«Երկիր».-Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը յայտարարութիւն տարածած է, ուր դատապարտած է Լաթվիոյ խորհրդարանի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ԹԱՄԺ-ը կը մերժէ եւ կը դատապարտէ Լաթվիոյ խորհրդարանի անօրինական, ապօրինի որոշումը 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն որակելու մասին: «Պատմական իրադարձութիւնները դատապարտելը եւ գնահատելը խորհրդարանի պարտականութիւնը չէ: Այս որոշումը անօրինական է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ Լաթվիոյ խորհրդարանը համապատասխան որոշում կայացուց 6 Մայիս 2021-ին : Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները դատապարտեցին Լաթվիոյ արդար որոշումը: