Չորեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը մեծամասնութեամբ վաւերացուց բարեկամ երկիրներու խորհրդարաններու մասնակցութիւնը Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան: Պիտի հրաւիրուին հետեւեալ երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչները՝ Ալճերիա, Օման,Մորիթանիա, Ռուսիա, Իրան, Հայաստան, Չինաստան, Վենեզուելլա, Քուպա, Պելառուս, Հարաւային Ափրիկէ, Էքուատոր,Նիքարակուա, Պոլիվիա: