«Երկիր».-ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ ԱՄՆ քոնկրեսական, Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Քրիս Սմիթ կոչ ուղղած է 50 մլն ԱՄՆ տոլար տրամադրել Արցախի անվտանգային, բնակարանային, բուժօգնութեան, ենթակառուցուածքներու եւ այլ կարիքներուն համար:

Ներկայացուցիչներու պալատի Յատկացումներու Ենթայանձնաժողովի ղեկավարներուն ուղղուած նամակին մէջ Սմիթ յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 2020-ին ատրպէյճանական ուժերու կողմէն սանձազերծուած յարձակումներուն հետեւանքով, որոնց լայնօրէն կ’աջակցէր Թուրքիան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր մարդիկ մահացան եւ վիրաւորուեցան, հազարաւոր մարդիկ մնացին անօթեւան, ոչնչացուեցան կենսական ենթակառուցուածքներ: Ան ընդգծած է, որ առնուազն 50 մլն ԱՄՆ տոլարի մարդասիրական օգնութիւն  անհրաժեշտ է  տրամադրել Արցախին սնունդի, անվտանգութեան, բնակարաններու, բուժօգնութեան ապահովման եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնումի նպատակով:

Քոնկրեսականը դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէն սուրիացի վարձկանները Ատրպէյճան տեղափոխելու եւ անոնց հայերուն դէմ կռիւի մէջ օգտագործելու փաստը` ընդգծելով, որ պետական քարտուղարութիւնը համապատասխան գնահատական պէտք է տայ Արցախի դէմ թրքական կողմի գործողութիւններուն:

Ան  նաեւ յորդորած է վերականգնել «Ազատութեան Աջակցութեան Շարժում» 907-րդ ուղղումը, որ կը  սահմանափակէ Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութիւնը` նախատեսելով միայն մարդասիրական աջակցութիւն: Ան կ’ենթադրէ, որ ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանի կառավարութեան պէտք չէ աջակցութիւն տրամադրէ, որովհետեւ տակաւին այդ երկիրը քայլեր չէ ձեռնարկած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շրջափակումներն ու ուժի կիրառումի տարբերակները վերացնելու ուղղութեամբ: