Թատերական ներկայացումները միշտ ալ սպասուած են հալէպահայ հանդիսատեսին կողմէ, որովհետեւ անոնք բեմ կը հանեն մեր ճշմարիտ կեանքը եւ մարդիկ՝ իրենց բոլոր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Բեմին վրայ յաճախ կը գտնենք մենք զմեզ կամ մեզ շրջապատող մարդոց տիպարներ եւ կուշտ ու կուռ կը ծիծաղինք բնաւորութեանց կամ թերի կողմերու նմանութիւնները տեսնելով: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Թատերական Միաւորի Մշակութային Յանձնախումբը այս անգամ հանդիսատեսին հրամցուց ծիծաղի երեկոյ մը՝ «Կըռ-կըռ Մարի» խորագիրով, որ տեղի ունեցաւ 1 եւ 2 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Արարատեան» սրահէն ներս: Ծիծաղի երեկոներուն պատրաստութիւնը որքան հաճելի էր, նոյնքան ալ դժուար: Դժուար է մարդոց ծիծաղը շարժել, որովհետեւ սա կը պահանջէ անկեղծութիւն եւ դերի կատարեալ իւրացում: Մեր նպատակն էր՝ ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնել քանի մը ժամ, բոլորս ալ պէտք ունէինք խնդալու, զուարճանալու, որովհետեւ այս շրջանին բաւական դժուար պայմաններէ անցանք եւ կ’անցնինք: Կըռ-կըռ Մարիին հեղինակն ու բեմադրիչն էր Սարին Հայրապետեանը: Ան նիւթը քաղած էր առօրեայ մեր կեանքէն, շատախօս կնկայ մը տիպարը ընտրելով: Բոլորը կը սպասէին ելոյթին օրուան՝ ծանօթանալու կըռ-կըռ Մարիին ու անոր պատմութեան: Իւրաքանչիւրը պատկերացում մը ունէր, մէկը կը նախատեսէր պարաւ մը տեսնել բեմին վրայ, միւսը շատախօս երիտասարդուհի մը, սակայն, ի զարմանս բոլորին, բեմ բարձրացաւ երիտասարդ տղայ մը կնկայ հագուստներով ծպտուած: Այո՛, զարմանալի էր եւ տարօրինակ, բայց ծիծաղի երեկոներուն համն ու հոտը անակնկալներն են չէ՞: Նիւթը հետաքրքրական էր, տարբեր՝ մեզի ծանօթ ծիծաղի երեկոներուն մատուցուած նիւթերէն: Մարիին թոռնիկը՝ Սողոմոնը, վերջնականապէս վերադարձած էր Հալէպ, իր հայրն ու մայրը Քանատա ձգելով: Մարին ամուսնացած էր Բաբգէնին հետ, ու երեքը միասին կ’ապրէին մէկ տան մէջ: Մարին ու Բաբգէնը Սողոմոնին կը պատմէին ծերութեան տարիքի իրենց ամուսնութեան մասին: Մարին բոլոր հարցերուն լուծումներ կը գտնէր եւ կը կառավարէր տունը: Հետագային, երբ Մարիին տղան ու հարսը՝ Գօգօն ու Սալբին, Քանատայէն վերադարձան, իրենց հետ բերելով սպասուհի մը, Մարին էր որ գիտցաւ թէ ան ոճրագործ մըն է եւ անձայն կը կողոպտէ իր ընտանիքը: Երկու ժամ տեւող յայտագիրը քրքիջներով լեցուց սրահը: Միաւորի անդամները 2 ամիս մեծ թափով աշխատած ու պատրաստած էին այս ներկայացումը՝ ստանալով մասնագիտական ցուցմունքներ: Բոլորը մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ, ինչ որ կը հաստատէր, թէ երեկոն իր նպատակը արդարացուցած էր: Թատերական հարթակին վրայ նոր սերունդ մը նոր աշխատանքներով կը ներկայանայ երկրորդ անգամ ըլլալով: Թող այս սերունդը յաջողութիւն գտնէ ու թատերական այնքան կարեւոր արուեստը կենդանի պահէ մշակութային մեր կեանքին մէջ:
Անժելա Չաղլասեան