Երկուշաբթի, 3 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ այցելեց Հոմսի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող եւ աշխարհագրական կարեւոր դիրք գրաւող «Հասիա» արդիւնաբերական քաղաքի կարգ մը գործարանները, որոնցմէ մաս մը Սուրիոյ պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ հիմնուած են եւ կարեւոր դեր ունեցած են ազգային տնտեսութեան բարելաւման մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց արտադրութիւններով բաւարարած են սուրիական շուկային կարեւոր պահանջները։

Նախագահ Ասատ արդիւնաբերական քաղաքին մէջ շրջագայութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ գործարանատէրերուն եւ բանուորներուն հետ։ Անոնք զրուցեցին երկրի արտադրութեան գործընթացին, անոր կարիքներուն ապահովման եւ զարգացման միջոցներուն շուրջ։ Այս առիթով նախագահ Ասատ շեշտեց, որ երկրի տնտեսութեան յառաջընթացի կարեւոր գործօնը արտադրութեան զարգացումն է, ինչպէս նաեւ մարդկային ներուժի եւ գիտարուեստական փորձառութիւններու ներառումը այս գործընթացին մէջ։

Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ արտադրութիւն չունեցող երկիր մը անկախ երկիր ըլլալէ կը դադրի, իսկ պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ աշխատանքի ձեռնարկելը ոչ միայն պատիւ է, այլեւ երկրին պաշտպանութեան սատարող քայլ։