Նախորդ սիւնակին մէջ, կանգ առինք նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան ստեղծած դրական արձագանգին եւ հորիզոններուն վրայ, սակայն նաեւ տեղ մը արձանագրեցինք, որ մեր գոհունակութիւնը անխառն չէ:
Բացատրենք քանի մը օրինակով, եւ սկսինք նոյնինքն Պայտընի յայտարարութեան մէկ տողէն:
Եթէ իր ամբողջութեանը մէջ յայտարարութիւնը դրական նկատենք, չենք կրնար անտեսել այն քանի մը բառերը, ուր նախագահը կ’ըսէ, թէ այս բոլորը «մեղադրանք նետելու նպատակով չենք ըներ»: Այս քանի մը տողերը, ամերիկեան բառամթերքով, ձեւով մը «սեփական ոտքին կրակելու» համ մը թողուց մեր քիմքին: Փաստօրէն, Պայտըն չի վարանիր յայտարարելու, որ Թուրքիոյ պետութիւնը կազմակերպուած ոճիր մը, ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ գործած է, բառացիօրէն կ’ամբաստանէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, յետոյ կ’աւելցնէ, թէ… մէկը մեղադրելու դիտաւորութիւն չունի: Սա կը նմանի մարդասպան ոճրագործի մը դատավարութեան. ոստիկան մը հետապնդած ու ձերբակալած է ոճրագործ մը, դատարանին մէջ բոլոր կասկածները փարատած են անոր արարքին մասին, դատակազմը զայն միաձայնութեամբ յանցաւոր կը հռչակէ, դատաւորն ալ կ’ընդունի, թէ ոճրագործը յանցաւոր է ու պէտք է դատապարտուի, սակայն յանկարծ անոր կ’ըսէ. «Այս դատավարութիւնը չսարքեցինք քեզ մեղադրելու համար…»: Ի՞նչ պիտի ընէ նման ոճրագործ մը, մանաւանդ եթէ ան կը կոչուի թուրք պետութիւն: Ուրախ-զուարթ դուրս պիտի գայ դատարանէն եւ պիտի որոճայ իր յաջորդ ոճիրը, պիտի սկսի որոնել նոր զոհեր:
Եւ ճիշդ ա՛յդ է որ ըրած է Թուրքիա՝ զինք դատապարտող, ցեղասպանի իր յանցանքը հաստատող բոլոր յայտարարութիւնները լսելէ եւ մորթին վրայ զգալէ ետք, երբ դատաւորները չեն առած յաջորդ բնական ու տրամաբանական քայլը՝ հաշիւ պահանջել անկէ, պահանջել՝ որ քաւէ իր յանցանքը, հատուցէ վնասները, այն բաժինը՝ որ հատուցելի է, այսինքն՝ հող ու նիւթական կորուստները: Եւ սակայն, ահա դատապարտող մը եւս՝ որ կը խուսանաւէ՝ «մեղադրելու չեմ ելած»ի տրամադրութեամբ:
Հայն ու ճակատագրակիցներ կը սպասեն, կը պահանջեն, որ արդար կեցուածքը կիսատ չմնայ, Պայտըն, Եւրոպա, աշխարհի մեծերն ու փոքրերը ձայնակցին հայուն եւ այլոց՝ արդար հատուցման պահանջին:
ԱՅԼ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐ
Պայտընի յայտարարութեան ստեղծած «կիսատ»ի տպաւորութիւնը ունի այլ ենթահողեր եւս, որոնք կրնան արհամարհելի սեպուիլ մեր կողմէ, սակայն կարելի չէ անտեսել իրականութիւնը:
Միջազգային մամուլի մէկէ աւելի մեկնաբաններ Պայտընի արդարամիտ յայտարարութիւնը դիտեցին-ներկայացուցին՝ Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութեանց վերջին տարիներու ելեւէջներու պրիսմակին ընդմէջէն. նոյնը եղաւ աւելի քան տարի մը առաջ, երբ ամերիկեան խորհըրդարանի երկու տուները որդեգրեցին Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւերը: Ըսուեցաւ եւ հիմա ալ կը կրկնուի, թէ Ուաշինկթըն վրդոված է Ռուսիոյ հետ բարեկամութիւն խաղալու, անկէ ռազմամթերք ստանալու Թուրքիոյ խաղերէն, այդ քայլերը կը նկատէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցի մը բնական վարմունքին անյարիր, հետեւաբար, անկախ Ցեղասպանութեան հարցէն՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ ժխտական վարմունքն ու սպառնալիքները կ’ապրին իրենց զարգացումը, եւ ատիկա տեղի կ’ունենայ զուգահեռաբար այն գիծին, որ դէպի նոր խորացում կը տանի Ուաշինկթըն-Մոսկուա (նաեւ այլ գիծերու վրայ) հակադրութիւնները: Այլ խօսքով, Ցեղասպանութեան ճանաչումի փաստը կը փորձուի պարպել իր բովանդակութենէն եւ զայն վերածել միջ-պետական հակադրութիւններու, պարանաձգութեան խաղերու մէկ օղակին:
Այս հաւանականութիւնը, ինչպէս նշեցինք, անտեսելի չէ, սակայն նաեւ ընդունելի չէ, որ հարցը դիտուի միայն այդ բովանդակութեան մէջ: Սա, ինքնին, ուսանելի կէտ է մեզի համար, այլ տեսակի մարտահրաւէր՝ մեր յառաջիկայ աշխատանքներուն, ի խնդիր ճշմարտութեան եւ արդարութեան անկաշկանդ հաստատման: Եւ թող սնանկ տեսութիւն չդիտուի, եթէ ըսենք, որ հայ քաղաքական միտքը շատ նուրբ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ, այսինքն՝ մեր իրաւունքներուն հետապնդումը ըստ կարելւոյն հեռու պահել միջ-պետական ու գերուժերու մրցակցութեան ազդեցութիւններէն: Սա անկարելի առաքելութիւն չէ, որովհետեւ մեր մարտավարութիւնը պէտք է հիմնուի նոյնինքն Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն, արդարութեան կողմնակից կանգնողներուն կեցուածքներուն վրայ: Ուաշինկթընէն առաջ, Մոսկուա, Փարիզ, Գերմանիա եւ այլ հզօրներ (այլապէս հակադրութեան դաշտեր ունեցողներ) այս կէտին շուրջ միաձայն են…
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԵՄ
Սա արդէն մեր քննարկումը կը հասցնէ այլ կարեւոր կէտի մը, որ առաւելաբար ՀԱՅԿԱԿԱՆ դիմագիծ ունի:
Նախ արձանագրենք անվիճելի փաստ մը. Պայտընի յայտարարութիւնը, ինչպէս ճանաչումի նախընթաց կեցուածքներ, յստակ փոփոխութիւն կը նշանակէ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան կեցուածքին մէջ բոլորովին անտեղի չեն այն վերապահութիւնները, թէ եղածին մէջ պէտք է տեսնել նաեւ «համաձայնուած վէճ մը»: Ու եթէ Ուաշինկթըն, իր խորհրդարանով եւ գործադիր իշխանութեամբ, մինչեւ իսկ ընդունինք թէ մատնանշուած հաշիւներով, նման փոփոխութիւն կը բերէ իր յայտարարուած կեցուածքին մէջ, մենք՝ հայերս, իբրեւ պետական իշխանութիւն, ինչո՞ւ մենք մեզի իրաւունքն ու մենաշնորհը չենք տար նման փոփոխութիւն բերելու: Փաստօրէն, 24 Ապրիլին, լրագրողներու հետ հարցազրոյցի մը պահուն, Հայաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար մը յայտարարեց, թէ «Թուրքիոյ հանդէպ Հայաստանի կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ, նախապայմաններու մօտեցումը ընդունելի չէ», իսկ սա յայտնապէս կը նշանակէ վերահաստատումը տասնամեակներու այն կեցուածքին, թէ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու բանակցութիւն բանալու Թուրքիոյ հետ: Այլ պաշտօնատարի մը մէկ արտայայտութիւնը ձեւով մը արձագանգ էր այս կեցուածքին եւ վերահաստատումը՝ Երեւանէն վերջերս շատ աւելի յաճախ հնչող այն մօտեցումին, թէ պէտք է Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան էջը բանանք, տնտեսական, առեւտրական գործակցութիւն սկսինք, ճամբաներու-երկաթուղիի վերաբացման համար աշխատինք (արդէն 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը ճշդած է շրջագիծը եւ գործի լծած՝ փոխ վարչապետներ):
Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ: Չվախնանք յայտարարելու, թէ Հայաստան չի կրնար առանց նախապայմանի բանակցութիւն-բարեկամութիւն խաղալ Թուրքիոյ հետ: Ցեղասպանութիւնը անհատոյց կը մնայ 106 տարիէ ի վեր, եթէ Պայտըն մեղադրելու տրամադրութիւն չունի, մենք կ’ընենք ու պէտք է ընենք աւելին: Ո՛չ միայն կրկնենք ու տարածենք Թուրքիոյ պետութեան դէմ մեր ամբաստանութիւնները, ձայնակիցներ ապահովենք մեր արդար դատին, այլ նաեւ նոր հայեցակէտով գծենք մեր իրաւունքներուն իրականացման ծրագիրները, ցանկերը:
Որովհետեւ՝
Ցեղասպանութիւնը միայն 106 տարուան պատմութիւն չունի, անիկա սկիզբ առած էր 1915-էն շատ առաջ, Օսմանեան իշխանութիւններու խտրական հալածանքներով, համիտեան բազմահանգրուան ջարդերով ու իթթիհատականներու Ատանայով եւ մասամբ նորին: Ցեղասպանութիւնը վերջ չգտաւ հանրապետական Թուրքիոյ հաստատումէն ետք, մօտաւորապէս դար մը առաջ, այլ շարունակուեցաւ Իզմիրի ջարդերով, կտրեց Տերսիմի ճակատումներու փուլերը՝ տասնամեակներու վրայ, հասաւ մինչեւ մեր օրերը. 44-օրեայ պատերազմը դեռ երէկ էր, երբ Թուրքիա բացայայտ կերպով մասնակից եղաւ Արցախի վրայ ազերիական յարձակումին, նոր հնարքներով ջարդերու, կիրարկման դնելով համաթուրանական իր հին ծրագիրները, որուն տարբեր օղակները կազմուած են Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ, ափրիկեան այլ երկիրներու մէջ, «Գորշ գայլեր»ու ժանիքները արիւն կը հեղուն Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ եւրոպական այլ ոստաններու մէջ, կը հասնին դէպի այլ ցամաքամասեր…
Մէկ խօսքով, Պայտընի յայտարարութիւնը նոր փաստաթուղթ մը կ’ընծայէ ի նպաստ Հայ Դատին, փաստաթուղթ՝ որ պէտք չէ մատնուի դարակը նետուելու, ճիտին պարտքը ըլլալու միայն Հայ Դատի գրասենեակներու գործիչներուն, պարզապէս վաւերագիր մը աւելցնելու մեր մատենադարաններուն մէջ: Կրկնենք, սա բաց հրաւէր է հայ քաղաքական միտքը, պետական կեցուածքն ու պետութեան կողքին եղողներուն աշխատանքը վերաձեւաւորելու, ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ մասնակից ըլլալու մեր քաղաքական նոր հորիզոններուն կերտումին, մեր Դատին ղեկը շատ աւելի ամուր ձեռքերով բռնելու: Պէտք է անցնինք անդին այն մօտեցումէն, որ կարծէք թէ մեր իրաւունքներուն հետապնդումը կատարենք այնպէս մը, որ կարծէք թէ կը խօսինք-կը վերաբերինք այլոց արդար դատի մը մասին: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ճակատագրակիցներն ու լծակիցները ԳՈՐԾԻ ԴԱՇՏ բերել՝ Թուրքիայէն գործնապէս հաշիւ ու հատուցում պահանջելու, պարտադրելո՛ւ կամքով:
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԱՅԼ
 «ԱՂՄՈՒԿՆԵՐ»
Պայտընի յայտարարութիւնը եւ յաջորդող օրերուն, լայն արձագանգ գտաւ միջազգային մամուլին ու քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ: Այդ դրական արձագանգները (Թուրքիա-Ատրպէյճանը միակ բացասականն էր) վաղը շուտով պիտի մարին եւ կորսուին աշխարհը օր աւուր յուզող «աղմուկներուն» մէջ: Միջազգային բեմի իրադարձութիւնները ունին մնայուն «ներկաներ», որոնք կը կոչուին Պսակաւոր ժահրի համաճարակ, գաղթականներու ողբերգութիւններ, Հոնկ Քոնկ, Ուքրանիա, մինչեւ իսկ Նաւալնի եւ… դէպի Հրատ կամ անջրպետ ուղեւորութիւններ: Օրը նոր՝ հրատապ հարցերը՝ նոր: Սուրիան, Իրաքը, Իրանն ու Եմէնն իսկ մերթ ընդ մերթ կը կորսուին իրական կամ շինծու փոթորիկներու ալիքներուն տակ…: Մեր նաւուն ճակատագիրը, մեր ձեռք բերած նուաճումներուն զարգացումը առաւելաբար կախեալ է մեր կամքէն, կը յենու մեր ձեռքերուն:
Եւ յանկարծ… վարչապետ Նիկիոլ Փաշինեան Կիրակի, 25 Ապրիլին, առաւ ամիսներէ ի վեր սպասուող քայլը, յայտարարեց իր հրաժարականը, որ անմիջապէս ստացաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի վաւերացումը: Սա պաշտօնապէս կը բանայ այն գործընթացը, որ պիտի տանի դէպի խորհրդարանի լուծարքն ու նոր ընտրութիւններ, այսինքն, Հայաստանի քաղաքական կեանքը, գլուխէն մինչեւ ոտքի մատներուն եղունգները պիտի մխրճէ ընտրապայքարի… ոլորապտոյտին մէջ:
Նպատակ չունինք այս սիւնակին մէջ ընտրական թղթածրարներուն քննարկումը կատարելու: Այդ մասին ամիսներէ ի վեր բաւական մելան կը հոսի, ասելի ու անասելի, արդար ու անտեղի մեկնաբանութիւններ կը կատարուին: Սակայն կ’ուզենք արձանագրել արդար մտահոգութիւն մը (եւ թող կասկած չյարուցուի, թէ նման մտահոգութիւն անտեղի է ու անժամանակ): Մեր Դատին, իր հին որ նոր երեսներով մեր իրաւունքներուն լուսանցքայնացումը «սեփական ոտքին կրակելու» համազօր պիտի ըլլայ, եթէ 106-ամեակին առիթով ստեղծուած դրական մեծ ու փոքր ալիքները կորստեան մատնուին, լուսանցքայնացուին ընտրապայքարի «աղմուկ»ին հետեւանքով: 100-ամեակին ու յաջորդած փուլի ձեռքբերումները 2018-էն ի վեր ծանօթ պատճառներով իրողական նահանջներու մատնուեցան, առաջնային օրակարգ ըլլալու հանգամանքը տկարացաւ: Այսօր, երբ Պայտընի յայտարարութիւնը վերստին կը միացնէ մեր ձայներն ու նոր ենթահող կը բերէ մեր ձեռքերուն (կը տեսնե՞նք այս բոլորը), պէտք է նաեւ գիտակցութիւնն ու հասունութիւնը ունենանք ներքին քաղաքական հակամարտութիւնները ԱՆՋԱՏԵԼՈՒ մեր Դատի դաշտէն, նոյնինքն Ցեղասպանութեան հարցն ու Արցախի մեծ մասին կորուստը պէտք է կամուրջ դառնան բոլոր կողմերուն միջեւ գերագոյն նպատակներու՝ Հայ Դատի հետապնդման, մեր հայրենիքի անվտանգութեան, բանակին ու պետութեան միւս հիմնաքարերուն վերամրացման, իբրեւ Ազգ-Պետութիւն յառաջ շարժելու:
Ծանօթ երգին բառերը միայն զգացական արտայայտութեան բովանդակութեամբ չընկալենք, այլ զայն վերածենք քաղաքական վարքագիծի, իրագործելի գործնական ծրագիրի.
«Հսկայ երկիր էր Հայաստանը մեր,
Բայց ինչքան ասես՝ թշնամի ունէր…
«…Հայե՛ր, միացէ՛ք, միացէ՛ք, հայե՛ր,
Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք,
Դեռ Ճամբայ ունինք, պիտ’ հասնինք Սասուն,
Քաջերի հողը մեզ է սպասում»:
«…Ուս-ուսի տուած, առիւծի նման,
Ետ բերենք հողն ու փառքը հայութեան»:
Ս. Մահսերէճեան