Նկատի առնելով իրաւապահ մարմիններու կողմէն ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն դէմ վերջին ժամանակաշրջանին Երեւանի ու մարզերուն մէջ իրականացուող քաղաքական հետապնդումները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը իր 28 Ապրիլի յայտարարութեամբ դիմած էր իրաւապահ մարմիններուն եւ պահանջած էր մնալ բացառապէս օրէնքով իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու սահմաններու մէջ, չարժէզրկել պետական հիմնարկները, չդառնալ օրուան իշխանութիւններու քաղաքական կամակատարը, ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան ու քաղաքացիի օրինական շահերուն:

Այս պահանջը բարձրաձայնելու համար այսօր, 29 Ապրիլին ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ հրաւիրուած է բողոքի ցոյցի:

ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան ցոյցի ընթացքին ըսաւ, որ դատախազութիւնը, փոխանակ իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան հետեւեր, անտարբերութեան կը մատնէր հարցն ու քաղաքացիները արգիլելով իրենց բողոքը ներկայացնել:

«22 Ապրիլին, երբ Սիւնիքի հերոսական ժողովուրդը անհրաժեշտ իր գնահատականը կու տար երկրի ղեկավարին, սկսաւ այլանդակ հետապնդումներու շարան, 30-էն աւելի անձեր բերման ենթարկուեցան եւ ձերբակալուեցան»,յիշեցուց Մինասեան եւ աւելցուց, որ երբ կազմակերպուեցաւ յաջակցութիւն սիւնեցիներու ցոյցը եւ պահանջուեցաւ ազատ արձակել ապօրինաբար բերման ենթարկուածները, շարուկանուեցան քաղաքական հետապնդումները ցոյցը իրականացնող անձերու նկատմամբ:

Մինասեան յիշեցուց, որ ցոյցի ընթացքին քաղաքացիները հանդիպում կը պահանջէին ՀՀ գլխաւոր դատախազի հետ, սակայն ժողովուրդի խօսքը անտեսուեցաւ:

Մինասեանը կոչ ուղղեց, որ իրաւապահ համակարգի մէջ իրենց արժանապատիւ համարողները թոյլ չտան, որ այս օրինակով խայտառակուին անոնց անունները:

Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցող բողոքի ցոյցի ընթացքին հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ ՀՅԴ ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, որ օրեր առաջ մենք հոս էինք մեր բողոքի ձայնը բարձրաձայնելու, մեր համակրանքը եւ աջակցութիւնը ցոյց տալու մեր հպարտ եւ արժանապատիւ սիւնեցիներուն՝ այն սիւնեցիներուն, որոնք պետութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ պահպանած են սեփական հողը, պահպանած են պետականութեան հեղինակութիւնն ու արժանապատուութիւնը եւ երկրի ապագան:

Ան նաեւ շեշտեց` կարելի չէ լռեցնել դաշնակցութեան անդամները նման քաղաքական հետապնդումներով:

«Մեզ կարելի չէ լռեցնել եւ երէկ դաշնակցութեան անդամներ` Իշխան Սաղաթէլեանին, Տարօն Տօնոյեանին եւ Արծուիկ Մինասեանին քննչական մարմինները ներկայացուցած են ծանուցագիրեր եւ, անշուշտ, պատահականութիւն չէ եւ տեղաւորուած է քաղաքական ճնշումներ  իրականացնելու այս իշխանութեան փիլիսոփայութեան մէջ», յայտնեց ան:

Որպէս խօսքի ամփոփում Լիլիթ Գալստեան շեշտեց` դաշնակցականները չեն պատրաստուիր լռելու եւ պիտի պայքարին յանուն Հայաստանի փրկութեան:

«Մենք կը պայքարինք ոչ թէ իշխանութեան, այլ հայրենիքի փրկութեան համար, ազգադաւ իշխանութիւններէն երկիրը փրկելու համար եւ կը պայքարինք ապագայի համար: 3 տարի այս իշխանութիւնները կ’ուզէին ուզումպացնել իշխանութեան բոլոր ճիւղերը, այդ նոյն յամառութեամբ անոնք կը կազմաքանդեն նաեւ իրաւական մարմիններուն` խամաճիկային գործիք դարձնելով անոնց», ըսաւ Լիլիթ Գալստեան:

Դատախազութեան շէնքին մօտ բողոքի ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան ըսաւ, որ Նիկոլը մեր երկիրն ոււ մեր ժողովուրդը տարաւ պարտութեան: Այս շէնքին մէջ հաւաքուած մարդիկ ծառայելով անոր Նիկոլի ձեռքով երկու անգամ  պարտուած են:

Մանուկեանը շեշտեց, որ Դատախազութեան շէնքին մէջ գտնուողները գլխաւոր դատախազի գլխաւորութեամբ աչք փակեցին Քննչական կոմիտէի մէջ ինչպէս  անմարդկային վերաբերմունք դրսեւորած են Արցախեան երեք պատերազմի մասնակից շուռնուխեցի Արարատի նկատմամբ:

Գեղամ Մանուկեան դիմեց Դատախազութեան աշխատողներուն` ըսելով, որ անձնակազմի նիստի ընթացքին չհագնին իրենց սպիտակ համազգեստը, քանի որ ամօթ է:

Ամփոփելով խօսքը` Գեղամ Մանուկեան շետեց, որ իրենց պայքարը ունի մէկ թիրախ` օր առաջ ազատիլ հայրենադաւ իշխանութիւններէն: