«Գան­ձա­սար» պար­բե­րա­բար կը հրա­տա­րա­կէ «Շնոր­հա­զարդ Ձեռ­քեր» խո­րագ­րով հար­ցազ­րոյց­նե­րու շարք մը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ձիր­քե­րով օժտ­ուած սուր­ի­ա­հա­յե­րու յու­շեր, պա­տում­ներ։
Կը հեռաձայնեմ իրեն, շու­տով կը պա­տաս­խա­նէ ու ժա­մադ­րու­թիւն կու տայ։ ժա­մադ­րութ­եան տէր՝ ըստ սո­վո­րու­թեան։ Ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը ան­ջատ­ուած ըլ­լա­լուն,  եր­րորդ յար­կէն սեւ կտա­ւէ դրա­մա­պա­նա­կի մը մէջ տե­ղադ­րած դրան բա­նա­լին վար կը նե­տէ։ Կը բարձ­րա­նամ աս­տի­ճան­նե­րէն վեր, տան դու­ռը բաց է, մօրս տա­րի­նե­րու ըն­կե­րու­հին ժպ­տուն եւ կո­կիկ հագ­ուած զիս կը դի­մա­ւո­րէ։ Ծնող­քիս բարեկամ ըն­տա­նի­քի մը տունն եմ։  Երբ փոքր էի, յա­ճախ կու գա­յի եւ շատ հա­ճե­լի ժա­մեր կ’ան­ցը­նէի այս տան մէջ։ Իսկ ինք, որ­պէս աշ­խա­տա­սէր, խե­լա­ցի, կամ­քի տէր կին եւ մայր, զիս կը տպա­ւո­րէր յաճախ։
Քո­րո­նա­յէն զգու­շա­նա­լով մեր բռնցք­ուած ձեռ­քե­րը իրա­րու զար­նե­լով կը բա­րե­ւենք զի­րար։ Նախ կ’ուղղ­ուինք դէ­պի նս­տա­սեն­եակ։ Սե­ղա­նը զար­դար­ուած է տպա­ծոյ գե­ղե­ցիկ ծած­կոց­նե­րով։ Տի­կին Ան­ժէ­լին գծագ­րու­թիւն­նե­րով զար­դար­ուած, գա­րուն բու­րող իւ­րա­յա­տուկ ծած­կոց­ներ կը զար­դա­րեն տան ամ­բողջ կա­հոյ­քը։ Սեն­եա­կին պա­տե­րը գրա­ւած են իր սի­րե­լի­նե­րուն՝ կո­ղա­կի­ցին, հար­սե­րուն, զա­ւակ­նե­րուն եւ եր­կու հրեշ­տա­կան­ման թոռ­նու­հի­նե­րուն պատ­կեր­նե­րը։
Երբ փորփ­րել կը փոր­ձեմ տի­կին Ան­ժէ­լին ծնող­նե­րուն անց­եա­լը, ժպիտ մը կը սա­հի դէմ­քին վրայ, պահ մը կը յի­շէ իր հայրն ու մայ­րը, որոնք իր ծնուն­դին ու­րա­խու­թիւնը հիւ­մո­րով մըն ալ հա­մե­մած էին.
-Սի­րա՛ն, ես մե­լէք Եա­գու­պին, կամ ըս­թէզ Եա­գու­պին եւ Պի­աթ­րի­սին դուստրն եմ։ Ծնողքս երրորդ զա­ւա­կը աղ­ջիկ ըլ­լա­լուն շատ ու­րա­խա­ցած է։ Այն աս­տի­ճան, որ հայրս ծնուն­դէս ան­մի­ջա­պէս ետք,  ու­րա­խու­թե­նէն անզ­գա­լա­բար ու­զած է դայ­եա­կը համ­բու­րել, բայց մայրս չնե­ղաց­նե­լու հա­մար զսպ­ուած է, ապա  ու­րա­խու­թեամբ բա­ցա­գան­չած՝ «մա­մաս ծնա՜ւ, մա­մաս ծնա՜ւ». այ­սինքն՝ մօ­րը անու­նը կրո­ղը ծնած էր վեր­ջա­պէս։ Ինչ որ է…  (վեր­ջին այս նա­խա­դա­սու­թիւնը յա­ճախ կ’ար­տա­սա­նէր Ան­ժէլ թան­թի­կը, երբ նիւ­թէ-նիւթ ցատ­կել ու­զեր)։
-Նախ­քա՞ն 1915-ի գաղթը ձեր մեծ հայ­րե­րը հաս­տատ­ուած են Հա­լէպ,- կը հարց­նեմ՝ փոր­ձե­լով անոր ար­մատ­նե­րուն հաս­նիլ։
-Այո՛, մօ­րե­նա­կան մեծ հայրս 1900-ական­նե­րու սկիզ­բը Հա­լէպ եկած է, օճա­ռի ար­տադ­րու­թեան գործարան մը հիմ­նած եւ երկ­յար­կա­նի շէնք մը կա­ռու­ցած է։ Երբ որե­ւէ հայ գաղ­թա­կան Հա­լէպ հաս­նէր, մեծ հօրս տու­նը կ’ապաս­տա­նէր։ Հան­րա­ծա­նօթ ըն­տա­նիք­ներ եկած եւ հոս­կէ շա­րու­նա­կած են իրենց ճամ­բան դէ­պի Լի­բա­նան եւ այլ գաղ­թօ­ճախ­ներ։  Մեծ հայրս նա­եւ «Մա­րա­թա» թեր­թին մէջ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ կը գրէր։ «Դրախ­տին մէջ ծա­ղիկ­ներ կան, որոնց բոյրն ու թոյ­րը…»  եւ այլն, աւե­լին այժմ չեմ յի­շեր, քանի որ ան թր­քե­րէ­նով կը գրէր։ Բո­լո­րին վս­տա­հու­թիւնը շա­հած անձ­նա­ւո­րու­թիւն էր։
Շա­րու­նա­կե­լով իր հե­տաքրք­րա­կան պա­տու­մը կ’աւելց­նէ.
-Ամե­րիկ­եան քո­լէճ յա­ճա­խած եմ։ Աւար­տե­լէս մէկ տա­րի ետք, պե­տա­կան պրո­վէի եւ պա­քա­լոր­իա­յի օրէն­քը գոր­ծադր­ուե­ցաւ…։ Արա­բե­րէ­նը լա­ւա­պէս իւ­րա­ցու­ցած էի, յա­ճախ արա­բե­րէն շա­րադ­րու­թիւն­նե­րուս մէջ ըմ Քել­սու­մի եր­գե­րու տո­ղե­րէն մէջ­բե­րում­ներ կ’ընէի, իսկ  արա­բե­րէ­նի ու­սու­ցի­չը կը գնա­հա­տէր շա­րադ­րու­թիւն­ներս։ Անգ­լե­րէ­նին ալ տի­րա­պե­տած էի շնոր­հիւ մեր դպ­րո­ցէն ներս ու­սու­ցուող աղօթք­նե­րուն եւ զա­նա­զան  դա­սա­նիւ­թե­րուն։ Իսկ հա­յե­րէ­նի մեր ու­սու­ցիչն էր Արփ­ի­ար Գա­րա­մարտ­եա­նը։ Աւար­տե­լէս ան­մի­ջա­պէս ետք Ազգ. Սա­հակ­եան վար­ժա­րա­նէն ներս պաշ­տօ­նա­վա­րե­ցի որ­պէս արա­բե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի։
Կա­տա­կով մը, այս օրե­րու տըն­տե­սա­կան պայ­ման­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տու­թիւն մը ընե­լու հա­մար կը հարց­նեմ,- Իսկ ամ­սա­կանդ որքա՞ն էր, Ան­ժէ՛լ թան­թիկ։
Խն­դա­լով կը յի­շէ,- 125 ս. ոս­կի։ Գի­տե՞ս, Սի­րա՛ն, քա­նի՞ զոյգ կօ­շիկ կը գնէի այդ գու­մա­րով։
Կուշտ ու կուռ կը խն­դանք՝ բաղդա­տա­կան­ներ դնե­լով այս օրե­րու սղա­ճին հետ։
Ապա կը շա­րու­նա­կէ.
-Հա­ւա­տաց­եալ ըն­տա­նի­քի մը զա­ւակն էի։ Հայրս՝ աւե­տա­րա­նա­կան, իսկ մայրս՝ առա­քե­լա­կան հա­մայն­քին կը պատ­կա­նէ­ին։ Հայրս ար­դար բա­ժա­նում ըրած էր սա­կայն, ու ամէն Կի­րա­կի «Նախ՝ Տէր, ողորմ­եա՜, ետ­քը՝ միւս եկե­ղե­ցին» կ’ըսէր։ Եւ այս­պէս նախ հայ առա­քե­լա­կան Սր­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր եկե­ղե­ցի կ’եր­թա­յինք, որ­մէ ետք աւե­տա­րա­նական­նե­րու եկե­ղե­ցին։ Ես Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան Կի­րակ­նօր­եայ վար­ժա­րան ալ կը յա­ճա­խէի։
 Պար­գեւ ամմո­յին ինչ­պէ՞ս ծա­նօ­թա­ցար,- կը յանդգ­նիմ հարց­նել՝ ամու­սի­նին ակ­նար­կե­լով։
-Այդ օրե­րուն հօրդ նման միութ­ե­նա­կան տղաք  յա­ճախ ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ­ին։ Յա­կոբ եղ­բայրս եւ տի­կինն ալ այդ խում­բին կը մի­ա­նա­յին։ Խում­բի ան­դամ­նե­րուն մեծ մա­սը աշա­կերտ­նե­րուս ծնող­ներն էին, զիս ալ յա­ճախ կը հրա­ւի­րէ­ին։ Պար­գե­ւին այն­տեղ ծա­նօ­թա­ցած եմ, ըն­կեր­նե­րը կը քա­ջա­լե­րէ­ին զինք, որ ըն­տա­նիք կազ­մէ։ 1962-ին ամուս­նա­ցանք։ Յա­ջորդ տա­րին զոյգ մը ման­չուկ աշ­խարհ բե­րի՝ Մի­սաքս եւ Վա­հէս։ Ստիպ­ուե­ցայ դպ­րո­ցի աշ­խա­տանքս թո­ղուլ եւ  ամ­բողջ ժա­մա­նակս յատ­կաց­նել տան գոր­ծե­րուն եւ զա­ւակ­նե­րուս դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան։ 1967-ին եր­րորդ մանչս՝ Ռաֆ­ֆիս աշ­խարհ եկաւ։
Տղաքս մեծ­ցան։ Իւ­րա­քան­չիւ­րը հե­տաքրք­րու­թիւն մը ու­նէր։ Մի­սաքս հօ­րը աջ բա­զուկն էր եւ տպագ­րութ­եան ար­հես­տին տի­րա­պե­տած էր քա­նի մը տարի­էն,  իսկ Վա­հէն եւ Ռաֆ­ֆին տար­բեր ար­հեստ­ներ եւ երգ ու երաժշ­տու­թիւն  կը նախընտ­րէ­ին։
Դուստր չու­նե­նա­լով, յա­ճախ անձամբ օգ­նու­թեան կը հաս­նէի ու կը հարս­տաց­նէի տպագ­րա­կան իրենց գոր­ծե­րուն որակն ու ճա­շա­կը։
Հե­տաքրք­րու­թիւնս առա­ջին ան­գամ արթն­ցաւ, երբ ըն­կե­րու­հիս  կեր­պա­սով պատ­ուած տուփ մը նուի­րեց ին­ծի։ Այդ տու­փին կեր­պա­սը տպագ­րա­կան հե­տաքրք­րա­կան ոճով մը բա­րե­զար­դե­ցի։ Այդ­պի­սով մուտք գոր­ծե­ցի տպագ­րա­կան գոր­ծի աս­պա­րէզ՝ տղուս եւ ամու­սի­նիս կող­քին։ Սկիզ­բը տու­նը կ’աշ­խա­տէ­ինք, բայց երբ նկա­տե­ցինք գոր­ծին յա­ջո­ղու­թիւնն ու ծա­ւա­լու­մը, աշ­խա­տա­նոց փո­խադր­ուե­ցանք եւ սկ­սանք ար­տադ­րել կտա­ւէ, կաշիէ եւ այլ նիւ­թե­րէ պատ­րաստ­ուած ծած­կոց­ներ եւ այլ գոր­ծա­ծա­կան իրեր։ Տղուս աջ բա­զու­կը դար­ձայ կարճ ժա­մա­նա­կի մը մէջ։ Կա­րողն ու ձե­ւո­ղը եւ շու­կա­յի գոր­ծե­րը հե­տապն­դո­ղը Մի­սաքն էր,  իսկ ես ճա­շակ տուողն ու կտո­րը ընտ­րողն էի առա­ւե­լա­բար։ Աշ­խա­տան­քը շատ հա­ճե­լի է։ Կի­նը խո­հա­նո­ցէն դուրս գա­լով մեծ ներդ­րում կր­նայ ու­նե­նալ իր ըն­տա­նի­քին։ Գոր­ծը գործ կը սոր­վեց­նէ։ Կը սկ­սիս նախ­նա­կան իրե­րով, ձե­ւե­րով, յե­տոյ աս­տի­ճա­նա­բար կը զար­գաց­նես աշ­խա­տանքդ ու ան­սահ­ման աշ­խարհ մը կը բաց­ուի դէմդ։
Օրի­նակ՝ կեր­պա­սը գնե­լէ ետք ար­դու­կով մը կեց­ուածք կու­ տա­յինք անոր։ Յե­տոյ նկա­տե­ցինք, որ ար­դու­կե­լը ժա­մա­նա­կի վատ­նում է եւ սկ­սանք կտո­րը ընտ­րել եւ յա­տուկ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու տալ, որ­պէս­զի իրենք ար­դու­կեն եւ պատ­րաստ ղըր­կեն։ Այս­պի­սով մեր աշ­խա­տան­քը դիւ­րա­ցաւ։
Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր ար­տադ­րան­քը յա­ջո­ղու­թիւն գտաւ, նոյ­նիսկ լի­բա­նան­եան շու­կայ ար­տած­ուե­ցաւ։ Պա­տե­րազ­մը, սա­կայն, տակ­նուվ­րայ ըրաւ ամէն բան… նախ ամու­սինս մա­հա­ցաւ, յե­տոյ Մի­սաքս զոհ­ուե­ցաւ։
 Տի­կին Ան­ժէլ խո­րունկ շունչ մը քա­շեց, ձեռ­քե­րը մի­աց­նե­լով  սր­տին տարաւ, փոր­ձեց զս­պել մայ­րա­կան ար­ցունք­նե­րը, ու դառ­նա­լով ին­ծի, գողտ­րիկ ժպի­տով մը փառք տուաւ Աս­տու­ծոյ։
-Սի­րա՛ն, թէ­եւ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու հան­դի­պե­ցանք, այն­ուա­մե­նայ­նիւ մարդ արա­րա­ծը պէտք չէ  անճըր­կի, պէտք է կր­կին ոտ­քի ել­լէ եւ քա­լել փոր­ձէ։ Ես կը հա­ւա­տամ ճա­կա­տագ­րին։ Գոհ եմ կեան­քէս, բախ­տա­ւոր եմ զա­ւակ­նե­րովս, հար­սե­րովս եւ շնոր­հա­լի թոռ­նու­հի­նե­րովս։ Փառք Աս­տու­ծոյ, որ ոտ­քի եմ, առողջ եմ եւ պատ­րաստ՝ աշ­խա­տե­լու եւ ծա­ռա­յե­լու։
Հոս կ’ու­զեմ աւելց­նել, որ մեր բո­լո­րին սի­րե­լի, աշ­խոյժ տիկ. Ան­ժէլ Պօշ­կե­զէն­եա­նը եր­կար տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն ու­նի նա­եւ հա­մայն­քի ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս։
Տա­րի­ներ շա­րու­նակ եղած է Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ։ Ծա­ռա­յած  է  ՍՕԽ-ի «Անի» Մաս­նա­ճիւ­ղէն ներս, նախ որ­պէս անդ­րա­նիկ վար­չա­կան կազ­մի ան­դամ, ապա նա­եւ ըն­կե­րա­յին եւ  դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ։  Ծա­ռա­յած է նա­եւ ՍՕԽ-Ազգ. Պատս­պա­րա­նէն, Ման­կամ­սու­րէն ներս եւ եղած է ՍՕԽ-ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ։ Իսկ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ տա­րի­ներ շա­րու­նակ եղած է Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ու­սում­նա­կան եւ 2005-էն սկս­եալ Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յութ­եան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ։ Եղած է նա­եւ ազ­գա­յին երես­փո­խան։
Տի­կին Ան­ժէլ կը պատ­մէ, թէ հա­կա­ռակ ծան­րա­բեռն­ուած ըլ­լա­լուն, չէր թե­րա­նար իր տան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։
-Առա­ւօտ կա­նուխ արթն­նա­լով հիւանդ մայրս կը խնա­մէի, յե­տոյ տան գոր­ծերս կÿաւար­տէի ու հա­ճոյ­քով միու­թե­նա­կան գոր­ծե­րուս կը վա­զէի։ Յա­ճախ կը փա­փա­քէի ար­տատ­նա­յին գործ մըն ալ ընել, այդ ցան­կու­թիւնս ալ իրա­կա­նա­ցաւ։ Մեր մի­ջա­վայ­րը ծաղ­կեց­նե­լու մէջ էա­կան է կնոջ դե­րը։ Նոր սե­րուն­դը ար­դէն իսկ այս իրո­ղու­թիւնը հա­մո­զում դար­ձու­ցած կը գոր­ծէ։
Տի­կին Ան­ժէլ իր պատ­րաս­տած գե­ղե­ցիկ ծած­կոց­նե­րով մաս­նակ­ցած է զա­նա­զան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, իր տղուն Վա­հէ­ին հետ, ի յի­շա­տակ իր հան­գուց­եալ զաւ­կին՝ Մի­սաք Պօշ­կե­զէն­եա­նին։
Որ­քա՜ն քա­ջա­լե­րե­լի են տի­կին Ան­ժէ­լին աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնն ու տա­ղան­դը, դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը չեն ընկր­կած զինք, ապ­րե­լու կամ­քը զօ­րա­ցու­ցած են պար­զա­պէս։
Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան