ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Մարտիկ Մարտիկեան Յորդանանեան Ֆէյսալիի խումբին հետ նշանակեց երկու կոլ: Մարտիկին շնորհիւ խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ճարաթի կազմին:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տարեշրջանը աւարտելէ երկու շաբաթ առաջ յստակացաւ, որ Հալէպի Հուրիէն յառաջիկայ տարի մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան: Իթթիհատը անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթանակ արձանագրել՝ 0-0 հաւասարութեամբ աւարտելով Ճապլէի հետ իր մրցումը: Աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող Թիմրին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուրճուլան, իսկ Ճէյշը 3-2 արդիւնքով՝ Շըրթան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԲԱԺԱԿԻՆ
Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Խոսէ Կուարտիոլա իր մարզական կեանքի ընթացքին յաջողեցաւ ձեռք ձգել 30-րդ տիտղոսը՝ նուաճելով անգլիական լիկայի գաւաթի խաղարկութեան ախոյեանութիւնը, աւարտական մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լոնտոնի Թոթենհամը: Ասիկա  4-րդ անգամն է, որ Սիթին յաջորդաբար ձեռք կը ձգէ սոյն կոչումը: 50-տարեկան մասնագէտը  14 տիտղոս նուաճած  է Պարսելոնայի, 7 տիտղոս՝ Միունեխի եւ 9 տիտղոս՝ Մանչեսթըր Սիթիի հետ։ «Ուրախ ենք, որ չորրորդ անգամ ըլլալով անընդմէջ յաղթեցինք։ Մենք կը ձգտէինք յաղթանակի եւ շատ առիթներ ստեղծեցինք անոր հասնելու համար։ Հրաշալի է, որ 30-րդ տիտղոսս նուաճեցի։ Ես աշխատած եմ մեծ ակումբներու հետ», BBC-ին ըսաւ Կուարտիոլա։ Աւելցնենք, որ Մանչեսթըր Սիթիի հետ Կուարտիոլան նուաճած է նաեւ Անգլիոյ երկու ախոյեանական տիտղոս, երկու սուփեր գաւաթ եւ մէկ անգամ տիրացած է Անգլիոյ գաւաթին:
ՆԱՏԱԼ ՏԻՐԱՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Սպանացի արհեստավարժ թենիս խաղացող Ռաֆայէլ Նատալ նուաճեց Պարսելոնայի ATP 500 մրցաշարքի տիտղոսը։ Եզրափակիչ հանդիպումին  աշխարհի երրորդ խաղացողը մրցակից ունեցաւ յոյն Ստեֆանոս Ցիցիպասը,  եւ յաղթեց   6-4, 6-7 (6-8), 7-5 արդիւնքով։ Պայքարը տեւեց 3 ժամ 38 վայրկեան:
Նատալ 12-րդ անգամ նուաճեց Պարսելոնայի մրցաշարքի տիտղոսը եւ ստացաւ 178 հազար եւրօ մրցանակային գումար։ Սա 87-րդ տիտղոսն է որ ան նուաճեց իր մարզական կեանքին ընթացքին:
Այս յաղթանակին շնորհիւ Նատալ ATP դասակարգման աղիւսակի երկրորդ դիրքին հասաւ:
ՀԱՅՐԵՆԻ ՀԻՆԳ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿՆԵՐ
ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլին զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչներն են՝ Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան եւ Արմէն Պետրոսեան:
Մարզական աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի հաւաքականի գըլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան Էլֆիկ Նազարեանին հետ պիտի ըլլայ իրաւարարներու կազմին մէջ:
Խումբը  պիտի գլխաւորէ Պալի մէջ մարզիչ Հայկ Նազարեանը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ