106 տա­րի­ներ ետք, աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւնը նոյն պա­հան­ջա­տի­րա­կան ոգի­ով, նոյն նպա­տա­կաս­լաց եր­թով, նոյն հաս­տա­տա­կա­մութ­եամբ կ’ոգե­կո­չէ 20-րդ դա­րու մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ամե­նա­բիրտ եւ սոս­կա­լի արար­քին՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Մեծ Եղեռ­նի տա­րե­լի­ցը:
Տա­րե­լից տա­րե­լի­ցի ետե­ւէ, քայ­լար­շաւ­ներ, կո­չեր, մամ­լոյ ասու­լիս­ներ, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծու­թիւն­ներ, աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րէ «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րի հաս­տատ­ման սպա­սում, միւս կող­մէ՝ մէ­կու­կէս միլի­ոն հա­յեր վայ­րա­գօ­րէն սպա­նած Թուրք­ի­ան կը մնայ պե­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­կամ եւ ՆԱ­ԹՕ-ի դաշ­նա­կից:
Այս իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ի տես հա­յը կր­նայ հի­աս­թա­փիլ կամ ընկճ­ուիլ։ Այո՛, գերհ­զօր պե­տու­թիւն­նե­րու դիր­քո­րո­շու­մը կր­նայ էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ պատ­մու­թեան ապա­գայ հո­լո­վոյ­թին վրայ, բայց նախ եւ առաջ մենք պէտք է ըն­կա­լենք ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որ­պէս Հա­յոց պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն դա­սը։ Այդ մե­ծա­գոյն դա­սին դրա­կան դր­սե­ւոր­ման լա­ւա­գոյն օրի­նա­կը ազ­գո­վին տե­սանք Սար­դա­րա­պա­տի եւ այլ ճա­կա­տա­մար­տե­րու ըն­թաց­քին, ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լով, որ հա­յը ու­նի ծրագ­րե­լու, պաշտ­պան­ուե­լու, կռ­ուե­լու եւ ար­եամբ իր հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու ու­նա­կու­թիւն:
Քա­ռորդ դար առաջ հայ­րե­նա­զուրկ էինք, վեր­ջա­պէս քա­ռորդ դար յե­տոյ իրա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ ոգե­ղէն երա­զանք մը, առանց ող­բի, մոր­թուող-զո­հի հո­գե­բա­նու­թեան կամ նեղ-ազ­գա­յին ան­զօ­րու­թեան։ Այդ հա­մա­հայ­կա­կան երա­զան­քը, որ մեզ յաղ­թո­ղի պսա­կին ար­ժա­նա­ցուց՝ ազատ, ան­կախ Հա­յաս­տանն էր:
Ար­ժա­նա­ցանք հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լու բախ­տո­րոշ երա­զան­քին, սա­կայն մեր յաղ­թա­կան եր­թի թա­գին ու պսա­կին հաս­նե­լու մի­ակ ճա­նա­պար­հը կը կա­յա­նայ՝ հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի հզօ­րաց­ման մէջ:
Եթէ մեր պատ­մու­թեան էջե­րը ու­սում­նա­սի­րենք, այն­տեղ պի­տի տես­նենք որ հայ ժո­ղո­վուր­դը իւ­րա­քան­չիւր դժ­բախտ պա­տա­հա­րէ ետք աւե­լի հզօր դուրս եկած է, եւ այդ մէ­կը պայ­մա­նա­ւոր­ուած է ազ­գա­յին զար­թօն­քով։ Աւե­լին. մեր պատ­մու­թեան ամէ­նէն լու­սա­ւոր դէմ­քե­րը պատ­րաս­տած են հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ տո­գոր­ուած սե­րունդ­ներ:
Ահա­ւա­սիկ 106 տա­րի­ներ ետք, պա­հը հա­սած է, որ­պէս­զի հայ ազ­գը ան­գամ մը եւս հա­մայն աշ­խար­հին ցոյց տայ իր կամ­քին ուժը, եւ նոր զար­թօն­քով հաս­նի իր ար­դար վրէ­ժին:
Կը գտն­ուինք աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան լուրջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դի­մաց. փո­փո­խու­թիւն­ներ, որոնք կր­նան սուղ ար­ժել մեր ար­տա­քին եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Այ­սու­հան­դերձ պէտք է ազ­գո­վին պատ­րաստ ըլ­լանք օգուտ­ներ քա­ղե­լու, եւ ո՛չ թէ նո­րա­նոր կո­րուստ­ներ ու­նե­նա­լու։ Այդ մէ­կը պէտք է զու­գորդ­ուի հա­մազ­գա­յին նոր զար­թօն­քով եւ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ: Այդ­պի­սի ռազ­մա­վա­րու­թիւն կ’իրա­գոր­ծենք նախ.-
Մեր յոյ­սը չդ­նե­լով այլ պե­տու­թիւն­նե­րու վրայ։
Դար մը առաջ մեր պե­տու­թեան ամէ­նէն խի­զախ եւ լու­սա­ւոր ան­ձե­րէն մին՝ Խրիմ­եան Հայ­րիկ ար­տա­սա­նեց «հա­րի­սա­յի կաթ­սա­յին եւ եր­կա­թէ շե­րե­փին» ճա­ռը, այն­տեղ ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լով, որ փր­կու­թեան ել­քը ազա­տագ­րա­կան զին­եալ պայ­քա­րին եւ մեր հզօ­րաց­ման մէջ է. իր բա­ռե­րով՝ «Ժո­ղո­վո՛ւրդ հա­յոց, ամէ­նէն առաջ քո ազա­տագ­րու­թեան յոյ­սը քո վրայ դիր, քո խել­քին եւ բա­զու­կին ուժ տուր, մարդ ինք­նիր­մէն պէտք է աշ­խա­տի որ փրկ­ուի»: Ահա­ւա­սիկ դար մը ետք սոյն խօս­քե­րը կը մնան ան­ժա­մա­նա­կավ­րէպ: Մեր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին յա­ջո­ղած ենք այն ժա­մա­նակ, երբ մեր յոյ­սը դրած ենք մեր հա­ւա­քա­կան ու­ժին վրայ:
Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ ի մաս­նա­ւո­րի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք Եկե­ղե­ցին եղած է, է եւ պի­տի մնայ մեր ժո­ղո­վուր­դին դարբ­նո­ցը, յոյ­սը եւ պայ­քա­րի ջա­հը վառ պա­հող Աստ­ուա­ծա­յին ու­ժը:
Ազ­գա­յին եկե­ղե­ցին ինք եղած է այն հի­մը, որ իր շուրջ հա­ւա­քած է իր զա­ւակ­նե­րը: Զա­ւակ­ներ, որոնք կա­րի­քը ու­նէ­ին բոյ­նի մը, բոյն մը, որուն մէջ պի­տի զօ­րա­նա­յին, պի­տի տո­գոր­ուէ­ին ազ­գա­յին ոգի­ով:
Ազ­գա­յին եկե­ղե­ցին միշտ իր կող­քին ու­նե­ցած է ազ­գա­յին դպ­րո­ցը, ակում­բը եւ այլ ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, ուր բո­լո­րը մի­աս­նա­բար մէկ բռունցք դառ­նա­լով պայ­քար մղած են եւ կը մղեն դա­ւա­ճան­նե­րու, ջար­դա­րար­նե­րու եւ բո­լոր անոնց դէմ, որոնք փոր­ձած են քան­դել հայ ժո­ղո­վուր­դին մի­աս­նա­կան կամքն ու ու­ժը:
Հարկ է յի­շել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին մղած պայ­քա­րի ջա­հը՝ որ­մով ան դատ բա­ցաւ Թուրք­իոյ դէմ, պա­հան­ջե­լով Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը: 2015 թուա­կա­նէն մին­չեւ օրս վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը լր­ջօ­րէն կը հե­տապն­դէ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ար­դար դա­տը: Ահա­ւա­սիկ այս է ազ­գա­յին եկե­ղեց­ւոյ նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւնը:
Մի­աս­նա­բար կա­ռու­ցենք ար­ժա­նա­վա­յել հայ­րե­նիք։
Մենք պար­տա­ւոր ենք ազ­գո­վին ծրագ­րել եւ գոր­ծի լծ­ուիլ ամուր հիմ­քե­րու վրայ հաս­տա­տուն Հա­յաս­տա­նի կա­ռուց­ման եւ Հայ ազ­գի՝ Սփիւռ­քի մէջ եւ հայ­րե­նի­քի, ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման ապա­գայ ծրա­գի­րին հա­մար: Բո­լորս ալ իրա­ւունք ու­նինք ար­ժա­նա­վա­յել հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լու: Բո­լորս ալ իրա­ւունք ու­նինք մար­դա­վա­յել կեան­քով ապ­րե­լու բուռ մը հո­ղի վրայ, որ ժա­ռան­գած ենք մեր նա­խա­հայ­րե­րէն: Բո­լորս ալ իրա­ւունք ու­նինք ժո­ղովր­դա­վար, ան­շա­հախն­դիր, ազ­նիւ եւ թա­փան­ցիկ պե­տա­կա­նու­թեան զա­ւակ­նե­րը ըլ­լա­լու: Բո­լորս ալ իրա­ւունք ու­նինք հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող ար­հես­տա­վարժ, արդ­ի­ա­կան զէն­քե­րով զին­ուած հզօր բա­նակ ու­նե­նա­լու: Ի վեր­ջոյ բո­լորս ալ իրա­ւունք ու­նինք ազատ, բա­րե­կարգ եւ գե­ղե­ցիկ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ըլ­լա­լու:
Այս մտա­ծում­նե­րը խեն­թի մը երա­զանք­նե­րը չեն, այլ՝ իւ­րա­քան­չիւր բա­րե­խիղճ հա­յու իղձն ու փա­փա­քը, որուն կա­րե­լի է հաս­նիլ մի­աս­նա­կան ու­ժով ու կամ­քով:
Այս օրե­րուն ոչ ոք պէտք ու­նի մեզի, մենք ենք որ պէտք ու­նինք ի­րարու, մեր դա­տի պաշտ­պա­նու­թեան լու­ծը մե՛ր ճի­տին պարտքն է, ո՛չ՝ ու­րի­շին:
Պատ­րաս­տենք պա­հան­ջա­տէր նոր սե­րունդ մը՝ զին­ուած ու­սու­մով, գի­տու­թեամբ եւ տես­լա­կա­նով։
«Մեր փր­կու­թիւնը գի­տու­թիւնն ու լու­սա­ւո­րու­թիւնն են» կ’ըսէ Սի­մոն Զա­ւար­եան: Ինք­նու­րոյ­նու­թե­նէ զուրկ սփիւռք ու­նե­ցող ազ­գե­րը կ’են­թարկ­ուին հզօր ազ­գե­րու ազ­դե­ցու­թեան: Ուս­տի մենք մատ­ղաշ հո­գի­նե­րու մէջ սեր­մա­նենք ազ­գա­յին ապ­րում­ներ, յոյ­սեր, ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­թիւն, որ­պէս­զի այդ­պի­սով փա­րա­տենք ան­մե­ղե­դի նա­հան­ջին կոր­ծա­նա­րար գի­նար­բու­քը:
Մեր ար­ի­ա­սիրտ երի­տա­սարդ­նե­րը կը գոր­ծեն Հայ Դա­տի գրա­սեն­եակ­նե­րէն ներս, աշ­խա­տանք կը տա­նին ճանչց­նե­լու ջար­դա­րա­րին կա­տա­րած ահա­ւոր արար­քը հա­մայն աշ­խար­հին: Անոնց ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին հե­տե­ւան­քով նա­եւ Սուրի­ոյ Խորհր­դա­րա­նը ճանչ­ցաւ եւ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որուն հա­մար երախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայտ­նենք երկ­րիս վսե­մա­շուք նա­խա­գահ դոկ­տոր Պաշ­շար Հա­ֆէզ ալ Ասա­տին:
Բո­լորս հա­մար­ատու ենք պատ­մու­թեան առ­ջեւ, հաշ­ուե­տու ենք մեր մէ­կու­կէս միլի­ոն սր­բա­դաս­ուած նա­հա­տակ­նե­րուն եւ ապա­գայ նո­րափ­թիթ մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ: Այժմ սխա­լե­լու եւ կամ ան­հիմն անտ­րա­մա­բա­նա­կան քայ­լեր եւ որո­շում­ներ գո­յաց­նե­լու ժա­մա­նա­կը չէ, աննը­կա­տե­լի սխալ մը՝ եւ մենք կը յայտն­ուինք անել կա­ցու­թեան մէջ։ Ուս­տի պար­տա­ւոր ենք խո­րա­գէտ, դիւա­նա­գէտ եւ ներ­կայ դա­րու պա­հանջ­նե­րուն գի­տա­կից ըլ­լալ։ Զին­ուինք ար­հես­տա­վար­ժու­թեամբ եւ գի­տու­թեամբ, եւ տանք թշ­նամի­ին ար­ժա­նի հար­ուա­ծը՝ դառ­նա­լով հզօր պե­տու­թիւն, այն ատեն կր­նանք ակն­կա­լել ար­դա­րու­թիւնը, որ միշտ ու միշտ հզօ­րին կը պատ­կա­նի:
Այս է որ կը կա­տա­րէ Հայ եկե­ղե­ցին առա­ջին իսկ օրե­րէն: Վկայ՝ մեր մէ­կու­կէս միլի­ոն Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րը, վկայ՝ մեր Կո­մի­տաս­ներն ու Խրիմ­եան Հայ­րիկ­նե­րը եւ վկայ՝ ար­ի­ա­սիրտ երի­տա­սարդ­նե­րը:
Եկե­ղե­ցին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր դա­րա­ւոր առա­քե­լու­թեան կը գոր­ծէ եւ պի­տի գոր­ծէ յա­նուն մեր ազ­գի պատիւին, յա­նուն հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման, յա­նուն Հայ Դա­տին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան:
Սարգիս Սարգիսեան