Վրէժ Արմէնի ստորագրութիւնը կրող «ԴԱՏԱՐԱՆ» գրառումը, որ լոյս տեսած էր «Հորիզոն»ի 17 Նոյեմբեր 1986-ի թիւով, խթանեց մէջս անթեղուած յիշատակներու կայծը, ցայտեցնելով յիշատակներու լաւան, որ իր տարերքով կարելի չէր խեղդել իր ընդերքին մէջ: Մտորումներս յանձնելով թուղթին, նուազագոյն խղճի պարտքն է, որ կը մատուցեմ փաղանգի մը, որուն ուսերուն վրայ ինկաւ հայ ազգի պահանջատիրութեան եւ մաքառումին իւրայատուկ կնիք դրոշմելը:
Այդ փաղանգը, փշրեց  լռութեան պարիսպը, որ բարձրացած էր Հայկական Հարցին շուրջ: Անոնք  զրահապատուած քաջարի «խենթ տղոց» նոր տեսլականով, որոնք դըժգոհ էին ամլացած ու ճահճացած սովորամոլութիւններէ, զգաստութեան եւ զարթնումի խլացուցիչ շեփորը հնչեցուցին ամէնուրեք:
Յովիկը, որ ներկայացուած է «ԴԱՏԱՐԱՆ» գրառումով, Հալէպի Նոր Գիւղի հնոցին արգանդէն ծնած վիշապաքաղ այրուցին է,  Քղիի Աստղաբերդ գիւղի Վահագնեան պարգեւն է, Նոյնինքն ի բնութենէ՝ Արամազդի արարչական վրէժի ամպրոպն է, Անահիտ դիցուհիի որովայնի արգասիքն է, Միհրի լուսաճաճանչ յոյսի ցոլքն է,  մարտի դաշտի Նանէի օրհնութիւնն է, պայքարի կաթնաղբիւրի կենարար ակունքներուն սնունդն է, իսկ ազգային գաղափարական տաճարին աւանդապահ քուրմն է: Այս բառերով իրեն եւ իր նմաններուն զեղուն ներկայացում մը չէ որ կ’ընեմ: Քաջ կը գիտակցիմ, որ այս մէկը անհանգըստացնող հանգամանք է նաե՛ւ իրենց տեսակին համար: Բայց թող ներեն, ժամն է որ պատմութիւնը խօսի նուազագոյնը ու մասնակիօրէն արժեւորէ աւելի քան կէս դարու մաքառումի ալեկոծ փուլի յիշատակարանը: Ցեղասպանութեան տարեդարձի ոգեկոչումներու կարգին, փակագիծին առանքը սահմանափակ բանալով, նուազագոյն պարտքն է, որ կ’արձանագրեմ՝ խռովայոյզ հոգւոյս հարազատ թարգմանը հանդիսանալով:
Յովիկին հետ ինծի զօդող ժամանակահատուածը կը սկսի երազային Հալէպէն, անցնելով նոր Գիւղի ճահճահոտ շաւիղներէն ու Ճեմարանի մութ անկիւններէն, ուր երբեմն խարխափելով կիսեցինք մեզի յուզող ազգային  մտածումներ ու արկածախնդրական մարտահրաւէրներ։ Անցաւ 25 տարի, որուն ընթացքին  ամենեւին չհաղորդակցեցանք, երբ ինք կամովին ընտրեց իր գաղափարակից ընկերներով այն ճանապարհը, որուն համար իրենք կեանքի՛ կոչուած են, արարուա՛ծ են:
Այդ հոյլ մը «խենթերը» կալանաւորման ամէն օր, որ անցուցին խոնաւ խուցերու մէջ, պահանջատիրութեան պատուանդանին վրայ կրանիտէ քար մը աւելցուցին: Իսկ «դրսեցիներու»ն թափած լրացուցիչ ճիգերը,  ամրակայեցին պայքարի խարիսխները, հասցնելով զայն այն եզրոյթին, որուն համար շատեր պատրաստ էին ընծայաբերելու իրենց թանկագինը։ Բազում հայորդիներու հաշուոյն, անոնք երկարեցի՛ն իրենց մատղաշ մարմինը, որոնց վրայ կռթնելով կարելի դարձաւ աւելի հեզասահօրէն ի կատար ածել ազգային գաղափարական վեհագոյն թռիչքները։ Իրենց սխրագործութեան շառաչիւն պատգամով, նորագոյն մեր պատմութեան էջերուն մէջ խթանեցին ազգային ազատագրական պայքարի նոր արժեհամակարգի մը բեղումնաւորումը, որուն ծնունդը դարձած էր անխուսափելի հրամայական՝ հայ ազգի վերանորոգ գոյերթին համար:
Գերագոյն զոհողութեան մղումով լիցքաւորուած, մարտիրոսանալու կրքոտութեամբ, ընտրեցին տատասկով սալայատակուած ճանապարհը, քաջ գիտակցելով, որ ունին վստահելին ու նոյնքա՜ն առինքնողներ իրենց թիկունքին: Թիկունքը իր կարգին փորձեց յետսապահի լրացուցիչ իր դերին մէջ ստեղծել համերաշխ գոյակցութիւնը «ներս»ի ու «դուրս»ի։ Դերերը լաւապէս համակարգուեցան, որուն համար տարակարծութիւն չստեղծուեցաւ ամենեւին։ Մէկ տարբերութեամբ, «դըրսեցիներուն» վիճակուեցաւ լիաթոք, օրն ի բուն շնչել անկապանք կեանքի թթուածինը եւ վայելել «արեւորդի»ներու արեգակին տենդը։ Իսկ «ներսինները» երանութեա՜մբ տարին ու «վայելեցին» կապանքներուն շաչիւնը եւ խուցի ժանգոտած դռներուն դղրդիւնը: Այդ «մեղեդին», որպէս հարճ մը զգլխող տաղարան ընդունեցին անվհատ ու սառնասըրտութեամբ ունկնդրելով երկաթներու ամէնօրեայ ճռնչիւնը: Իրենց սփոփողը յարալէզներուն երկաթէ կապանքներուն լորձնաշուրթ համբոյրներուն առթած զովութիւնն էր, որ հաճոյքով ընկալեցին զանոնք առաւօտեան արեգակի լոյսին հետ, որ առանց արտօնութեան, երբեմն կ’այցելէր իրենց խուցը՝ փոխանցելով արի հայորդիներու բարեւները ու աւետելով Հայ ազգի վարդահեղեղ, անկապանք կեանքի մօտալուտ ըլլալը։
Անանձնական օրինակով յուշեցին, թէ ինչպէ՜ս կարելի է նուաճել բանտային մթնոլորտի հոգեբարոյական ընկճուածութիւնը։ Խուցի մը սեղմ պատերը երբե՛ք պատուար չէին, որ միշտ ապրէին ազատատենչութեան անհունութեան մէջ: Յովիկի պարագային, իր նախնիներու «Քղի»ի անսահման եդեմական գեղեցկութեամբ պարուրուած, եւ Աստղաբերդի ամրոցի պատկերով՝ անխորտակելի աշխարհ մը ուրուագծելով, ամէն օր հարսանեկան մըթնոլորտ ապրեցաւ, արբենալով ազգի արձանագրած նորագոյն յաղթանակներով, որոնց թնդիւնը կը դիւթէր բանտային միակերպ առօրեան։
Այդ նուիրեալները իրենց անկոտրում կամքով, յաղթեցին ամէն տանջանքի օրինաչափութեան եւ փաստեցի՛ն, որ արժանաւոր յետնորդներն  են նախնիներու ժառանգին, անսեթեւեթ կառչելով ու պահպանելով Նեմեսիսեան աւանդին գանձատունը:
Անոնք կենսագործեցին հայ ասպետներու ու այրուձիներու վեհութեամբ, շրջապատին փոխանցելով  անձնուրացութեան լաւագոյն օրինակները: Ճիշդ այդ մէկուն համար, իրենց սխրագործութիւնը մշտադալար խայծի նման նոր սերունդներուն ներշնչման աղբիւր դարձաւ: Նորերն ալ, իրենց կարգին, ձօնուած ուղերձը պիտի պահեն որպէս մակարդ, վերանորոգ թափով շարունակելու ազգային մշտաբորբ տենչանքին անաւարտ երթը:
Թորոնթօ,  24 Ապրիլ, 2021
Ժան Հալ­լաճ­եան
ԴԱՏԱՐԱՆ
Կարգը հասաւ ամբաստանեալներուն: Երեքով լուռ, անոնք օրերով ունկնդրած էին զիրենք ամբաստանողներու վկայութիւնները եւ զըսպած էին իրենց յոյզն ու զայրոյթը: Իրենց փոխարէն ընդվզած էր դատարանը լեցուած իրենց ազգակիցներու բազմութիւնը՝ տեսնելով, թէ ինչպէս ամէն ճիգ կը թափուէր թըշնամիին դեսպանատունը օր ցերեկով գրաւած երեք տղաքը իբր հասարակ ոճրագործներ ներկայացնելու համար:
Երբ վճիռն ալ կարդացուեցաւ, բողոքի ձայնը սրահէ՛ն լսուեցաւ. անոնք պահեցի՛ն իրենց պաղարիւնը. իրենց համար ի՞նչ արժէք ունէր այս ամբողջ աւելորդ բեմադրութիւնը:
Գիտէին թէ ի՛նչ ըրած էին. գիտէին թէ մահուան պատճառ հանդիսացած էին, ակամայ, իր պարտականութեան վրայ գտնուող պահակին, եւ հիմա ատո՛ր համար է, որ կը դատուէին:
Իրենք, որ մահը աչք առած էին, իրենց խիզախ արարքը կատարելու ատեն, հիմա չէ, որ պիտի այլայլէին՝ տասը տարի աւելի կամ պակաս բանտարկութեան դատապարտուելու սա պահուն:
Կարգը հասաւ ամբաստանեալներուն: Անոնցմէ մէկն էր, որ ձայն ուզեց, միւսները անո՛ր զիջեցան իրենց իրաւունքը:
Եւ երբ ոտքի կանգնեցաւ միջահասակ, պարզունակ այդ տղան,և որուն ուղիղ կտրուած մազերուն մէջ ժամանակէն առաջ բրնձափոշի է թափեր արդէն,և տիրեց քար լռութիւն: Եւ սկսաւ խօսիլ ան:
Ձայնի նուազագոյն ելեւէջներով, առանց բեմբասացութեան որեւէ ճիգի. պարզ բառերով՝ սրտի խօսող, սիրտ ծակող բառերով: Իր հայ ընկերոջ՝ թարգմանին կոկորդն էր, որ կը սեղմուէր. արտասուքը չէր կըրնար զսպել ան. ունկնդիրները թաշկինակ կը փնտռէին. ինք կը խօսէր՝ դէմքը սառ, խօսքը կրակ:
Եւ ինք չէր խօսողը, ի հարկէ: Ձա՛յնը իրն էր, բայց խօսքը հին էր, որքան իր ժողովուրդը, խոր՝ որքան իր այդ ժողովուրդին տառապանքը:
Երբ վերջացուց, գործողութիւնը հասաւ իր լրումին: Եթէ մինչ այդ հերոսականը Արարքն էր, այդ պահէն անդին եղաւ Խօսքը, աւելի՛ ազդու, աւելի՛ տեւական քան արարքը ինքը:
Եւ Վարդան Գոլոշեանի ծնողքին ուղարկուած նամակին նման կամ Արամ Արամեանի բանտէն գրուած թուղթին նման, Յովիկ Նուպարեանի խօսքը անցաւ մեր յեղափոխութեան պատմութեան դասական էջերուն կարգին:
«Հորիզոն», 1986-11-17
Վրէժ Արմէն
ԱՌԻՒԾԻՆ ԺԱՆԻՔԷՆ
«Ընկե՛ր, ահա ճամբան, ստեղծագործ երազներու, խիզախումի, փառքի անսովոր ճամբան, ուրկէ կը քալես արիաբար. հերոսական, հրաշալի է անիկա՝ որ քեզ կ’առաջնորդէ, բայց լի անգութ անստուգութեամբ, անսպասելի փորձութեամբ ու վատ անակնկալներով։
Հզօր է Ազատութեան սէրը՝ քան մահը ինքն իսկ, եւ դուն յօժարակամ՝ պատրա՜ստ ես ամէն անձնուիրութեան։
Ինքնակամ յանձն առած ես տառապանքը, զրկանքը, յանձն առած ես մոռնալ բոլոր սէրերը,համակերպիլ ամէն թշուառութեան, կրել բոլոր տանջանքները, անցնիլ անօթութեան,արհամարհանքի ու վշտի բոլոր փորձութիւններէն՝ որոնք հայրենանուէր կամաւորին կեանքի անբաժան ընկերն են։
Պարտականութեան լայն գիտակցութիւնը ունիս արդէն եւ հպարտ ես։ Գիտես որ ճամբան մշուշոտ է, վտանգաւոր, բայց սիրտդ ո՛չ մէկ վհատութիւն, ո՛չ մէկ տագնապ, ո՛չ մէկ տկարութիւն կը զգայ.յաղթանակի հաւատքը խո՛ր է մէջդ, անպարտելի, խրոխտ ու անսասան։
Ա՜հ, ճշմարիտ յեղափոխական զինուորն ես ուրեմն, արժանի՜ քու դրօշակիդ։
Հետեւաբար, հաւատքի նոր զօրութիւն մը, գաղափարի նոր ներշնչում մը չէ որ պիտի գտնես այս էջերուն մէջ։ Ինչ որ այս գրքոյկը քեզի պիտի ըսէ՝ ան է որուն վրայ գուցէ անփոյթ արհամարհանքով ծիծաղած ես, որը գուցէ երբեք մտաբերած չես, կամ տարտամօրէն, անցողակի կերպով յիշած երբեմն, եւ որուն վրայ սակայն անհրաժեշտ է որ ամբողջական ծանօթութիւն ունենաս։
Անհրաժե՛շտ է, ոչ միայն քու անձիդ համար՝ որ այնքան պէտք, այնքան թանկագին է Հայրենիքին ու Մարտընչումին, այլ անհրաժեշտ է մանաւանդ պաշտած Գաղափարիդ շահերուն տեսակէտովը։»
Ռուբէն Զարդարեան