Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ) եւ «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ) մասնաճիւղերը հատելով աշխարհագրական տարածքները միասնաբար կազմակերպեցին Աշուղական ջերմ Երեկոյ մը։
Կիրակի, 3 Մայիսին Քեսապ ժամանեց Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի աշուղական համոյթը եւ քեսապահայութեան ծափողջոյններով բեմ բարձրանալով հրամցուց հայ աշուղական արուեստի գոհարներ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Մայիս Ա. համարով։