Սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանը լուսարձակի տակ առաւ Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2021-ին Սուրիոյ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի յիշատակումները, յատկապէս Հալէպի ժողովրդային ջահերթը։ Այս առիթով Հալէպի մէջ Սուրիոյ պաշտօնական կայանի թղթակիցը հարցազրոյց ունեցաւ համայնքապետներուն եւ կարգ մը մասնակիցներու հետ։ Սուրիական «Իխպարիէ Սուրիէ» պատկերասփիւռային կայանը եւս ներկայացուց ժողովրդային ջահերթը: Թղթակիցը յայտնեց, որ 106 տարի ետք, հայերը կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց արդար դատին՝ մինչեւ որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում կատարէ։ Թղթակիցը աւելցուց, որ ջահերթին միջոցաւ հայերը պահանջեցին Օսմանեան կայսրութեան բռնագրաւած հայկական հողերուն վերադարձը։ Պատկերասփիւռային կայաններուն կողքին, սուրիական մամուլը եւս անդրադարձ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին։ «Եկեղեցական պատարագով եւ արեան տուչութեամբ սուրիահայ համայնքը Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչեց»: Այս վերնագիրով ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը ներկայացուց Հալէպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցուոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. եւ Անմահ Պատարագը, ետքը եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս կազմակերպուած արեան տուչութիւնը, հարցազրոյցներ ունենալով կարգ մը մասնակիցներու հետ։ Սուրիական «Ճամահիր» թերթի էջերուն մէջ կարդացինք նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով սուրիահայ համայնքը սուրիացիներուն հաւատարմութիւմը հաւատարմութեամբ կը փոխադարձէ» վերնագիրով լրատուական տեղեկագիր մը։ Ճամահիրի թղթակիցը ներկայ գտնուելով պատարագին, արեան տուուչութեան, հարզազրոյցներ ունեցած էր հայ երեք համայնքապետներուն եւ կարգ մը մասնակիցներու հետ։ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձ կատարեց նաեւ Գամիշլիի մէջ սուրիանական «Սուրոյո FM» ռատիոկայանը, ուր խօսնակը յայտագիրին բացումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ տեղեկութիւններ տալով։ Այս առիթով խօսնակը հարցազրոյց ունեցաւ Գամիշլիի վարժարաններու խնամակալութեան անդամ տոքթ. Յակոբ Տօնապետեանի հետ, որ իր կարգին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ հետեւանքներուն մասին։