Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ), «Վահան Նաւասարդեան» (Լաթաքիա)  եւ «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ) մասնաճիւղերու գործակցութիւնը արդիւնաւորուեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Աշուղական համոյթին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ ունեցած շքեղ ելոյթներով, մեծաթիւ հանդիսականներու ներկայութեան։
Համոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի,  Շաբաթ, 1 Մայիս 2021-ին, Լաթաքիոյ մէջ, իսկ Կիրակի, 2 Մայիս 2021-ին Քեսապի մէջ  ներկայացուց աշուղական արուեստի գոհարներ՝ նուագախումբին եւ մենակատարներուն բարձրորակ կատարողութեամբ։
Համերգներու աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան եւ գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերէն երեքին գործակցութիւնը, որուն արդիւնքով իրականութիւն դարձաւ այս ձեռնարկը: Ան գնահատեց նաեւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն ու արուեստագէտները:
Անոր համաձայն, համոյթը արհեստավարժ խումբի որակ նուաճած է եւ յաջողած բարդ երգեր ներկայացնել ներդաշնակ կատարումով, մենակատարներու տպաւորիչ ու հարազատ երգեցողութեամբ:
Ապա Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութիւններուն, համոյթի անդամներուն եւ հանդիսականներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ պատերազմի պայմաններուն բերումով, տարիներու բացակայութենէ ետք, հատել աշխարհագրական հեռաւորութիւնները եւ գործակցաբար հայ աշուղական արուեստի գեղեցիկ խճանկար մը հրամցնել մեր ժողովուրդին:
Լաթաքիոյ մէջ խօսք առաւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին՝ վեր առնելով մշակութային ձեռնարկներուն կարեւորութիւնը լաթաքիահայ կեանքէն ներս:
Լաթաքիոյ մէջ համերգին ներկայ էին նաեւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Համազգայինի երկու մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչները:
Միւս կողմէ, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան բարձր գնահատեց համազգայնականներու եռանդն ու գործակցութիւնը, դիտել տալով որ համոյթին Հալէպէն Քեսապ ժամանումին եւ հաճելի յայտագիր մը հրամցնելուն շնորհիւ քեսապահայութիւնը բերկրալի պահեր ապրեցաւ:
Համերգին ներկայ էին նաեւ Քեսապի գիւղապետը, հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները եւ երեք մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչները: