Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ պատմական նուաճում մը արձանագրուեցաւ Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, իբրեւ պետութեան գերագոյն գործադիրը, հաստատեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, հայեր ենթարկուած են ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, այդ ոճիրը անկարելի է մոռնալ, պէտք չէ կրկնուի, ամէն տեսակի ատելութեան պէտք է վերջ տալ: Յայտարարութիւնը պատմական կը դասենք այն մօտեցումով, որ պատմական հանգրուաններ էին Ցեղասպանութեան ճանաչումի կեցուածքները, սկսելով Ուրուկուէյէն, որ 1965-ին առաւ պատմական առաջին քայլը եւ ճամբայ բացաւ այլ երկիրներու կողմէ նոյն որոշումին որդեգրումին: Բնականաբար գերպետութիւններու կողմէ ճանաչումը տարբեր կշիռ մը կու տայ քայլին, առանց ստորագնահատելու միւսները:
Պայտընի յայտարարութեան բնագիրը կայծակի արագութեամբ կտրեց աշխարհի տարածքը, գոհունակութեան ալիքներով ողողեց ո՛չ միայն մեզ՝ հայերս, այլ նաեւ բոլոր այն երկիրներն ու ժողովուրդները, որոնք ենթակայ դարձած են թրքատիպ ոճիրներու. յոյսի ջահը քիչ մը աւելի լուսաւորեց Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու յարգումին սպասող աշխարհը:
Մեզի՝ հայերուս համար, Պայտընի յայտարարութիւնը բոլորովին անակնկալ չէր: Թեկնածու Պայտըն այս իմաստով խոստում մը տուած էր, ամերիկեան մամուլն ու քաղաքական շրջանակները վերջին օրերուն հաւաստիք տուած էին, որ նախագահը հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումին, սակայն եւ այնպէս, ողջ հայութիւնը մինչեւ վերջին պահն ալ մնաց Թովմաս Առաքեալի կօշիկներուն մէջ, սպասելով լսել ու տեսնել խոստումին իրականացումը: Փաստօրէն, անցեալ տասնամեակներուն, նման խոստումներ տրուած էին նախագահական բազմաթիւ թեկնածուներու կողմէ, սակայն «մոգական բառը» կոկորդէն շրթունք հասցնող ճամբան չէր գտած, Թուրքիա միշտ ալ յաջողած էր իր հաշիւներուն պատանդը պահել Ուաշինկթընի գործադիր իշխանութիւնը, հսկայական գումարներ ծախսած էր իր դրժումն ու ուրացումը քարոզելու համար, ռազմաքաղաքական հաշիւներով շանթաժի ենթարկած է Ուաշինկթընն ու այլ երկիրներ: 23 Ապրիլին իսկ, կասկածի վերջին նշոյլները չէին փարատած, երբ հաղորդուեցաւ, որ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ (առաջին հաղորդակցութիւնը՝ Սպիտակ Տուն մուտքէն ետք) եւ անոր հաղորդած՝ իր որոշումը: Կասկածի նշոյլը չէր փարատած, որովհետեւ կը մնար այն հարցումը, թէ նման հաղորդակցութիւն արդեօք Պայտընի դիտաւորութեան մէջ բեկում մը պիտի չըստեղծէ՞ր: Չէ՞ որ նախորդ նախագահներն ալ նոյն ճամբէն քալած էին…: Այս բոլորէն ետք, երբ Շաբաթ կէսօրին տարածուեցաւ Պայտընի յայտարարութիւնը, բոլոր ամպերը փարատեցան, Միացեալ Նահանգներ վերջնականապէս եւ անդառնալի կերպով իր ձայնը միացուց բազմատասնեակ այն երկիրներուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք ճանաչում տուած են Ցեղասպանութեան, ճշմարտութեան ու արդարութեան ձայնը նախապատիւ նկատած են նիւթական, ռազմավարական եւ բազմապիսի այլ շահերու:
Հայ աշխարհը շնորհակալական արտայայտութիւններով արձագանգեց Սպիտակ Տան պետին այս կեցուածքին: Պաշտօնական Երեւանը՝ նախագահով, վարչապետով, արտաքին գործոց նախարարութեամբ, միաձայն էր գոհունակութեան արտայայտութեանց մէջ: Միաձայն էին կուսակցութիւններ ու քաղաքական միաւորներ, ամբողջ հայկական աշխարհը:
Դրական արձագանգներ արձանագրուեցան նաեւ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ, սկսելով ամերիկեան պետական ու մամլոյ շրջանակներէն: Անհրաժեշտ չենք նկատեր արձանագրել բոլորը, սակայն կ’արժէ առանձնացնել գոնէ խորհըրդարանական Ալեքսատրիա Օքասիօ Քորթէզի այն նկատողութիւնը, որ սա շատ ուշացած (Long overdue) բայց արդար քայլ մըն էր: Ան միակը չէր նման դատումի մէջ:
ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՈԹՈՐԿԱԾ
Թուրքիոյ նախագահը, արտաքին գործոց նախարարն ու պետական այլ պատասխանատուներ միաձայնութեամբ փոթորիկ յարուցեցին ի լուր Պայտընի յայտարարութեան, այնպէս՝ ինչպէս սովորութիւն դարձուցած են ամէն անգամ, երբ ճշմարտութեան ձայնը կը հնչէ բարձրագոյն ամպիոններէ: Թրքական նման հակազդեցութիւն, չանտեսենք, նաեւ մէկ արտայայտութիւնն է այն սարսափին, որ կը պատէ Թուրքիոյ պետական ոճրագործները՝ երբ դէմ յանդիման կը դրուին կարմիր ճշմարտութեան: Վերանորոգուեցան հին յանկերգները, թէ թրքական պետութեան կողմէ հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպումն ու գործադրութիւնը սուտ վերագրում են, թէ կ’անտեսուին թուրք զոհերը, աւելի՛ն, անոնք նաեւ գործի լծեցին սպառնալիքներու լեզուն, հաշուետուութեան կանչելով ամերիկացի դեսպանը:
Պէտք է շեշտելով արձանագրենք, որ Էրտողանի ընդդիմադիրներն ալ ձայնակից էին պետական պատասխանատուներու արձագանգներուն եւ մեկնաբանութիւններուն, նոյն ժխտողականութիւնն ու յանցանքը չընդունելու «տրամաբանութիւնը» անգամ մը եւս ներգրաւեց ու կլանեց Ատրպէյճանը: Մէկ խօսքով, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ներքին տարակարծութիւններ չքացան, երբ հարցը հասաւ անխուսափելի հաշուետուութեան:
Թրքական փոթորիկը կրնայ նոր ալիքներ բարձրացնել վաղը-միւս օր: Անցեալին, երբ Ֆրանսա կամ այլ երկիրներ նման արդար կեցուածք արտայայտած են, Թուրքիա բազմիցս իր դեսպանը տուն կանչած է, հազար ու մէկ սպառնալիք տեղացուցած է ասոր-անոր հասցէին, ամէն անգամ ալ… քանի մը ծածկոյթ վերցնելով պետական ոճրագործի իր դիմակին վրայէն, յոխորտացող սպառնացողի իր իսկական դէմքը ցոյց տալով ամբողջ աշխարհին:
ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ
ՄԸ ԼՐՈՒՄԸ
Պայտընի յայտարարութիւնը խորքին մէջ լրումին կը հասցնէ քաղաքական գործընթաց մը, զոր կարելի է կոչել Ցեղասպանութեան ճանաչման ամերիկեան բուրգը:
Ծանօթ է, որ այս կեցուածքին ենթահողը կը պատրաստուէր տասնամեակներէ ի վեր: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն առաջ իսկ, մասնաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը, լծակից միաւորներու հետ գործակցաբար, լուռ ու բացայայտ աշխատանք տարած են այս գագաթը նուաճելու նպատակով: Ամերիկացի պետական անհատներ, յետոյ՝ գաւառներ, նահանգներ, իսկ մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ նոյնինքն օրէնսդիր իշխանութեան երկու տուները՝ Ներկայացուցչականն ու Ծերակոյտը, սպիտակի վրայ սեւով արձանագրուած բանաձեւերով, հաստատած էին Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ձայնակցելով հայութեան, թէ՝ նման արարքներ պէտք չէ կրկնուին: Մէկ խօսքով, այս բուրգին քարերը կոփուած ու մէկ առ մէկ տեղադրուած են տարուէ տարի, եւ ահա, 24 Ապրիլ 2021-ին, դրուեցաւ գագաթնակէտի վերջին քարը: Իսկ առաջին քարերը տեսնելու համար, կրնանք վերադառնալ մինչեւ… նախագահ Ուիլսընի եւ դեսպան Մորկընթաուի օրերը:
Բարեկամ մը հետեւեալ խօսքով բացատրեց իր տպաւորութիւնը. «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք…»:
Եւ պատահական չէ, որ Պայտընի ու նախընթացներուն ճանաչումի կեցուածքները առաջին հերթին որոշ բաւարարութիւն կը բերեն Հայ Դատի ծառայողներուն, գործնական աշխատանքները անդուլ կերպով շարունակողներուն: Անոնք լաւ գիտեն, որ այս նուաճումը շահուած է ի նպաստ ամբողջ հայութեան, նոյնինքն՝ Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց: Աւելի՛ն, այս նուաճումը յատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ մասնաւորաբար մեր հաւաքական կեանքի ներկայ փուլին, երբ «ընկղմած» ենք Արցախի 44-օրեայ պատերազմով ստեղծուած տարապայման վիճակին մէջ…
ԽԹԱՆ՝ ՆՈՐ
ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ
Պայտընի յայտարարութիւնը, ինքնին կարեւոր յառաջընթաց մը ըլլալուն կողքին, կենսական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այլ նմանօրինակ քայլերու իրականացման իմաստով:
Հիմա, երբ Ուաշինկթըն եւս իր ձայնը կը միացնէ այլ հզօրներու՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, ապա նաեւ Վատիկանի, Յունաստանի, հարաւ-ամերիկեան ու արաբական երկիրներու եւ նմաններու արդարատենչութեան, սպասելի է, որ քաղաքական երկչոտութիւն կամ մասնակի հաշիւներ հետապնդողներ խթանուին յարելու դէպի ճըշմարտութեան ճանաչումը, մէկդի դնեն կրաւորական սպասողականութիւնը (չմոռնանք, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին, շըրջադարձային եղաւ այս իմաստով, երբ բազմաթիւ վերապահներ միացան ճշմարտութեան ձայնին), հետեւաբար, կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ վզին շուրջ սեղմուող չուանը շատ աւելի խեղդող պիտի ըլլայ ու բաց մարտահրաւէր մը պիտի ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին տատամսոտ ու վերապահ մօտեցում ունին: Այլ խօսքով, մեր դիմաց կ’ընդարձակուի քաղաքական նոր նուաճումներու ուղին:
ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆԸ՝
ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Մեր իրաւունքներուն եւ պատմական ճշմարտութեանց պաշտօնական ճանաչումի երթը եթէ այսպէսով դէպի յառաջ նոր ոստում մը կ’արձանագրէ (կրկնենք՝ ուշացած), սակայն, ինչպէս նշեցինք արդէն, սա պարզապէս ամերիկեան բուրգին գագաթը կ’ամբողջացնէ:
Մեզի համար, իբրեւ ազգ, պետութիւն, կուսակցութիւններ ու զանգուածներ՝ կարեւորագոյն «գագաթ»ը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ պետութիւնը ծունկի բերելը, անոր պարտադրել ընդունիլ՝ թէ ինք ժառանգորդն է անվիճելի եւ անծածկելի ոճիր մը գործած պետութեան՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հեղինակ կառավարութեան, անկախ՝ թէ անիկա ունէր կայսերակա՞ն թէ հանրապետական դիմագիծ: Եւ հայը միակը չէ, որ ենթակայ դարձած է ծրագրեալ ոճիրին, թէեւ մենք ենք որ մարդկային, հողային եւ մշակոյթային ամէնէն բարձր գինը վճարած ենք:
Այս իմաստով, Պայտընի յայտարարութիւնը պէտք է դիտել իբրեւ միայն ու միայն կարեւոր հանգրուան մը՝ մեր երկար երթին ճամբուն վրայ: Եթէ ամերիկեան պետութեան այս կեցուածքը եկած ըլլար քանի մը տասնամեակ առաջ (չենք մոռնար 50-ական տարիներէն ի վեր ամերիկեան բեմին վրայ արձանագրուած հայանպաստ բանաձեւերն ու յայտարարութիւնները, ներառեալ նախագահ Ռէյկընի յայտարարութիւնը), մեր խանդավառութիւնն ու գոհունակութիւնը շատ աւելի շեշտուած պիտի ըլլային: Այսօր, այդ խանդավառութիւնը անխառն չէ, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, կ’ապրինք յետ-պատերազմեան անկումային պայմաններուն մէջ, հետեւաբար, առաջին հերթին՝ մե՛նք ենք որ կը կանգնինք ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց, որպէսզի այս յայտարարութիւնը չմնայ խօսքի ու պարզ բանաձեւի մը սահմաններուն մէջ, որ քան ալ որ կարեւոր ու պատմական ըլլայ նախագահական մակարդակի նման արտայայտութիւն, որքան ալ բերկրալի ըլլայ երկարաշունչ արշաւի մը այս շօշափելի արդիւնքը: Չմոռնանք երգին բառերը. «Դեռ ճամբայ ունինք, պիտի հասնինք Սասուն…»
(Այս մասին՝ յաջորդիւ):
Ս. Մահսերէճեան