ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Շաբաթ օր Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը հանդիպումի հրաւիրեց սուրիական մամուլի ներկայացուցիչները,  որուն ընթացքին նախ յայտարարեց յառաջիկայ օրերուն Կազանի մէջ կայանալիք ուսումնամարզական հաւաքին թուականը, ապա՝ խաղացողներուն անունները: Հաւաքէն պիտի բացակային Ճորճի Նազարեանն ու Ռամի Մըրճանէն:
– Կիրակի օր Դամասկոս ժամանեց ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Նապիլ Մաալուլն ու իր օգնականները: Հաւաքականը Դամասկոսի մէջ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը, որուն պիտի մասնակցին արտասահմանի արհեստավարժ խաղացողներ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԱՐԱՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՑԱԿԻ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ
Երեւանի Արարատ խումբը 6-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Հայաստանի ֆութպոլի գաւաթը: Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած եզրափակիչ խաղին, Արարատի մրցակիցը դարձաւ 2019-ի գաւաթակիր Ալաշկերտը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆԸ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՒԼԻՆ ՊԻՏԻ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ
Կիրակի երեկոյեան միեւնոյն ժամուն տեղի ունեցան Սպանիոյ ախոյեանութեան բոլոր մրցումները: Աղիւսակին առաջին դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտը 2-1 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Օսաոնան: Աթլեթիքօն իր յաղթանակը կը պարտէր խումբի յարձակողական խաղացող Լուիս Սուարէզին, որ 88-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթութեան կոլը: Մատրիտի երկրորդ ներկայացուցիչ Ռէալ դարձեալ շարունակեց իր փայլուն խաղարկութիւնը՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլեթիքօ Պիլպաուը: Հանդիպումի միակ կոլը 68-րդ վայրկեանին նշանակեց պաշտպանողական խաղացող Նաչօն: Քաթալոնեական Պարսելոնան դուրս մնաց մրցակցութենէն 2-1 արդիւնքով զիջելով Սելթաֆիքոյին:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ԴԱՐՊԱՍԱՊԱՀԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿՈԼ ՄԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ
Անգլիոյ Լիվըրփուլ խումբի պրազիլցի դարպասապահ Ալիսոն Պէքըր Կիրակի օր նշանակեց խումբին յաղթանակի կոլը: Ախոյեանութեան 37-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Լիվըրփուլ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուեսթ Պրոմիչը: 90-րդ վայրկեանին, Ալիսոնը նշանակեց յաղթանակի կոլը: Աւելցնենք, որ Լիվըրփուլի պատմութեան մէջ, այս առաջին անգամն է, որ դարպասապահ մը կը յաջողի կոլ նշանակել, սակայն Անգլիոյ ախոյեանութեան ընթացքին նախապէս հինգ հետեւեալ դարպասապահները նշանակած են իրենց խումբերուն կոլերը՝ Փիթըր Շումայքըլ 2001, Պրատ Ֆրիտըլ 2004, Թօլ Ռինսըն 2007, Թիմ Հուարտ 2012 եւ Ասմիր Պիչովիչ 2013:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ