«Լուրեր».-ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան հարցազրոյց  տուած է Nouvelle d’Armռnie պարբերականին: Հարցազրոյցի հիմնական նիւթը Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած  տարածքներու մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան հարցն էր: Դեսպանը յայտնած է, որ Հայաստանի նպատակն է ԻՒՆԵՍՔՕ-ին ներգրաւած  գործընթացին մէջ  կանխել Արցախի` ատրպէյճանական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մէջ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու վանտալիզմի գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելու` Ատրպէյճանի փորձերը:

Հակառակ որ Պաքուն համաձայնած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ներգրաւուածութեան, այնուամենայնիւ, խոչընդոտներ  ստեղծած է առաքելութեան իրականացման համար: Ըստ դեսպան Տէր-Ստեփանեանին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վախնան, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտները, մուտք գործելով հայկական մշակութային վայրեր, ականատես պիտի ըլլան հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններուն: