«Երկիր».-Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը անդրադարձած է ԱՄՆ պետքարտուղարութեան խօսնակ Նետ Պրայսի գրառումին եւ պետքարտուղարութեան դիրքորոշումը սխալ ու անխոհեմ համարած է:

«ԱՄՆ պետքարտուղարութեան խօսնակ Նետ Պրայս կը կրկնէ Իլհամ Ալիեւին. ան վստահաբար կը փոխանցէ Պաքուի պնդումը «Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ոչ գծանշուած հատուածի» մասին:

Ինչպէս նաեւ` պետական բաժինը կը կրկնէ այն կարծիքը, թէ հայ ռազմագերիները իրականութեան մէջ ոչ թէ ռազմագերիներ են, այլ աւելի շուտ «կալանաւորուածներ», որոնք դուրս կը  մնան միջազգային մարդասիրական պայմանագիրներու պաշտպանութենէն:

Նաեւ կրկնուած է պետական բաժինի կեղծ հաւասարակշռութիւնը` յարձակողական Ատրպէյճանին արհեստականօրէն հաւասարեցնելով Հայաստանին- Արցախին` յարձակումի թիրախին», ըսուած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ: