Հովանաւորութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Սրահի մուտքին, հանդիսականները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սոյն ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Աննա Պարսամեան:Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սեպուհ Պապիկեան: Ան յիշեց, որ պատմութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրագործուած ամենադաժան իրականութեան՝ թուրքին ոճիրին ու ցեղասպանութեան վկայութիւնն էր: Անոնք նպատակադրած էին Օսմանեան կայսրութեան հողին վրայ ապրող իւրաքանչիւր հայ ոչընչացնել՝ առանց խնայելու կիները, ծերերն ու երեխաները: Պապիկեան մատնանշեց, որ հայ ժողովուրդը վճռակամութեամբ կրցաւ գոյատեւել եւ Տէր Զօրի անապատներէն ճողոպրած՝ ապաստան գտաւ սուրիական ասպնջական հայրենիքին մէջ: Շնորհիւ արաբ ազնիւ ժողովուրդին հիւրընկալութեան՝ հայ ժողովուրդը իր ինքնութիւնը պահելով եղաւ օրինակը գոյակցութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ նպաստեց երկրին բարգաւաճման նպաստող ծրագիրներուն: Սեպուհ Պապիկեան նաեւ դիտել տուաւ, որ սուրիական պատերազմի տարիներուն նոյն թուրքը իր վաղեմի ծրագիրներով արաբ ժողովուրդը եւս անմասն չձգեց իր ահարկու ոճիրներէն:
Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը 106 տարի պահանջատիրութիւն, Հայ Դատի անդուլ աշխատանք ու գործունէութիւն ծաւալեց, սակայն արդարութիւնը տակաւին կը յամենայ ծագելու անոր երկնակամարին վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամէնօրեայ ու յարատեւ գործընթաց մըն է: Ապա աւելցուց, որ մարդկութիւնը անցնող տասնամեակներուն եւ մինչեւ օրս տակաւին չկրցաւ կանխել պատմութեան ընթացքին իրագործուող սպանդները, հաւաքական ջարդերն ու անմարդկային բռնութիւնները, որոնք մարդկութեան արձանագրած ամօթալի ձախողութիւններէն կը համարուին: Ան յայտնեց, որ 24 Ապրիլը կը մերժէ հայ ժողովուրդի մղած նահանջն ու դար մը հեղած արցունքը: Ուստի ահազանգ հնչեցնելով պէտք է հայը վերստին զարթօնք ապրի եւ վերանորոգէ իր դարաւոր ուխտը:
Օրուան բանախօսն էր Զեփիւռ Է. Րէիսեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ անցեալէն ցայսօր կատարած բռնարարքները, մեր պայքարի աննահանջ երթը, վերջին տարիներուն աշխարհով մէկ Հայ Դատի գրասենեակներուն իրագործած նուաճումներն ու հայ ժողովուրդին պայքարելու վճռակամութիւնը։ Ապա ընդգծեց հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները։
Այնուհետեւ բանախօսը անդրադառնալով Արցախեան պատերազմի 44-օրեայ պատերազմին ըսաւ, որ հարիւր տարուան ընդմիջումով մենք անգամ մը եւս ականատեսը եղանք թուրքին բարբարոսութեան, փանթուրանական նոյն նպատակի իրականացման ուղիով, ի գործ դրուեցան նոյն եղեռնագործութիւնները:
Րէիսեան նկատել տուաւ թուրք-ատրպէյճանական ղեկավարներ ու շրջանակներ իրենց բազմապիսի արարքներով կը խախտեն Հայաստանի խաղաղութիւնը՝ հայկական կարգ մը շրջանակներէ շառաչուն պատասխաններու փոխան կը լսուին տարածաշրջանային խաղաղ գոյակցութեան կամ բարի դրացնութեան ջատագովում, յարաբերութիւններու վերանայման ու շտկումներ կատարելու ուղերձներ, որոնք միայն կրնան ծառայել տասնամեակներով հետապնդուած թրքական պետականութեան շահերուն եւ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու բեւեռացման ու պառակտումին:
Բանախօսը երախտագիտութեամբ յիշեց Սուրիոյ խորհրդարանին միաձայնութեամբ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման որոշումը, ինչպէս նաեւ վերջերս արեւմուտքի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւի ընդունումը եւ Եւրոխորհրդարանէն ներս հայ ռազմագերիներու նկատմամբ ատըրպէյճանական անմարդկային ընթացքին դատապարտումը:
Իր պատգամի աւարտին Րէիսեան շեշտեց, որ այս պատերազմը եւ մեր վրայ պարտադրուած բոլոր ցաւոտ իրավիճակները կրնան խթանի վերածուիլ: Խթան՝ ազգովին խոր հաւատքով զինուելու եւ միասնական ջանքերով ու յաւելեալ ուժականութեամբ առաջ տանելու պահանջատիրական մեր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ կրնան մեզ զսպանակող ազդակի վերածուիլ՝ հետամուտ ըլլալու ճանաչման ու դատապարտման որոշումներուն եւ անցնելու արդար հատուցման միտուած մեր իրաւական աշխատանքներուն՝ նոր բովանդակութեամբ եւ ուժականութեամբ:
(Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ տեսնել թերթի այս համարի 4-րդ էջին վրայ):
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան.- «Զուարթնոց» երգչախումբը, յաջորդաբար մեկնաբանելով «Նրանք Ընկան», «Դարձիր Անի» եւ «Իմ Հայրենիք» երգերը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի. Նայիրի Օհանեան, ասմունքեց Սիամանթոյի «Խաչը», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Օհանեանի,
Ժագի Մահսերէճեան (դաշնամուր) մեկնաբանեց Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա»ն, «Կիլիկիա» երգը ֆլիւթով հնչեցուց Աննա Մարիա Լէպլէպճեան, Արփի Գրտանեան Ժագ Յակոբեանի «Մէկ Վարկեան Լռութիւն»ը ասմունքեց,
Կասիա Պաղտիկեան մեներգեց «Կոտորածն Անգութ» երգը, իսկ Նուէր Ներսէսեան ասմունքեց Յ.Շիրազի «Հայոց Տանթէական» քերթուածէն հատուած մը, նազ պարի ընկերակցութեամբ՝ Ալիսիա Լախոյեանի եւ Լիլա Աթաշեանի:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ օրինակներ տալով վեր առաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնն ու ցեղասպանութեան փաստերը վերացնելու ճիգերը: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ թուրք ղեկավարներուն այս առնչութեամբ յառաջացուցած խորհուրդներն ու միութիւնները չկրցան կասեցնել Հայ Դատի աշխատանքները, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ընթացքը:
Տէր Մասիս նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքներուն, պահանջատիրութեան եւ պայքարի երթին նկատմամբ ունեցած անկոտրում կամքին եւ վճռականութեան։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազար Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան