“Երկիր”._Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը «Իզվեստիա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ ՀԱՊԿ-ի դռները պէտք է բաց ըլլան բոլորին, նոյնիսկ Ատրպէյճանին համար։ Անտրէյ Ռուտենքոյի խօսքին համաձայն միակ բանը, որ կրնայ սահմանափակել անդամակցութիւնը, կազմակերպութեան կանոնադրութեան որոշակի դրոյթներն են, որոնց համաձայն՝ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնները պէտք է դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունենան իրարու հետ, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այժմ նման յարաբերութիւններ չկան: «Երբ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը հաստատուին, իսկ մենք յոյս ունինք, որ ուշ կամ կանուխ ան տեղի կ’ունենայ, հարցը կարելի կ՚ըլլայ քննարկել գործնական հարթութեան մէջ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը: