ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԶԵՆԻԹ Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ հիւրընկալեց Լոքոմոթիւ Մոսկուան, 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Զենիթ ժամանակէն առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը՝ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 61 կէտ:
Այսպիսով, մարզիչ Սերկէյ Սեմաքի գլխաւորած կազմը, ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, 9 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ նոյնինքն Լոքոմոթիւի վրայ:
Զենիթ իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ռուսիոյ ախոյեան (2007, 2010, 2011-2012, 2014-2015, 2018-2019, 2019-2020, 2020-2021):
ՌՈՄԱՅԻ ԱՆՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Ֆութպոլի Իտալիոյ առաջնութեան 34-րդ խաղին, Հռոմի Ռոման հիւրընկալուելով 0-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Սամպթորիային դիմաց եւ զրկուեցաւ մրցաշրջանը լաւագոյն քառեակին մէջ աւարտելու կարելիութենէն: Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան Փաուլու Ֆոնսեքայի գըլխաւորած խումբի մեկնարկային կազմին հետ հանդէս եկաւ առանց փոխարինումի:
Սամպթորիան հանդիպման հաշիւը բացաւ առաջին խաղակէսի վերջին բաժինին ընթացքին՝ օգտուելով Ռոմայի պաշտպանութեան սխալէն: 45-րդ վայրկեանին ակնառու դարձաւ փորթուկալցի կիսապաշտպան Ատրիէն Սիլվան:
66-րդ վայրկեանին դաշտին տէրերը կրկնապատկեցին առաւելութիւնը: Արդիւնքը 2-0 դարձուց չեխ կիսապաշտպան Եագուպ Եանկտոն:
72-րդ վայրկեանին Ռոման ստացաւ 11 մեթրնոց հարուածի իրաւունք, սակայն պոսնիացի յարձակող Էտին Ջեկօն չկրցաւ անվրէպ հասցնել գնդակը:
Ռոման մրցումներու 6-րդ խաղին չորրորդ պարտութիւնը կրեց: Մայրաքաղաքային խումբը 55 կէտով 7-րդ տեղը գրաւեց, իսկ Սամպթորիան 45 կէտով 9-րդն է:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՍԷՆ ԶԱԽԱՐԵԱՆ ԿՐՆԱՅ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԵՒՐՕ-2020-ԻՆ
Eurostavka կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի Տինամոյի եւ ֆութպոլի Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականի 17-ամեայ կիսապաշտպան Արսէն Զախարեան ազգային խումբի կազմին մէջ կրնայ մասնակցիլ Եւրօ-2020-ին:
Ռուսիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ստանիսլաւ Չերչեսով կը սերտէ երիտասարդական խումբի 5 խաղացողներու ազգային խումբ հրաւիրելու տարբերակը: Անոնց կարգին է հայազգի Արսէն Զախարեան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ ընթացիկ առաջնութեան խաղերուն Արսէն Զախարեան Տինամոյի կազմին հետ մասնակցած է 11 հանդիպումներու, դարձած 2 կոլի ու 4 կոլային փոխանցման հեղինակ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ