-ազերիական նկրտումները:
Երկրորդը՝ մեր մտաւորականութեան, մտածող ու ստեղծագործող տարրին բնաջնջումն էր: Ուրեմն, որպէս հակադարձութիւն, սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, հայ մտաւորականութեան, գիտնականներուն, հետազօտողներուն, ցեղասպանագէտներուն  համար աշխատանքի, ստեղծագործութեան, ծաղկումի այնպիսի դաշտ պէտք էր ստեղծէինք, որուն արգասիքը դրական անդրադարձ պիտի ունենար ե՛ւ մեր պետութեան, ե՛ւ սփիւռքի հզօրացման գործընթացներուն վրայ, ե՛ւ ցեղասպանութեան ճանաչման դատաիրաւական մարզերուն մէջ: Սակայն, ցաւօք, չունեցանք այս յոյժ կարեւոր մարտավարութիւնը մեր գոյութիւնը ուժեղացնելու պայքարին մէջ եւ վստահեցանք առաւելաբար քարոզչական աշխատանքներու: Սփիւռքը յատկապէս այնքան առիթներ ունի տարբեր երկիրներու փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւն ունեցող իր մտաւորականներով: Որքանո՞վ կ’օգտուինք սակայն այդ առիթներէն:
Օսմանեան կայսրութեան իշխող տարրին երրորդ նպատակը՝ հայ ժողովուրդի տնտեսական կարողութիւնները անկումի առաջնորդելն էր: Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայութիւնը աչքի կ’իյնար իր տնտեսական բարձր կարողութիւններով, ինչ որ հաշտ աչքով չէր դիտուեր օրուան իշխող տարրին կողմէ: Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան էջերը լի են հայ ժողովուրդի հարստահարման  օրինակներով: Ցեղասպանութենէն ետք եւս հայութեան հարստութեան տիրանալու բարդոյթը վերջ չէ գտած թուրք հրոսակներուն մօտ: Քեսապի վերջին տեղահանումէն ետք, երբ քեսապցիներ վերադարձան աւան, ականատեսը եղան թուրքերու կողմէ հայերու թաքնուած ոսկեղէնը թալանելու համար աւանի գերեզմաններու ու դամբարաններու քանդումին: Հարիւր տարի վերջ, անոնք տակաւին հայուն ոսկին կը փնտռէին:
Փոխարէնը, սակայն, հայութիւնը ցեղասպանութենէն ետք, որպէս ազգ եւ պետութիւն, իր տնտեսական կարելիութիւնները զարգացնելու սերտուած ծրագիր չունեցաւ, ինչպէս ունեցան կոտորուած այլ ազգեր՝ տնտեսական լծակներ ունենալով գերպետութիւններու մէջ անգամ:  Տակաւին մեր հայրենիքին մէջ երկրի հարստութիւններու շահագործման փաստեր արձանագրուեցան:
Լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, արհեստներ, արուեստներ պահելու եւ զարգացնելու, անոնցմով իսկ մեր գոյութիւնը ամրապնդելու լայն կարելիութիւններ ունէինք եւ ունինք, սակայն այս ոլորտին մէջ եւս լուրջ աշխատանք չտարինք: Այսօր կը խօսինք արեւմտահայերէնի մահացող լեզուներու շարքին անցնելու վտանգին մասին: Միթէ՞ այդպիսով մենք եւս մեր բաժինը չենք բերեր մեր գոյութեան երաշխիքները տկարացնելու սպիտակ ջարդին:
Ու չմոռնանք ցեղասպանութեան ճամբով, հայութեան երիտասարդ տարրը կոտորելով մեր ժողովուրդի պայքարի ոգին տկարացնելու  Օսմանեան կայսրութեան ջանքերը: Ուստի որպէս հակադարձութիւն, ցեղասպանութեան յաջորդող փուլերուն, յատկապէս Հայաստանի անկախացումով, ունենալու էինք այնպիսի ուժեղ բանակ, այնպիսի ճարտարագիտական կարելիութիւններով օժտուած երիտասարդութիւն, որ պատերազմներու մէջ մեր ժողովուրդին առաւելութիւն արձանագրելու հաւանականութիւնը ըլլար միշտ բարձր, նոյնիսկ երբ փոխուէին զէնքերն ու մարտեր վարելու արուեստը:
Եւ վերջապէս հողը… Օսմանեան կայսրութիւնը անհայրենիք թողուց արեւմտահայութիւնը: Հողին վերատիրանալու համար, սակայն, նախ հարկ է ուժեղանալ ամէն մակարդակներու վրայ, ճանչնալ ու մերձենալ Թուրքիա ապրող մեր ազգի զաւակներուն, անոնք հողին վրայ ապրողներն են վերջապէս, անոնց արմատները չեն պոկուած, ուստի հայութեան ներուժ հայթայթելու կարելիութիւն ունին, եթէ ներառուին հայութեան մեծ ընտանիքին մէջ ու իրենց գոյնով ալ հարստացնեն զայն:
Հողին տիրանալու պայքարը երկար կը թուի ըլլալ, սակայն անիրականանալի չ’ըլլար, այնքան ատեն, որ որպէս ժողովուրդ պատրաստ ենք նախ մեր ունեցածը պահելով զարգացնելու եւ ըստայնմ ուժեղանալով պահանջատիրութեան մեր ընթացքը քայլ առ քայլ առաջ տանելու՝ քաղաքական պահու հասունութեան սպասելով:
Հայոց Ցեղասպանութենէն 106 տարի վերջ, պահ մը մտածենք մեր ընելիքներուն մասին՝ սկսելով յառաջդիմելու ամէնէն պարզ քայլերէն: Դարը վերջապէս ոչ միայն ուժեղին, այլեւ ի նպաստ յառաջադէմին կը գործէ: