Առաջին անգամ ըլլալով սուրիայահայերը Հալէպի մասին կը խօսին առանց պատերազմ բառը գործածելու: ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին հետեւելով, մարդիկ տեսան, որ Հալէպը միայն պատերազմի քաղաք չէ. հոն արմատ նետած են պահանջատէր երիտասարդներ, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն ծառայելու իրենց ազգին՝ իրենց լուման բերելու մեր պայքարին: 23 Ապրիլի երեկոյեան ջահերթ կազմակերպելու միտքը ՍԵՄ-ականներունն էր: Բոլորն ալ պատրաստ էին աշխատանքի լծուելու: ԿՎ-ը կազմեց յանձնախումբ մը, որ ստանձնեց ջահերթի ընթացքին օգտագործելի մոմերուն, ջահերուն եւ պաստառներուն պատրաստութիւնը: Հոնկէ յառաջացաւ ենթայանձնախումբ մը, որ պիտի ստանձնէր Ազգ. գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած գեղարուեստական յայտագիրին պատրաստութիւնը: ՍԵՄ-ի բոլոր ընկերները, սակայն, միշտ ալ մէկ բռունցքի պէս աշխատած են, ուստի յանձնախումբի անդամ եղող-չեղող բոլորն ալ փորձեցին իրենց կարողութեան համեմատ օգտակար դառնալ իրենց ընկերներուն՝ յաջողցնելու համար այս ձեռնարկը: Մեր ձայնը բարձրացնելու նոր ձեւ մըն էր, որ նախապէս չէինք յանդգնէր այս տարողութեամբ իրականացնելու Հալէպի փողոցներուն մէջ:
Ամէն օր որ կեդրոն կը հանդիպէի, կը տեսնէի թէ ինչպէ՛ս բոլորը ԿՎ-ի ընկերներուն ցուցմունքներով լծուած են աշխատանքի։ Բոլորս պատասխանատուութեամբ կը կարգաւորէինք այդ օրուան յատուկ աշխատանքները, որովհետեւ առաջին անգամն էր Հալէպի մէջ այսպիսի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենար, միեւնոյն ժամանակ վախ մը կար մեր մէջ՝ արդե՞օք պիտի կարենայինք յաջողցնել զայն:
Հասաւ սպասուած օրը, ժամը 6:30-ին բոլոր ՍԵՄ-ականները, ինչպէս նաեւ մեր քոյր միութիւններն ու մեծ թիւով համակիրներ հաւաքուած էին ԱՔԵՃ շրջափակին մէջ։ Ժամը 7:00-ին ջահերթը պիտի սկսէր։ Սկսանք աշխատանքի, պատասխանատու ընկերները ներկաներուն բաժնեցին մոմեր, ջահեր, պաստառներ: Բոլորս շարուեցանք ու ճամբայ ելանք: Այդ վայրկեանուան զգացումս տարօրինակ էր: Յուզուած էի, որովհետեւ մեր ջահերթին նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակն էր, ոգեկոչում էր, բայց միեւնոյն ժամանակ հպարտ էի, որ ձեռք-ձեռքի տալով, քանի մը օրուան մէջ կրցանք յաջողցնել այսպիսի պատասխանատու աշխատանք մը, ու մեր պահանջատիրութիւնը բոցավառել, ջահերուն կրակով մարդոց ուշադրութեան կայծ տալ, որ հետաքրքրուին, ճանչնան, ուսումնասիրեն, ծանօթանան մեր դատին ու ճշմարտութիւնը իմանան, արդարութեան համար իրենք եւս պայքարին: Այլ երկիրներ բնակող մեր ընկերները իրենց զարմանքը կ’արտայայտէին մասնակիցներու մեծ թիւին գծով: Մասնակիցները կարգապահ զինուորներու պէս անխօս կը քալէին, անոնց աչքերը նոյն արտայայտութիւնը ունէին, տեսիլքը մէկ էր ու հաւատքը՝ միշտ ներկայ:
Միշտ ալ փափաք ունեցած եմ ներդրում մը բերել մեր դատին, իմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ, Հալէպի մէջ, ու թէեւ այս աշխատանքը փոքր քայլ մըն էր Հայ Դատի ծանօթացման արշաւին մէջ, սակայն մեր մէջ արթնցուց նոր միտքերով, նոր ծրագիրներով երիտասարդական աշխատանքներուն թափ տալու մղում մը:
Անժելա Չաղլասեան