Հա­մա­գու­մա­րի եր­րորդ  եւ վեր­ջին օրն էր:
Անոնք կ’ըն­թա­նա­յին նոյն անո­րո­շու­թեան մէջ, որ ի յայտ կու գար ժո­ղո­վա­կան­նե­րու գրե­թէ ան­կա­պա­կից ելոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին, որ օրա­կար­գա­յին ամէն հաս­կա­ցու­թե­նէ զուրկ էր:
Ըստ սո­վո­րու­թեան՝ Դալ­լաք­եան հրա­ւի­րած էր կարգ մը ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան­ներ՝ բարձ­րաց­նե­լու հա­մար հան­դի­պում­նե­րուն վար­կը եւ քիչ մը լիցք ու բո­վան­դա­կու­թիւն նե­րար­կե­լու հա­մար անոնց: Այն օր­ուան հիւ­րերն էին Սիլ­վա Կա­պու­տիկ­եա­նը եւ Ռազ­միկ Դա­ւոյ­եա­նը, որոնք իրենց կար­գին շատ աւե­լի տար­ուած էին օր­ուան ան­ցու­դար­ձե­րով եւ Հա­յաս­տա­նը ընկ­ճող առօր­եայ հո­գե­րով, որոնց ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թեան տակն էին բո­լո­րը:
Եկաւ պահ մը, ուր Սեւ­տա Սե­ւան դի­մեց Դա­ւոյ­եա­նին.
-Ասա՛, Ռազ­միկ, վեր­ջին ան­գամ ե՞րբ գրիչդ ձեռք առիր գրա­կա­նու­թեան հա­շուոյն…
Որուն Դա­ւոյ­եան չկր­ցաւ յս­տակ պա­տաս­խան մը տալ, բա­ներ մը  մռլ­տաց, աջ ու ձախ նա­յե­ցաւ ու լռեց, կար­ծես ժա­մա­նա­կէն դուրս կ’ապ­րէր ու մոռ­ցած էր զայն:
-Ես տարի­էն աւե­լի է մէկ տող չեմ գրած,- իր մա­սին վկա­յեց Սեւ­տա Սե­ւան:
Կը յի­շեմ, որ  այն օրը  խօսք առաւ նա­եւ Կա­պու­տիկ­եա­նը: Ան ի մի­ջի այ­լոց պատ­մեց, թէ ինչ­պէ՛ս անց­եա­լին ար­տա­սահ­ման հրա­ւիր­ուած մտա­ւո­րա­կա­նին կը թե­լադր­ուէր, թէ ո՛ր շր­ջա­նա­կին  պար­տի մօ­տե­նալ եւ ո՛ր մէ­կէն՝ խու­սա­փիլ:
Այս կէ­տին հա­սած՝ կարգ մը պատ­գա­մա­ւոր­ներ  որո­շա­կի վր­դո­վե­ցան եւ յայտ­նե­ցին իրենց վե­րա­պա­հու­թիւնը, չը­սե­լու հա­մար՝ դժ­գո­հու­թիւնը:
Ժո­ղո­վը շօ­շա­փե­լի ձեռք­բե­րու­մով մը փա­կե­լու  հե­ռան­կա­րով՝ Դալ­լաք­եան, միշտ հա­ւա­տա­րիմ  մի­աս­նա­կան յանձ­նա­խումբ մը կազ­մե­լու գա­ղա­փա­րին, գր­պա­նէն հա­նեց  այս նպա­տա­կով  կազմ­ուած անուն­նե­րու  ցանկ մը՝ առ ի քու­է­ար­կու­թիւն:
Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը, իրենք՝ նշա­նակ­եալ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը նե­րառ­եալ, առար­կե­ցին, թէ իրենք լի­ա­զօր­ուած չեն   նման քու­է­ար­կու­թիւն մը կա­տա­րե­լու: Թէ պէտք է վե­րա­դառ­նան իրենց  վար­չու­թիւն­նե­րուն, զե­կու­ցեն այս բո­լո­րը, եւ վար­չու­թիւն­ներն է որ պար­տէ­ին  կա­յաց­նել վերջ­նա­կան որո­շու­մը:
Այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ ալ փակ­ուե­ցաւ  ժո­ղո­վը:
Վար­չա­կար­գա­յին վե­րա­հաս փո­փո­խու­թիւնն  ու ան­կա­խու­թիւնը բո­լո­րո­վին մոռ­ցու­ցին այդ հա­մա­գու­մարն ու անոր ծի­րէն ներս առն­ուած տար­տամ յանձ­նա­ռու­թիւնը, հրա­պա­րա­կէն հե­ռա­ցաւ ին­քը՝ Դալ­լաք­եա­նը եւս, որ գլ­խա­ւոր նա­խա­ձեռ­նողն էր այդ բո­լո­րին:
* * *
Այն օրը ընթ­րի­քին Եա­փուճ­եան յայտ­նեց, որ  պէտք է հան­դի­պիլ Ռա­ֆա­յէլ Իշ­խան­եա­նին ու անոր յանձ­նել կարգ մը գիր­քեր (իմա՝ «ար­գիլ­ուած գրա­կա­նու­թիւն»): Եւ հրա­ւի­րեց զիս ըն­կե­րա­նա­լու իրեն:
-Թող չկար­ծէ, թէ ան­հա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն  մըն է այս եղա­ծը:
Մեծ հա­ճոյ­քով ըն­դա­ռա­ջե­ցի, որով­հե­տեւ այն տա­րի­նե­րուն Իշ­խան­եան հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած էր  շնոր­հիւ իր հա­յա­գի­տա­կան  աշա­խա­տու­թեանց ու ինչ­պէս նա­եւ  այն սուր պայ­քա­րին,  որ, հա­կա­ռակ իր դա­սա­խօ­սի հան­գա­ման­քին, կը մղէր ի նպաստ Մես­րոպ­եան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մին ու հա­յե­րէ­նի մաքր­ման՝ օտար խորթ բա­ռե­րու հե­ղե­ղէն: Անոր սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող­նե­րը կը պատ­մէ­ին,  թէ ինչ­պէս իր բա­ռամ­թեր­քին  անու­շա­դիր ու­սա­նո­ղը  կը ձա­խո­ղէր քն­նութ­եան՝  օտար բառ կի­րար­կած ըլ­լա­լու հե­տե­ւան­քով:
Եւ հի­մա առի­թը կը ներ­կա­յա­նար զայն ճանչ­նա­լու յա­կա­նէ-յան­ուա­նէ:
Կառ­քը հան­դարտ կը յա­ռա­ջա­նար ցուրտ ու մութ փո­ղոց­նե­րէն՝ չհաշ­ուած աստանդ պլպ­լա­ցող հա­տու­կենտ  տժ­գոյն լամ­բե­րը:
Երբ կը փոր­ձէ­ինք հաս­ցէ տալ,  «պէտք չի, ես լաւ եմ ճա­նա­չում  նրան»,- վրայ բե­րաւ վա­րոր­դը, եւ քիչ ետք  կանգ առաւ  շէն­քի մը առ­ջեւ.
-Է՛ս ա:
Հրա­հա­նի ու լուցկիի լոյ­սով բարձ­րա­ցանք ու զար­կինք զան­գը:
Դու­ռը բա­ցաւ մի­ջա­հա­սակ, նր­բա­կազմ, ալե­խառն մա­զե­րով  տղա­մարդ մը, որ ինքն էր:
Տր­ուած ըլ­լա­լով դուր­սի ցուր­տը՝ ան իս­կոյն ու մե­քե­նա­բար ներս հրա­ւի­րեց մեզ:
Թե­թե­ւօ­րէն լու­սա­ւոր­ուած սեն­եակ մըն էր, որուն մէկ ան­կիւնը կին մը՝ նոյ­նինքն տի­կին Իշ­խան­եա­նը,  գե­տի­նը նս­տած, հիւսք կը գոր­ծէր լու­սամ­փո­փի մը կից: Մեզ տես­նե­լով ժպի­տով մը մօ­տե­ցաւ եւ սպա­սո­ղա­կան կանգ­նե­ցաւ  եր­կու քայլ ան­դին:
-Բա­րի եկաք,- ըսաւ  Իշ­խան­եան վա­ղե­մի  բա­րե­կա­մի մը պար­զութ­եամբ ու մտեր­մու­թեամբ, որ յա­տուկ է հան­րա­յին դէմ­քե­րու, առա­ւել եւս դա­սա­խօս­նե­րու, որոնք են­թադր­ուած են ամէն­քէն ճանչց­ուած ըլ­լալ եւ ամէն­քին պատ­կա­նիլ հա­ւա­սա­րա­պէս:
Եա­փուճ­եան փու­թաց ներ­կա­յաց­նել մեզ եւ այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը:
Իշ­խան­եան ինք ան­ցաւ շատ պզ­տիկ սե­ղա­նի մը շուրջ եւ հրա­ւի­րեց մեզ նս­տե­լու իր դէմ, ուր դր­ուած էին եր­կու աթոռ­ներ, կար­ծես  գի­տէ­ին, որ եր­կու այ­ցե­լու պի­տի ու­նե­նան:
Եւ առա­ջին խօս­քը եղաւ.
-Եթէ քա­ռորդ ժամ առաջ գա­յիք, Վազ­գէ­նը այս­տեղ էր:
Վազ­գէ­նը՝ Մա­նուկ­եանն էր, որ իր փե­սան կ’ըլ­լայ եւ որուն անու­նը ամէն տեղ էր այն օրե­րուն, հա­ւա­նա­բար ամէ­նէն աղմ­կա­րա­րը եղած­նե­րուն մէջ:
* * *
Ոչինչ գի­տէի Իշ­խան­եա­նի մա­սին, որ­քան ալ կար­դա­ցած ըլ­լա­յի անոր մէկ քա­նի գոր­ծե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար «Ար­դի հա­յե­րէ­նի  շա­րա­հիւ­սու­թիւն»-ը եւ ուղ­ղագ­րա­կան կարգ մը պրակ­նե­րը, սա­կայն բա­ւա­կան լսած էի կնո­ջը մա­սին, որ հի­մա վե­րա­դար­ձած էր իր բազ­մո­ցին վրայ ու կը շա­րու­նա­կէր  հիւ­սել՝ մերթ ընդ մերթ ժպ­տա­գին նա­յե­լով հիւ­րե­րուս ուղ­ղու­թեամբ : Եւ մինչ ամու­սի­նը  կը խօ­սէր,  ես մտո­վի կը վե­րա­կանգ­նէի ման­րա­մաս­նե­րը այն ող­բեր­գու­թեան, որ ապ­րած էր այս կի­նը կեան­քի ար­շա­լոյ­սին:
Ան աղ­ջիկն էր յայտ­նի մար­զիկ Վա­հան Չե­րա­զի,- եղ­բօ­րոր­դին Մի­նաս Չե­րա­զի,-  որ Եղեռ­նէն առաջ  Պոլ­սոյ մէջ հիմ­նած էր  ՀՄԸՄ-ը, մար­զա­կան ակումբ մը եւ եղած էր առա­ջի­նը, որ օտար խում­բեր հրա­ւի­րած էր Պո­լիս հիւ­րա­խա­ղե­րու: Եղեռ­նին ան կ’անց­նի Կով­կաս, կը մի­ա­նայ Անդ­րա­նի­կի կա­մա­ւո­րա­կան խում­բին ու կը մաս­նակ­ցի անոր բո­լոր  մար­տե­րուն մին­չեւ 1919: Այս թուա­կա­նին  Նի­կոլ  Աղ­բալ­եա­նի առա­ջար­կով կը հաս­տատ­ուի Ալեք­սանդ­րա­պոլ (Գիւմ­րի) ու կը ստանձ­նէ հայ որ­բե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը: Աւե­լի ուշ  կը մաս­նակ­ցի Փետր­ուար­եան ապս­տամ­բու­թեան եւս՝ սա­կայն առանց լքե­լու եր­կի­րը: Ատեն մըն ալ կը ծա­ռա­յէ  Ամե­րիկ­եան նպաս­տա­մա­տոյ­ցին… այս բո­լո­րը կը յան­գեց­նեն անոր ձեր­բա­կա­լու­մին եւ  աք­սո­րին դէ­պի Սի­պիր:  Ուր­կէ կը վե­րա­դառ­նայ  քա­նի մը տա­րի ետք,   սա­կայն վերս­տին կը ձեր­բա­կալ­ուի  եւ իբ­րեւ ազ­գայ­նա­կան կը գն­դա­կա­հար­ուի 1928-ին: Իսկ 1937-ին կը գն­դա­կա­հար­ուի կինն ալ՝ Վար­դա­նու­շը, որ ետին կը ձգէ ան­չա­փա­հաս աղ­ջիկ մը՝ Բիւ­րակ­նը՝ 10 տա­րե­կան: Սա կ’որ­դեգր­ուի  մօ­րեղ­բօ­րը կող­մէ  ու կը փրկ­ուի՝ մա­կա­նու­նը վե­րա­ծե­լով Անդ­ր­է­աս­եա­նի, աւե­լի ուշ դառ­նա­լու հա­մար տի­կին Բիւ­րակն Ռա­ֆա­յէլ­եա­նը,  վաս­տա­կա­ւոր բա­նա­սէր ու ման­կա­վարժ, որ հի­մա,   քա­նի մը մեթր ան­դին բազ­մած, մեղ­միւ կը  ժպ­տի ու կը հիւ­սէ:
Նուազ վի­պա­կան չէ եղած կեան­քը ամու­սի­նին եւս:
Ծնած 1922-ին՝ ութ տա­րե­կա­նին  կը կորսնց­նէ մայ­րը, իսկ 1937-ին կը գն­դա­կա­հար­ուի հայրն ալ: Հա­կա­ռակ այս դառ­նու­թեան ու ան­տի­րու­թեան՝ ան  կը յա­ջո­ղի հա­մալ­սա­րա­նա­կան կր­թու­թիւն ստա­նալ,  բայց կը ստիպ­ուի ընդ­մի­ջել զայն  ու կը մեկ­նի ճա­կատ Հիթ­լե­րի հոր­դա­ննե­րուն դէմ, կը վի­րա­ւոր­ուի ու գե­րի կ’իյ­նայ, սա­կայն կը յա­ջո­ղի փախ­չիլ,- հա­կա­ռակ թե­թեւ կա­ղու­թեան մը, որ կը մնայ մին­չեւ մա­հը,-  ու շա­րու­նա­կել պա­տե­րազ­մը մին­չեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ:
Այս բո­լո­րը պէտք է իրենց խոր կնի­քը դրած ըլ­լա­յին անոր հոգի­ին վրայ:
* * *
Երբ յա­ջո­ղե­ցայ կտր­ուիլ  անց­եա­լի տխուր պատ­մու­թիւն­նե­րէն ու կեդ­րո­նա­նալ իր պա­տու­մին վրայ. ան մա­ղէ կ’ան­ցը­նէր    հայ-ռուս  յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վեր­ջին  300-ամ­եայ այն­պի­սի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, որ կ’ան­գի­տա­նա­յինք հա­սա­րակ մահ­կա­նա­ցու­ներս:
Կը խօ­սէր մեղմ, հատ-հատ ար­տա­սա­նե­լով բա­ռե­րը, որ­պէս­զի անոնց­մէ ոչ մէ­կը կորս­ուէր, կար­ծես գտն­ուէր լսա­րա­նի մը մէջ, ուր   կը ջա­նար  անմ­նա­ցորդ հասկց­ուիլ իր ու­սա­նող­նե­րէն: Նկա­տե­լի էր անոր ամուր  կառ­չա­ծու­թիւնն ու թա­քուն շա­հագրգ­ռու­թիւնը մա­տու­ցած նիւ­թին հան­դէպ: Այդ­պէս ալ կը բա­ցատր­ուէր մեզ տպա­ւո­րե­լու ու հա­մո­զե­լու ճի­գը:
Մեր այ­ցե­լու­թիւնը տե­ւեց մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու ժամ:
Այս ամ­բողջ ժա­մա­նա­կին հա­զիւ տա­սը վայրկ­եա­նը բա­ժին ին­կաւ մե­զի, մնաց­եա­լը  ինք խլեց ամ­բող­ջու­թեամբ՝  ման­րա­մասն լու­սա­բա­նե­լու հա­մար մեզ, թէ ինչ­պէս  այդ երեք դա­րե­րու  ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան մեր մի­ակ թշ­նա­մին եղած են ռու­սե­րը, որոնց վե­րագ­րեց մեր ազ­գա­յին ամ­բողջ ող­բեր­գու­թիւնը:
Այն­քան հա­մոզ­ուած էր ըսած­նե­րուն ու վա­ւե­րա­կա­նու­թիւն  կը դնէր  շեշ­տին մէջ, որ պա­պան­ձած էինք եր­կուքս ալ,  եւ ոչ մէկ տե­ղիք ու­նէ­ինք  հա­կա­ճա­ռե­լու:
Հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ետք անդ­րա­դար­ձայ եր­կու բա­նի.
-Ան  ոչ մէկ ատեն ժպ­տե­ցաւ:
-Եւ ոչ մէկ ան­գամ ար­տա­սա­նեց թուր­քե­րուն անու­նը:
Արմենակ Եղիայեան