«Էրմէնիհապեր».- Ամերիկեան Bloomberg պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան մտադիր է կասեցնել ԱՄՆ-ի հետ գործակցութիւնը պաշտպանական եւ տնտեսական ոլորտի մէջ: Պատճառը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալն է: Փենթակոնը իր կարգին յայտարարած է, որ Պայտընի ուղերձը պիտի չ’ազդէ ռազմական ոլորտին Թուրքիոյ հետ ռազմական ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ: Այդ մասին ըսած է Փենթակոնի մամուլի քարտուղար Ճօն Քիրպին: «Մենք որեւէ փոփոխութիւն չենք ակնկալեր Թուրքիոյ հետ ռազմական յարաբերութիւններուն մէջ: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակիցն է: Մենք չենք կարծեր որ 24 Ապրիլին Պայտընի յայտարարութիւնը կ’անդրադառնայ այդ յարաբերութիւններուն», ըսած է Քիրպին` յոյս յայտնելով, որ թուրք-ամերիկեան կապերը ռազմական ոլորտի մէջ միայն կ’ամրանան: