Հա­մա­գու­մա­րը աւար­տած էր, եւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կա­մաց-կա­մաց կը վե­րա­դառ­նա­յին, որ­քան ալ մաս­նա­ւոր  սահ­մա­նա­փա­կում  նշա­նակ­ուած չըլ­լար անոնց կե­ցու­թեան: Աւե­լի կ’աճա­պա­րէ­ին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն ու Եւ­րո­պա­յէն եկող­նե­րը, մինչ արե­ւելք­ցի­ներս  քիչ մը կը տնտ­նա­յինք: Իսկ լի­բա­նան­ցի­ներս կը գտն­ուէ­ինք եր­կընտ­րան­քի մը առ­ջեւ. իմա­ցանք, որ Լի­բա­նա­նի օդա­կա­յա­նը վե­րա­բաց­ուած էր, եւ վե­րա­հաս­տատ­ուած էր օդա­նա­ւա­յին կա­պը Հա­յաս­տա­նի ու Լի­բա­նա­նի մի­ջեւ, սա­կայն, ինչ­պէս նկա­տել տուած եմ նա­խա­պէս, մեր ան­ցագ­րե­րը պաշ­տօ­նա­կան չէ­ին, այլ  տր­ուած էին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­ցած զօր. Մի­շել Աու­նի գրա­սեն­եա­կէն եւ կը կրէ­ին անոր ստո­րագ­րու­թիւնը, եւ ահա տա­րած­ուած էր ըսի-ըսաւ մը, թէ Պէյ­րու­թի օդա­կա­յա­նով վե­րա­դար­ձող ճամ­բոր­դող­նե­րը վար կը դր­ուէ­ին ներ­քին ապա­հո­վու­թեան ու­ժե­րու կող­մէ:
Ո՞վ եւ ինչ­պէ՞ս քա­ղած էր այս տե­ղե­կու­թիւնը,- յայտ­նի չէր,  բայց կ’ըսէ­ին…
Յա­մե­նայն դէպս, կան­խե­լու ի գին ըսեմ ինքս ալ, որ ես որո­շե­ցի Պէյ­րու­թի վրա­յով վե­րա­դառ­նալ՝ այն  տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ մեր պե­տու­թիւնը չէր կր­նար ըլ­լալ այն­քան մը դա­ժան, որ այդ ան­ցա­գի­րին պատ­ճա­ռով  հա­լա­ծէր իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, որոնք յա­ռա­ջա­ցած կա­ցու­թեան մէջ որե­ւէ յան­ցանք չու­նէ­ին: Եւ չէի խաբ­ուած. երբ օդա­նա­ւէն իջ­նե­լով ուղղ­ուե­ցայ դէ­պի մաք­սա­տան պաշ­տօն­եան, այս վեր­ջի­նը լայն ժպի­տով մը եւ շատ քա­ղա­քա­վար կն­քեց ան­ցա­գիրս եւ թե­լադ­րեց, որ փո­խեմ զայն հե­տա­գայ ճամ­բոր­դու­թեան նա­խօր­եա­կին: Այս­քան միայն:
Գա­լով ըն­կեր­նե­րուս, Եա­փուճ­եան ար­դէն պի­տի Կիպ­րոս՝ իր գոր­ծա­տե­ղին եր­թար, իսկ թէ ճիշդ ինչ­պէ՛ս վե­րա­դար­ձան միւս եր­կու­քը,- չեմ յի­շեր, որե­ւէ տպա­ւո­րու­թիւն չեմ պա­հած:
* * *
Այդ անո­րոշ օրե­րուն էր, երբ Հար­պոյ­եան առա­ջար­կեց հան­դի­պիլ Կա­պի կո­մի­տէ­ու­թեան գրա­սեն­եա­կը եւ հրա­ժեշտ  տալ  Կար­լէն Դալ­լաք­եա­նին:
Ու այդ­պէս ալ ըրինք:
Գրա­սեն­եա­կը շատ մօտ էր պան­դո­կին, հան­դի­պու­մը շատ սի­րա­լիր ան­ցաւ, եւ բաժն­ուե­ցանք՝ խոս­տա­նա­լով ամ­րապն­դել այս առի­թով հաս­տատ­ուած կա­պե­րը:
Ել­քի դրան հա­սեր էինք, երբ աջին, շատ նեղ տա­րա­ծու­թեան մը վրայ, սե­ղա­նին շուրջ նս­տած տե­սանք Ռո­մէն Կոզ­մոյ­եա­նը, որ մեր եկած ատեն այն­տեղ չէր գտն­ուեր: Մօ­տիկ անց­եա­լին ան Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­յին դես­պա­նա­տան հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի գոր­ծա­վարն էր: Ու­նե­ցաւ բա­ւա­կան եր­կար պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւն մը՝ շատ սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լով գա­ղու­թի բո­լոր խա­ւե­րուն հետ անխը­տիր եւ  ար­դա­րօ­րէն գնա­հատ­ուե­լով բո­լո­րէն:
Ես զինք չէի ճանչ­ցած նա­խա­պէս, սա­կայն Հար­պոյ­եան կը թուէր բա­ւա­կան մտեր­մա­ցած ըլ­լալ հե­տը, այդ­պէս կը թե­լադ­րէր անոնց անակն­կալ հան­դի­պու­մին եւ ող­ջա­գու­րու­մին որա­կը:
Շատ կարճ տե­ւեց այդ հան­դի­պու­մը, ու երբ կը բաժն­ուէ­ինք, Հար­պոյ­եան հար­ցուց, թէ որե­ւէ բան կ’ու­զէ յղել Լի­բա­նան կամ ստա­նալ ան­կէ…եւ ահա Կոզ­մոյ­եան տուաւ պա­տաս­խան մը, որ օրին ափ ի բե­րան ձգեց  զիս ու կը շա­րու­նա­կէ ապ­շեց­նել մին­չեւ  այ­սօր ալ.
-Կը խնդ­րեմ, որ շա­րու­նա­կէք  ընել այն­պէս, որ մե­րոնք (իմա՝ հա­յաս­տա­նաբ­նակ­նե­րը-ԱԵ) շա­րու­նա­կեն հա­ւա­տալ, թէ սփիւռ­քը իր 70.000 զին­եալ­նե­րով միշտ պատ­րաստ է պաշտ­պա­նել հայ­րե­նի­քը ամէն վտան­գի դէմ…
Ականջ­նե­րուս չէի հա­ւա­տար, ու երբ դուրս ելանք՝ դի­մե­ցի  ըն­կե­րոջս.
-Այս ի՞նչ պատ­մու­թիւն է, Կար­պի՛ս, ո՞ր զին­եալ­նե­րուն մա­սին կը խօ­սի:
-Այս­տեղ տա­րած­ուած է   անըմբռ­նե­լի  թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը, թէ սփիւռ­քը կը պա­հէ մին­չեւ ատամ­նե­րը զին­ուած 70.000 հա­շուող գաղտ­նի բա­նակ մը՝ Հա­յաս­տա­նի ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող որե­ւէ վտան­գի առ­թիւ մի­ջամ­տե­լու հա­մար:
Ու­րեմն Կոզ­մոյ­եան շատ լաւ կը ճանչ­նար նման ըսի-ըսա­ւի մը էու­թիւնը, այ­սու­հան­դերձ կը խնդ­րէր, որ սփիւռ­քը շա­րու­նա­կէ օրօ­րել  Հա­յաս­տա­նը այդ սին առաս­պե­լով: Ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս,- Աստ­ուած գի­տէ:
* * *
Հայ­րե­նիք այդ այ­ցե­լու­թեանս ու­նէի սր­տի պարտք մը, որ չէի կր­ցած հա­տու­ցել՝ միշտ փնտ­ռե­լով աւե­լի յար­մար առի­թը, որ մին­չեւ վերջ ալ չներ­կա­յա­ցաւ: Որո­շած էի ան­պայ­ման հան­դի­պիլ հայ­րե­նի լեզ­ուա­բան Վա­րագ Առա­քել­եա­նին, որուն աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը յափշ­տա­կեր էի, մաս­նա­ւո­րա­բար «Հա­յե­րէ­նի շա­րա­հիւ­սու­թիւնը»ի եր­կու ստ­ուար հա­տոր­նե­րը, որոնք բար­ձի գիրքս եղած էին եւ որոնց բո­վան­դա­կած գի­տե­լիք­նե­րուն մէջ հեշ­տա­գին կը դե­գե­րէի ըն­դեր­կար ու պի­տի շա­րու­նա­կէի դե­գե­րիլ, որով­հե­տեւ այն­քան  ճոխ է ան ու այն­քան առինք­նող: Իմ ինք­նուս գի­տե­լիք­նե­րուս հա­մեստ օժի­տի ձե­ւա­ւո­րու­մին մէջ շատ բան կը պար­տիմ  անոր բո­լոր գոր­ծե­րուն ու յատ­կա­պէս «Շա­րա­հիւ­սու­թիւն»ին: Եւ հի­մա առի­թը կը ներ­կա­յա­նար ան­ձամբ ճանչ­նա­լու հե­ղի­նա­կը:
Առա­ւօտ մըն էր, երբ ուղղ­ուե­ցայ  անոր աշ­խա­տա­վայ­րը, որ Լեզ­ուի ինս­տի­տուտն (հիմ­նարկ) էր, Անի հիւ­րա­նո­ցէն քա­նի մը քայլ ան­դին,  Աբով­եա­նի եւ Սա­յաթ-Նո­վա­յի հատ­ման ան­կիւ­նին վրայ: Բա­ւա­կան ըն­դար­ձակ ու բազ­մա­յարկ կա­ռոյց մը, որուն  մուտ­քին  հաս­տատ­ուած մե­տաղ­եայ ցու­ցա­նա­կը օգ­նեց,  որ կողմ­նո­րոշ­ուիմ, ու մտայ ներս: Հա­զիւ մտած՝ պէտք է բարձ­րա­նա­յի եր­կար սան­դուղ մը, որուն աջին, ըն­դար­ձակ բա­ցա­տի մը կեդ­րո­նը կը գտն­ուէր փոք­րիկ տա­ճար մը, մօ­տա­ւո­րա­պէս 5,5մ x 7,5մ չա­փե­րով միջ­նա­դար­եան գողտ­րիկ մա­տուռ մը, որ ու­նէր իր պատ­մու­թիւնը:
Ու­րեմն ան կը կոչ­ուէր Ս. Կա­թո­ղի­կէ, որ վե­րապ­րած էր 1930-ական թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­տա­րած նախ­ճի­րէն, որուն զոհ գա­ցած էին  բազ­մա­տասն­եակ  աղօ­թա­տե­ղի­ներ,- որոնց  կար­գին այս նոյն մա­տու­ռին կից գտ­նուող աւե­լի ծա­ւա­լուն  Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին,- հա­մայ­նա­վա­րու­թեան հա­կակ­րօն պայ­քա­րի ծի­րէն ներս: Կա­ռոյ­ցին  ճար­տա­րա­պե­տը իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ  յա­ջո­ղած էր բարձ­րա­դիր պա­րիսպ­նե­րով աչ­քե­րէ հե­ռու պա­հել  յա­րա­կից  տա­րած­քը ու խնա­յել մա­տու­ռի գո­յու­թեան:
* * *
Ան­կա­խու­թե­նէն ետք Լեզ­ուի ինս­տի­տու­տը հիմ­նա­յա­տակ  քանդ­ուե­ցաւ   պա­րիսպ­նե­րով մէկ­տեղ, ու իր լման ծա­ւա­լով ի յայտ եկաւ Ս. Կա­թո­ղի­կէն, որուն գո­յու­թեան շա­տեր ան­տեղ­եակ եղած են նա­խա­պէս, այն­քան լաւ թաքն­ուած էր ան:
Այդ կալ­ուա­ծը հե­տա­գա­յին դար­ձաւ սե­փա­կա­նու­թիւնը Ամե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սին,  որ մա­տու­ռին կից 2014-ին կա­ռու­ցել տուաւ շքեղ  տա­ճար մը՝ Ս. Ան­նան, «արդ­եամբ եւ ծա­խիւք» Հրայր Յով­նան­եա­նի, որուն կնոջ անու­նը կը կրէր ան: Նոյն տե­ղը կա­ռուց­ուե­ցաւ նա­եւ էջմ­ի­ած­նա­պատ­կան գե­ղա­կերտ շէնք մը, որ են­թադր­ուած էր իբ­րեւ  նս­տա­վայր ծա­ռա­յել կա­թո­ղի­կո­սին  եւ ուր  կը նա­խա­տես­ուէր կազ­մա­կեր­պել հո­գե­ւոր դա­սըն­թաց­քի լսա­րան­ներ:
Այս առ­թիւ  Աբով­եա­նի ու Սա­յաթ-Նո­վա­յի եզե­րած տա­րածք­նե­րը, որոնք հա­րա­ւէն ու արե­ւել­քէն մօ­տիկ անց­եա­լին  պարս­պա­պատ­ուած էին, ճիշդ որո­շու­մով  մը՝  մնա­ցին բո­լո­րո­վին ազատ, որով  զոյգ եկե­ղե­ցի­նե­րը իրենց լման ծա­ւա­լով կը դառ­նա­յին  տե­սա­նե­լի ու մատ­չե­լի  քովն­տի մայ­թե­րէն քա­լող­նե­րուն:
2017-ին աւե­լի քան ժամ մը ան­ցու­ցի այն­տեղ:
Ոչ մէկ հո­գե­ւո­րա­կան տե­սայ ու ոչ մէկ հո­գե­ւոր լսա­րա­նի ակա­նա­տես եղայ:
Նո­րա­կերտ եկե­ղե­ցին իր ծա­ւա­լով կլա­նած էր Ս. Կա­թո­ղի­կէն, որ լք­ուած ըլլալ կը թուէր, մինչ ին­քը՝ Ս. Ան­նան, բա­ւա­կան բա­նուկ էր, մնա­յուն ելեւ­մուտք ու­նէր. հա­ւա­տաց­եալ­ներ կը մտ­նէ­ին, մոմ կը վա­ռէ­ին, ծունկ մը աղօթք կ’ընէ­ին ու կ’ել­լէ­ին:
Ճար­տա­րա­պե­տա­կան սխալ յղա­ցու­մի զոհ գա­ցած էր մա­տու­ռը, որով­հե­տեւ Ս. Ան­նան բո­լո­րո­վին մօ­տիկ, հա­մար­եա՛ կից կա­ռուց­ուած ըլ­լա­լով  անոր՝  իր զանգ­ուա­ծով ճզ­մած էր զայն, որով ան կորսն­ցու­ցած է իր ինք­նու­թիւնը, ձե­ւով մը նսե­մա­ցած, լուծ­ուած, վէր­քի մը պէս խրած էր անոր կո­ղին: Թող որ Ս. Ան­նան, այ­լա­պէս  գե­ղե­ցիկ կա­ռոյց մը, իր կար­գին նսե­մա­ցած էր: Մինչ­դեռ եթէ բա­ւա­րար մի­ջոց տր­ուէր անոնց մի­ջեւ, մե­կու­սի՝ ան  շատ աւե­լի գրա­ւիչ ու ինք­նու­րոյն պի­տի դառ­նար ու պա­հէր այն վա­ղե­մի  խոր­հուրդն ու հմայ­քը, որ ու­նե­ցած էր, թէ­կուզ քո­ղա­ծա­ծուկ ու  քի­չե­րուն ծա­նօթ շր­ջա­պա­տին մէջ, ուր ինք առան­ձին կ’իշ­խէր իր հնու­թեամբ՝ իբ­րեւ հայ ճար­տա­րա­պե­տա­կան  ար­ուես­տի գո­հար­նե­րէն մէ­կը:
Այդ­պէ­սով պի­տի փրկ­ուած ըլ­լա­յին եր­կու կա­ռոյց­ներն ալ:
Արմենակ Եղիայեան