«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախագահ Ռէյկընի կողմէ նախագահական հռչակագրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումէն քառասուն տարի անց,  մինչ Միացեալ  Նահանգներ կը  խուսափէր  այդ հարցէն, նախագահ Պայտըն օգտագործեց Հայոց  Ցեղասպանութիւն  եզրոյթը՝ հակառակ Թուրքիոյ հերքող ղեկավարներու կողմէ  Միացեալ Նահանգներու  կառավարութեան պարտադրուած «բերան փակելու» քաղաքականութեան…:   Առաւել,   Պայտըն իր «Հայոց յիշատակի օրուան ուղերձին մէջ» Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործեց ոչ թէ մէկ, այլ երկու անգամ։

 

Անցեալ տարի, երբ Պայտըն նախագահի թեկնածու էր, խոստացաւ ճանչնալ Հայոց  Ցեղասպանութիւնը: Բայց քանի որ ամերիկահայերը բազմիցս խաբուած են նախորդ  նախագահներէն, որոնք չէին կատարած իրենց նախընտրական խոստումները,  հետեւաբար, անոնք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը վերաբերէին Պայտընի

յանձնառութեան:

 

Նոյնիսկ եթէ Միացեալ Նահանգներ ցարդ քանի մը անգամ ճանչցած է Հայոց  Ցեղասպանութիւնը 1951-էն սկսեալ, (ԱՄՆ կառավարութիւնը  պաշտօնական  փաստաթուղթ  ներկայացուց Համաշխարհային դատարան,  Ներկայացուցիչներու  պալատը երեք բանաձեւ ընդունեց 1975, 1984 եւ 2019 թուականներուն, ԱՄՆ  Ծերակոյտը  միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւը 2019ին, իսկ Ռէյկըն  նախագահական հռչակագիր հրապարակեց 22 Ապրիլ 1981ին), այս տարի 24 Ապրիլին նախագահ  Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը լուրջ յառաջընթաց է` քանի  մը դրական հետեւութիւններով.

 

1) Որովհետեւ 1,5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւնը շատ զգացական հարց է, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յաջորդները գոհունակութեան խոր զգացում ունեցան, որ իրենց նախնիներուն կրած  ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս  եւ  ճշմարտօրէն  կ՛ընդունուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ:

2)    Ամերիկայի նախագահի նորագոյն եւ հեղինակաւոր ճանաչումը  ԱՄՆ  դատարաններուն  կարելիութիւն կ՛ընձեռէ՝ շարունակելու հայերուն ներկայացուցած  դատական հայցերը՝ Ցեղասպանութեան դարաշրջանի պահանջներուն մասին Թուրքիոյ կառավարութենէն: Նախապէս դաշնակցային դատաւորները կը մերժէին նման դատավարութիւններ եւ կը պնդէին  (սխալ կերպով), թէ՝ քանի որ ԱՄՆ  կառավարութիւնը չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Քալիֆորնիան եւ այլ առանձին նահանգներ չեն կրնար օրէնքներ հաստատել, որոնք թոյլ կու տան այս դատական գործերը շարունակելու: Այսուամենայնիւ, եթէ դատարանները որոշեն, որ  Պայտընի  ուղերձը բաւարար չէ նման դատական հայցեր յարուցելու արտօնութեան  համար, ապա ամերիկահայերը պարտաւոր են ներկայացնելու օրէնքի առաջարկ, այլ ոչ թէ  յիշատակման բանաձեւ, որ պէտք է ընդունուի Քոնկրեսի  երկու պալատներուն  կողմէ,  ինչպէս նաեւ  ստորագրուի  նախագահին կողմէ:  Ասիկա պիտի ըլլայ  վերջին խօսքը՝ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու,  իրաւական  պահանջներու  կատարման համար:

 

3) Որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ գերտէրութիւն է, նախագահին  յայտարարութիւնները  մեծ ազդեցութիւն ունին այլ երկիրներու, մասնաւորապէս՝ Մեծն  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Իսրայէլի վրայ: Ուստի, կը սպասուի, որ քանի մը երկիրներ  հետեւին  Ամերիկայի օրինակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:

 

4)    Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը տեղի ունեցաւ հայերու համար յատկապէս դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ անցեալ աշնան Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ իսլամական ճիհատիստական վարձկաններու մասնակցութեամբ արցախեան պատերազմի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պարտութենէն ետք: Նախագահ  Պայտընի ապրիլ-քսանչորսեան ուղերձը կը բարձրացնէ հայերուն ոգին եւ կրնայ ստեղծել համաշխարհային տէրութիւններու բարի կամքի մթնոլորտ՝ կապուած Արցախի կարգավիճակին եւ անոր բնակչութեան պաշտպանութեան հարցի արդար լուծման համար:

 

5) Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարը նաեւ քաղաքական պայքար է մէկ կողմէ այդ զանգուածային յանցագործութիւնը իրականացուցած երկրին, միւս կողմ՝ զոհերու ժառանգներուն համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը, անցնող տարիներուն պէս, գործադրեց ամէն կարելի միջոց, որպէսզի Միացեալ  Նահանգներ  չճանչնայ  Հայոց  Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան միլիոնաւոր տոլարներ վճարեց ամերիկեան լոպիիստական կազմակերպութիւններուն` Ցեղասպանութիւնը հերքելու համար, ճնշում գործադրեց եւ սարսափելի հետեւանքներով սպառնաց Միացեալ Նահանգներուն, եթէ վերջինս ճանչնայ ցեղասպանութիւնը: Այս բոլորով մէկտեղ, Թուրքիոյ հասցուեցաւ քաղաքական շռնդալից հարուած: ԱՄՆ նախագահը խստօրէն իր տեղը դրաւ  Թուրքիոյ ամբարտաւան  նախագահը, որ կը կարծէ, թէ ոչ մէկ երկիր կրնայ դէմ դնել իր ցանկութիւններուն:  Համոզուած եմ, որ Էրտողան անքուն գիշեր մը անցուց, երբ  Պայտըն 23 Ապրիլին  հեռաձայնեց  անոր՝ տեղեկացնելով Հայոց  Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր որոշման մասին: Յուսանք, որ նուաստացած  Էրտողան  հասկցաւ, որ աշխարհը չի պտտիր  Թուրքիոյ շուրջ:

 

Այժմ տեսնենք, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչպէս կրնայ հակադարձել։  Արդեօք  ժամանակաւորապէս յե՞տս կը կոչէ իր դեսպանը Ուաշինկթընէն,  կը սպառնայ  դադրեցնե՞լ առեւտրային կապերը, թէ՞ կ՛արգելափակէ ԱՄՆ  կառավարութեան կողմէ  Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանի օգտագործումը։ Կը յուսամ, որ Էրտողան այս բոլորը եւ շատ աւելին կ՛ընէ: Այսպիսի գործողութիւններով  Թուրքիա աւելի եւս  կը վատթարացնէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները , կ՛ապահովէ  Հայոց  Ցեղասպանութեան հանրայնացումը ամբողջ աշխարհի մէջ եւ իր ձախողած  տնտեսութիւնը կը տանի դէպի սնանկութիւն: Այս մէկը կրնայ յանգեցնել ներքին խառնակութեան ստեղծման եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Էրտողանը նախագահականէն վերջնականապէս հեռացնելու նպատակին, եթէ ոչ աւելի շուտ: Հետաքրքականը այն է, որ Էրտողան 26 Ապրիլի ուշ գիշերը թուրք ժողովուրդին առջեւ երկարատեւ  ելոյթ  ունենալով, Հայոց  Ցեղասպանութեան մասին իր սովորական սուտերէն բացի, չհամարձակեցաւ յայտարարել ԱՄՆ-ի դէմ կատարուելիք որեւէ գործողութեան մասին՝ ի պատասխան Պայտընի ապրիլ-քսանչորսեան ուղերձին: Այսպիսով, Էրտողան ցուցադրեց իր բացարձակ նուաստացումն ու անզօրութիւնը։

Չկարենալով  պարտադրել  Միացեալ Նահանգներու՝ հրաժարիլ  Ցեղասպանութիւնը  ճանչնալու իր ծրագիրներէն, Թուրքիոյ ղեկավարները ներկայիս կը դիմեն իրենց սովորական հնարքներուն՝ յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգներու ճանաչումը ոչինչ կը նշանակէ: Եթէ ասիկա ոչինչ կը նշանակէ, ապա ինչո՞ւ Թուրքիա քանի մը  տասնամեակէ ի վեր միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ լոպիիստներու վրայ  եւ ճնշում կը գործադրէ ԱՄՆ կառավարութեան վրայ՝ սպառնալով սարսափելի հետեւանքներով։

Աւելի քան ամբողջ դար մը իր սուտերն ու հերքումները շարունակելու փոխարէն, շատ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ Թուրքիա պարզապէս ընդունի իր նախորդներուն  ոճրագործութիւնները, ներողութիւն խնդրէ եւ հատուցէ հայ ժողովուրդը՝  հասցուած  ահռելի վնասներուն համար: Թուրքիա լաւ կ՛ընէ, որ հետեւի Գերմանիոյ՝  Հոլոքոսթէն  ետք օրինակին։ Գերմանիա ներողութիւն խնդրեց  Հիթլերի  զանգուածային  ոճիրներուն  համար, յուշարձաններ կանգնեցուց Հոլոքոսթի զոհերուն համար եւ միլիառաւոր

տոլարներ վճարեց: Այսպէս կը վարուի քաղաքակիրթ ժողովուրդ մը, երբ իր ղեկավարները ծանր յանցանքներ կը գործեն։

Միաժամանակ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերը պէտք է հետապնդեն իրենց պահանջները օրինական ճամբաներով՝ դատական բազմաթիւ հայցեր ներկայացնելով ընդդէմ Թուրքիոյ, տարբեր երկիրներու դատարաններու  մէջ եւ  Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ներս՝ պահանջելով վերականգնել  Ցեղասպանութեան պատճառած վնասները: Միւս կողմէ, Հայաստանի  կառավարութիւնը  պէտք է Թուրքիան տանի Համաշխարհային դատարան, ուր միայն  կառավարութիւններուն թոյլ տրուած է դատ բանալ:

Վերջապէս, ճիշդ պահն է յիշել հայերու մեծ բարեկամ, Հայաստանի մէջ Միացեալ  Նահանգներու  նախկին դեսպան Ճոն Մարշըլ Էվընզը եւ  շնորհակալութիւն յայտնել  անոր,  որուն դիւանագիտական ասպարէզը  ընդհատուեցաւ 2006ին, երբ Քալիֆորնիա  կատարած այցելութեան մը ընթացքին ըսաւ ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ճիշդ պիտի ըլլար, որ Պայտընի վարչակազմը Էվընզը  նշանակէր Հայաստանի  մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանը։ Ասիկա նուազագոյնն է, որ ԱՄՆ  կառավարութիւնը կրնայ ընել, երբ նախագահը պաշտօնապէս  ներողութիւն  խնդրէ Էվընզէն:

 

Յարութ Սասունեան

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան