Երկուշաբթի, 3 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Սահմանադրական Բարձրագոյն Դատարանը յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած 51 թեկնածուներէն 3-ը ընդունեց, իսկ մնացած 48 թեկնածուները մերժուեցան, որովհետեւ իրենց տուեալները համապատասխան չեն օրինական եւ սահմանադրական նախապայմաններուն։ Սուրիոյ Սահմանադրական Բարձրագոյն Դատարանի նախագահ Մուհամմէտ Ճիհատ Լահհամ այսօր առաւօտեան գոյացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ դատարանը ընդունեց Ապտալլա Սալլում Ապտալլայի, Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատի եւ Մահմուտ Ահմէտ Մրաիի թեկնածութեան առաջադրանքները։ Լահհամ աւելցուց, որ մերժուած թեկնածուները կրնան դատարան բողոք ներկայացնել Երեքշաբթի, 4 Մայիսէն մինչեւ Ուրբաթ, 7 Մայիս 2021։