Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 65 անդամէ կազմուած երկկուսակցական խումբը միացած է հայկական հարցերու յանձնաժողովին` անցեալ տարուան թուրք-ատրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն վերջ կոչ ուղղելով 100 միլիոն տոլարէ աւելի տնտեսական օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին: Քոնկրեսականները նամակ ուղարկած են Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Պարպարա Լիին եւ աւագ անդամ Հէլ Ռոճըրսին, որովհետեւ պիտի սկսի 2022-ի տնտեսական արտաքին յատկացումներու նախագիծի մշակումը: Նամակին մէջ քոնկրեսականներ Ֆրէնք Փալօն, Ճէքի Սփիէր եւ Ատամ Շիֆ յայտնած են. «Հայաստանի եւ Արցախի համար 2022-ին տնտեսապէս յատկացուելիք օգնութիւնը խիստ կարեւոր է ժողովուրդին համար աւելի անվտանգ ապագայ ապահովելու, ժողորդավարութիւնը յառաջ տանելու, կայուն տնտեսական զարգացում ապահովելու եւ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի հարցերով երկրին աջակցելու համար»: Նամակին մէջ քոնկրեսակնները կոչ ուղղած են 100 միլիոն տոլարէն բացի 2 միլիոն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զէնքի ոչնչացման ծրագիրին: Բացի այդ, կոչ ուղղուած է կասեցնելու անվտանգութեան ոլորտին ԱՄՆ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, որովհետեւ երկիրը չէ վստահեցուցած, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումները դադրեցուցած է: