«Երկիր».- Ատրպէյճանական AzerTac-ին թշնամի երկրի Մշակոյթի Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Մարիամ Կաֆարզատէն ըսած է, որ «Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած ազատագրուած տարածքներուն մէջ իրականացուող լայնածաւալ վերականգնման աշխատանքները, ներառեալ` վերականգնումն ու շինարարութիւնը Շուշիի մէջ, կ’իրականացուին նախնական ճարտարապետական ոճին համապատասխան` նպատակ ունենալով քաղաքը վերադարձնել իր պատմական տեսքին»: Անոր համաձայն, այդ աշխատանքներու ընթացքին մէջ է նաեւ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վերականգնումը. «Ինչպէս պատմութեան եւ մշակոյթի միւս բոլոր յուշարձանները, նոյնպէս ալ եկեղեցին պիտի վերականգնուի իր գեղարուեստական եւ գեղագիտական բնոյթին համապատասխան` հիմնուելով պատմական փաստաթուղթերու եւ արխիւային նիւթերու վրայ: Յուշարձանը պիտի վերականգնուի իր նախնական տեսքով»: Յիշենք, որ եկեղեցւոյ հին տեսքը` մինչեւ բարբարոս ատրպէյճանցիներու կողմէն քանդուիլը` հայկական քրիստոնէական գմբէթի տեսքով էր: Եկեղեցւոյ ամենահին նկարները կ’ապացուցեն այդ փաստը, սակայն ատրպէյճանցիները հիմնուած են 1910-ի քաղաքին մէջ հայերի կոտորածներէն վերջ վերափոխուած գմբէթի տեսքին վրայ: